Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Փութին՝ Թրամփի մասին

Երկու նախագահներ՝ Թրամփի եւ Փութինի հանդիպումը G-20ի շրջանակներէն ներս տեւած է նախատեսուածէն շատ աւելի երկար։ Անոնք պէտք է հանդիպէին կէս ժամ, իսկ իրականութիւնը այլ եղած է՝ երկու ժամ եւ քսան վայրկեան։ Պահը հասած է հոն, երբ առաջին տիկին Թրամփ մուտք գործած է սրահ, ընդմիջելով անոնց հանդիպումը։

Ռուսիոյ նախագահը կիսած է իր տպաւորութիւնները ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր ունեցած այդ առաջին հանդիպումէն, որ տեղի ունեցած էր Համպուրկի մէջ, Գերմանիա։

Վլատիմիր Փութին նշած է, որ իր կարծիքով, յաջողած է անձնական յարաբերութիւններ հաստատել Թրամփի հետ։ «Հեռատեսիլային Թրամփը շատ տարբեր է իրականէն։ Ան շատ արագ կը վերլուծէ եւ արագ կը պատասխանէ դրուած հարցումներուն»։

«Եթէ մենք կարենանք յարաբերութիւնները կառուցել այնպէս, ինչպէս երէկուան բանակցութիւնները, ապա մասամբ գոնէ կրնանք վերականգնել փոխգործակցութեան այն մակարդակը, որ անհրաժեշտ է», ըսած է Փութին։

Թրամփ բազմաթիւ հարցումներ տուեր է նախագահական ընտրութիւններուն միջամտութեան մասին, որուն որպէս պատասխան Փութին հաստատած է, որ հիմքեր չկան ըսելու, որ Ռուսիա միջամտած է ԱՄՆի ընտրական գործընթացին։

– Միւս կողմէ, Խորհրդային Միութեան առաջին եւ միակ նախագահ Միխայիլ Կորպաչով դրական որակած է երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ