Յուլիս 6-8 Հայաստան կը գտնուէր Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան ոլորտի մասնագէտներու պատուիրակութիւնը՝ զօրավար Չան Ին Լիի գլխաւորութեամբ։
Պատուիրակութիւնը այցելած է ռազմական համալսարարաններ, տեսակցած աշակերտներու եւ դասախօսներու հետ, հանդիպումներ ունեցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու հետ, քննարկելով փոխգործակցութեան հարցեր։