Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջին Արեւելքի թնճուկային տագնապը

Միջազգային փոխյարաբերութեանց մէջ հիմնական դեր կը խաղան երկիրներու տարածութիւնը եւ աշխարհագրական դիրքը, բնական հարստութիւնները, մանաւանդ՝ քարիւղ, բնական կազ, հանքածուխ, մետաղներ, գիտական մակարդակը ու զարգացած ճարտարարուեստը, եւլն.։ Լրացուցիչ կերպով ալ՝ ռազմական ուժն ու դիւանագիտութիւնը կ՚որոշեն պետութեանց տիրապետական  կարողութիւնը։

Մամուլն ու հաղորդագրական յառաջացեալ միջոցառումները կը պատրաստեն գետինն ու մթնոլորտը այլազան ծրագիրներու իրագործման համար։ Որեւէ դէպք, նախապատրաստուած կամ ոչ, կրնայ պատրոյգը դառնալ միջպետական բախումներու, տեղական, շրջանային կամ՝ համաշխարհային պատերազմի։

Մեր 21րդ դարուն, Միացեալ Նահանգները կը թուի ըլլալ գերուժը։ Կը հետեւին Ռուսական Դաշնութիւնը, Չինաստանը, Եւրոպական Միութիւնը, Հնդկաստանը, Պարսկաստանը, եւլն.։

Ներկայ ժամանակներուն, Միացեալ Նահանգները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, զինուորապէս ու տնտեսապէս, պատուար քաշած է Ռուսաստանի ու Չինաստանի հանդէպ, առայժմ հակադրուելով անոնց դիւանագիտական շարժումներուն։ Եւրոպական Միութիւնը, դաշնակցելով հանդերձ Ամերիկայի հետ, գէթ տնտեսական գետնի վրայ, կը նախընտրէ պահել իր կենսական լայն յարաբերութիւնները մանաւանդ Ռուսաստանի հետ։

Հիւսիսային Քորէայի հրթիռային փորձարկութիւնները, վտանգաւոր «մարզանքներ» են, հաւանաբար հակակշռուած Չինաստանի կողմէ, Ամերիկայի «թափանցումներուն» հակադրուելու համար։ Հաւանական չէ, որ Միացեալ Նահանգները հաւանութիւն ձեռք ձգէ Չինաստանէն ու Ռուսաստանէն հարուածելու համար Հիւսիսային Քորէայի հրթիռային յենակէտները։

Պարսկաստանը, որ շրջան մը ենթարկուած էր տնտեսական պատժամիջոցներու Արեւմուտքին կողմէ՝ աթոմական հիւլէներու – հարուստ իւրանիումի -պատրաստութեան համար, ատենէ մը իվեր, Յուլիս 13, 2015ի համաձայնագրի հիմամբ, կեցուցած է այդ ծրագիրը, կամ՝ հրաժարած յիշեալ նախաձեռնութենէն։ Իրեն հանդէպ վերոյիշեալ կեցուածքին կամ պարտադրանքին հետեւանքով, Թեհրան դիրքորոշուած կը նկատուի, հակադրուելով շրջանէն ներս ամերիկեան քաղաքականութեան, մանաւանդ, որ զինուորապէս ալ առնչուած է Սուրիոյ կողքին, հոն շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին։

Չմոռնանք Թուրքիան. նախագահ Էրտողանը հետզհետէ քմայքոտ դարձող քաղաքականութեան հետեւանքով, մանաւանդ երկրին բացարձակ իշխանավարութեան հասնելէ ետք, խնդրոյ առարկայ դարձուցած է իր երկրին ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը։ Ցնորք դարձած է նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը։ Զուգահեռաբար, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին, իր երկդիմի դերին ու դիրքորոշումներուն, ու գաղթականներու հարցը շահագործելուն համար, անտեսուած է թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, եւ թէ՛ Ռուսաստանէն։ Քրտական անկախութեան հարցով, ու վերջերս, իր կողմնակցութիւնը ի նպաստ Քաթարի, այս երկրի պայքարի ատեն Արաբական Թերակղզիի իր դրացիներուն հետ, աւելի վատթարացուցած է Թուրքիոյ քաղաքական մեկուսացումը։

Սիւննի-Շիի կրօնական պայքարը պիտի շարունակէ առկայծել։ Բնականաբար, չմոռնանք իսրայէլեան բազմակողմանի դերակատարութիւնը քուլիսներու ետին, միշտ արծարծուած պահելու համար հակամարտութիւնները, ու բռնկած պահելու կրակը շրջանին մէջ։

Միջին Արեւելքի հրաբխային գոյավիճակը թնճուկային բնոյթ ստացած է Իսլամական Պետութեան (ISISի) դէմ, մէկէ աւելի ճակատներու վրայ շարունակուող զինուորական բախումներու եւ ռմբակոծումներու հետեւանքով։ ISISի հաւանական պարտութիւնը դուռ պիտի բանայ մէկէ աւելի բարդութեանց կամ հարցերու լուծումին։ Շրջանի կարգ մը երկիրներու՝ Սուրիոյ, Իրաքի, Քիւրտիստանի սահմանագիծերու ճշդումը պիտի կարօտի երկարատեւ բանակցութեանց, միշտ ենթակայ մնալով միաժամանակ շրջանի երկիրներու միջեւ, ու մեծ պետութեանց կողմէ պահանջատիրական կամ տիրապետական գօտիներու ստեղծման։

Միջին Արեւելքի աշխարհագրական քառուղին, ռազմավարական իր դիրքին, եւ ընդերքի էական հարստութեանց հետեւանքով, պիտի մղէ մեծ պետութիւնները պահելու իրենց մնայուն շահագրգռութիւնը, ազդեցութեան գօտիները, ունենալու համար իրենց խօսքը, շրջանի երկիրներու, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմաններու փոփոխութեան պարագային։ Ռուսաստանը, Պարսկաստանն ու Թուրքիան յատկապէս, պիտի չուզէին զրկուիլ իրենց ազդեցութեան գօտիներէն։

Միջին Արեւելքի վերոյիշեալ խառնակ համայնապատկերին դիմաց, շրջանի երկիրները, իսկ մեծ պետութիւնները իրենց հերթին, պիտի ճգնին իրենց առաւելագոյն կշիռը կամ ազդեցութիւնը ունենալ, մեկնելով իրենց երկրին տնտեսական ու ռազմավարական շահերէն։

Լրատուական մնացեալ խայտաբղէտ եւ երբեմն տրամաթիք քարոզաբանութիւնը պիտի շարունակէ կատարուիլ, ժողովուրդներու օրական սպառումին համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ