Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿի Երախտաւորները. Հրանդ Նագգաշեան

1921 Կէմէրէկ – 1991 Երուսաղէմ

 

Երախտաւոր Հրանդ Նագգաշեան ծնած է 1921ին Կէմէրէկ՝ Սեբաստիոյ շրջան, Ճիւան եւ Աննա Նագգաշեաններու համեստ յարկին տակ։ Եղեռնէն ճողոպրած ծնողաց երկու մանչերու կրտսերն էր Հրանդ. Եղբայրը՝ Սուքիաս, ծնած էր 1915ին, մեծ եղեռնի տարին։ Հրանդ ունեցած է նաեւ 4 քոյրեր։ Մանուկ տարիքին կը կորսնցնէ հայրը՝ Ճիւանը ու մայրը՝ Աննա իր 6 որբացած զաւակներով կը ստիպուի գաղթականութեան ճամբան բռնել ու ապաստանիլ Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, ապաւինելով վանականներու խնամքին։

Յատուկ կարգադրութեամբ Աննա Նագգաշեանը իր 6 զաւակներով, վանքի որբերուն հետ կը տարուի Պէյրութի Քէլէկեան որբանոցը։ Որբանոցէն ներս Հրանդ իրեն հասակակից այլ մանչերու հետ պիտի ստանար իր նախնական կրթութիւնը, ապա պատանի տարիքին կ՚ուղարկուի Կիպրոս, իր երկրորդական ուսումը շարունակելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս՝ աշակերտելով Վահան Թէքէեանի, Յակոբ Օշականի եւ Վահէ-Վահեանի։ Երախտաւոր Նագգաշեան նաեւ այս շրջանին մաս կը կազմէր հաստատութեան պասքէթպոլի խումբին, խաղընկեր ունենալով՝ Գերսամ Ահարոնեանը, Ասատուր Պետեանը, Հայկաշէն Ուզունեանը եւ Գրիգոր Կանիմեանը (յետագային բոլորն ալ պիտի դառնային իր գաղափարի ընկերները), իսկ խումբի մարզիչն էր Լեւոն Այվազեանը։ Հրանդը հազիւ 16 տարեկան կ՚աւարտէ Հաստատութեան երկրորդական բաժինը ու երկու տարուան շրջանի մը համար կը հետեւի Մելգոնեանի վարժապետանոցի դասընթացքներուն։ 1939ին Հաստատութեան տեսչութիւնը զինք կ՚ուղարկէ Լիբանան, ուր Հրանդ միանալով իր հարազատներուն, ուսուցչութեան պաշտօն պիտի ստանձնէր Բարեգործականի համար՝ Թրիփոլիի Նուպարեան վարժարանէն ներս, դասաւանդելով հայերէն լեզու։ Նուպարեան վարժարանէն ներս որպէս գործակից կը ծանօթանայ Հալէպէն ժամանած երախտաւոր Երուանդ Պապայեանին, որուն հետ յետագային պիտի գործակցի երկար տարիներ։ Նագգաշեանի ազգային գաղափարական հակումները որպէս երիտասարդ կը յարին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու Վահան Թէքէեանի կնքահայրութեամբ Հրանդը մուտք կը գործէ Ռամկավար կուսակցութեան շարքերը։

1941ին կը հրաւիրուի Պաղեստինի Եաֆա քաղաքը, ուր գոյութիւն ունէր փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը, ու հոն կը պաշտօնավարէ Ս. Գլխադիր վարժարանէն ներս, դասաւանդելով հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն (Մելգոնեանի մէջ ջութակի դասերու հետեւած էր)։ Աւելի ուշ Եաֆայի մէջ կը բանայ իր անձնական լուսանկարչատունը։ Նագգաշեան որպէս արուեստագէտ, ունէր յատուկ նկարչական ճաշակ, որ զինք տարիներու ընթացքին պիտի դարձնէր ճանաչուած։ Հանրածանօթ անձնաւորութիւններու իր լուսանկարները գնահատուած էին որպէս տպագրական լուսանկարներ, որոնց շարքին էին Վահան Թէքէեանը, Յակոբ Օշականը, Շահան Պէրպէրեանը։

Միջին Արեւելքի քաղաքական անկայուն վիճակը, 1948ին Պաղեստինի տարածքին վրայ ալ իր անդրադարձը պիտի ունենար։ Հրանդ այս անգամ կ՚որոշէ հաստատուիլ Կազա քաղաքը, ուր պիտի ունենար իր լուսանկարչատունը։ Այս շրջանին նաեւ Հրանդ պաշտօն կը ստանձնէ Միացեալ Ազգերու՝ UNRWA & UNEF բաժանմունքներուն համար ու իրեն առիթը կը ներկայանայ որպէս արուեստագէտ նկարելու Միացեալ Ազգերու ատենոյ յայտնի դէմքերը, ներառեալ ընդհանուր քարտուղար Տակ Համերշոլթը։

Բազմատաղանդ երախտաւորը հետզհետէ դարձած էր ճանաչուած արուեստագէտ ու լուսանկարիչ, ինչպէս նաեւ իր մէջ ունեցած սէրը հանդէպ հնութիւններու կը դարձնեն զինք հնագէտ մը Կազայի մէջ։ Իր գործերով ցուցահանդէսներու կը հրաւիրուի միջին արեւելեան զանազան գաղութներ, ինչպէս նաեւ մինչեւ Նիւ Եորք, ցուցադրելով երկու տարբեր հաւաքածոներ՝ առաջինը – գաղթականներու կեանքը Կազայի մէջ, իսկ երկրորդը – եգիպտական հին քաղաքակրթութենէ տեսարաններ։

Նագգաշեան հետզհետէ կը դառնայ մասնագէտ-հնագէտ դրամագիտութեան ու կ՚ընդարձակէ հայկական հին դրամներու իր հաւաքածոն։

1960ին կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ Արփինէ Սարգիսեանը, որ Եաֆայի մէջ եղած էր իր աշակերտուհին, ու անոնք կը բախտաւորուին մանչով մը՝ Սարօ եւ դուստրով մը՝ Անուշ։

1967ին հրեայ-արաբ բախումներուն որպէս հետեւանք, Հրանդ կ՚որոշէ վերջնականապէս հաստատուիլ Երուսաղէմ հրաւէրովը Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի, հակառակ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ եղած առաջարկին՝ մեկնելու Վիեննա։ Նագգաշեան կը դառնայ դաստիարակ-ուսուցիչ հայ գրականութեան ու ազգային պատմութեան Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս, իսկ կողակիցը Արփինէն ալ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանին համար։ Երկու տարի ետք՝ 1969ին ամերիկահայ բարերար՝ Տատուր Տատուրեանի կողմէ բացուած գիշերօթիկ վարժարանի պատասխանատուութիւնը կը յանձնուի Նագգաշեան ամոլին։ Տատուրեանի բարերարութեան շնորհիւ բացուած այս կրթարանը առաւելաբար պիտի ծառայէր Թուրքիայէն ժամանած հայ պատանիներու հայեցի կրթութեան, որոնք առհասարակ քրտախօս էին, ու որոնցմէ շատերը դարձան Ժառանգաւորացի սաներ, ու որոշ մաս մըն ալ ձեռնադրուեցան հոգեւորականներ՝ ծառայելու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ։

Երախտաւոր Նագգաշեանի արուեստագէտի, հնագէտի, լուսանկարիչի ու մանաւանդ դաստիարակի կոչումը, որպէս առինքնող նուիրեալ մը գաղութահայ հասարակական կեանքին, յատկանշական դարձաւ Սաղիմահայ գաղութին համար։ Իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէր նպաստելու Հայ Երիտասարդաց Միութեան վերելքին ու անոր հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի մէջ գործող Ռամկավար ակումբին (ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբ), ու յաճախ կը մասնակցէր միջ գաղութային կուսակցական ժողովներու։

Երախտաւորին հայկական հին դրամներու տարիներու հաւաքածոն, իսկապէս իր գնահատականը ունեցաւ 1975ին, երբ ՀԲԸՄիութեան նախագահ Պրն. Ալեք Մանուկեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. կ՚այցելէին Երուսաղէմ՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի նորակառոյց շէնքի բացման։ Այդ առիթով Նագգաշեան տարբեր հաւաքածոներ նուիրեց Էջմիածնի թանգարանին ու Տիթրոյթի Մանուկեան թանգարանին։

1976ին հանգստեան կը կոչուի կրթական ասպարէզէն ու կը շարունակէ իր հնագէտի մասնակցութիւնը եւ նոյն ատեն կը զբաղի գրական վերլուծումներ կատարելով սփիւռքահայ մամուլին համար։

1977 Սեպտեմբերին Նագգաշեան կը մասնակցի ՌԱԿ ԺԵ. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին, որպէս պատգամաւոր ներկայացնելու Երուսաղէմի  ՌԱԿի ակումբը Պէյրութի մէջ։ Երախտաւորին համար այս հաւաքը պիտի դառնար յիշատակելի, որովհետեւ պիտի հանդիպէր կարգ մը դպրոցական դասընկերներու, որոնք ստանձնած էին կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ Ռամկավար Ազատական կառոյցէն ներս։ 1982ին կ՚այցելէ Ամերիկա ու հիւրաբար կ՚այցելէ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան (այս տողերուն հեղինակը որպէս  կրտսերագոյն անդամ այդ կազմին, առիթը կ՚ունենայ ծանօթանալու երախտաւորին, որ եղած էր իր հօրը ուսուցիչը Թրիփոլիի Նուպարեան վարժարանէն ներս)։ Նագգաշեան բազմիցս այցելած է Խորհրդային Հայաստան տարբեր առիթներով։

Նագգաշեանի հրատարակած առաջին գործը կ՚ըլլայ 1986ին լոյս տեսած «Դրաստամատ կ՚երթայ Անյուշ բերդը» վիպակը, որմէ ետք լոյս կը տեսնէ նոյն խորագիրով թատրերգութիւնը՝ 1988ին, իսկ 1989ին լոյս կը տեսնէ «Աքսորեալները» թատրերգութիւնը։ Իսկ 1990ին ալ Բագրատունեաց հարստութեան անկումի թատրերգութիւնը «Անին ծախուած է արդէն զաւակս» խորագրով։

Երախտաւորը ունի նաեւ 3 այլ գործեր՝

«Լեւոն Մեծագործ», «Աւարայրի պատերազմը», «Շուշան Կամսարական», որոնք ցարդ կը մնան անտիպ։

1991 Նոյեմբեր 24ին, 70 տարեկանին, սրտի կաթուածի հետեւանքով, Երուսաղէմի մէջ իր աչքերը յաւիտեան պիտի փակէր հայ գիրի ու գեղարուեստի նուիրեալ երախտաւորը։

 

***

 

Հրանդ Նագգաշեանի կազմած ընտանեկան հայատրոփ բոյնի անդամներուն մօտէն ծանօթ եղած է այս տողերու հեղինակը։ Նագգաշեանի այրիին՝ տասնամեակներու դաստիարակ Արփինէին, որ 2008ին միայն կրցաւ հանգստեան կոչուիլ դաստիարակի իր պաշտօնէն, որդւոյն՝ Սարոյին, որ կը շարունակէ իր երախտաւոր հօր հասարակական ժառանգը. եղած է անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան. ու դստեր՝ Անուշին, որ հօր օրինակին հետեւելով հեղինակած է ու կը հեղինակէ բանաստեղծական հատորներ, որպէս ժամանակակից արեւմտահայ բանաստեղծուհի։ 2014ին յատուկ մեծարանքով հիւրը եղաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայահոծ գաղութին. Աւելին, Անուշը ստացած է Հայաստանի պետական կարգ մը գնահատագրեր, ինչպէս նաեւ արժանացած «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ