Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աղօթքով բացուեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան ժողովը

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12ին, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան ժողովին բացումը կատարեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Ան իր բացման աղօթքին մէջ կարեւորեց քոնկրէսականներուն դերը, որոնք կը ղեկավարեն այս երկիրը արդարութեան, ազատութեան եւ հաւասարութեան գիտակցութեամբ։

Յովնան Արքեպիսկոպոս Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր զաւակները միշտ յիշեն պատուիրանները եւ գործեն յանուն Միացեալ Նահանգներու ազգային հետաքրքրութիւններուն։

Իւրաքանչիւր հայու համար հպարտութեան եւ ինքնութեան սրտաշարժ պահ մըն էր այդ մէկ վայրկեանը, որ կարելի է լսել այստեղ՝ https://youtu.be/r5P-21NQ9XI։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ