Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի շուրջ վիճակը կը մնայ լարուած

Աւստրիական Մաուերպախ քաղաքին մէջ ԵԱՀԿի հանդիպումներուն ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը յայտարարած է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական զօրքերը դուրս հանելուն, լարուածութիւնը պիտի շարունակուի շրջանին մէջ։

Իսկ հայկական կողմը, Ատրպէյճանի հետ հանդիպելէ ետք Աւստրիոյ մէջ, նշած է երեք կէտեր. Առաջին՝ միայն բանակցութիւններով լուծել խնդիրները, երկրորդ՝ ապահովել Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները, եւ երրորդ՝ Ատրպէյճան գործնականօրէն չ՚իրականացներ այդ համաձայնութիւնները։

Հանդիպումը տեղի ունեցած էր Յուլիս 11ին, երբ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները տեսակցեցան Անճէյ Քասփրշիքի ներկայութեան, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին նախաձեռնութեամբ։

Նալպանտեան հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է սահմանային լարուածութեան կայունացումը։

Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբերին, ՄԱԿի 72րդ նստաշրջանի օրերուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ