Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազնաւուրի աստղը Հոլիվուտի մէջ կը բացուի Օգոստոս 24ին

Աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրի անունով աստղը Հոլիվուտի «Փառքի ճեմուղիին» վրայ կը բացուի գալիք Հինգշաբթի, 24 Օգոստոս 2017ին, յայտնեց «Փառքի ճեմուղիի» արարողակարգերու արտադրիչ Անա Մարթինէսը։

Ազնաւուրին աստղը պիտի ըլլայ թիւով 2618րդը։ Ազնաւուրի անունը առաջարկած էր Քալիֆորնիոյ սենաթոր Թէմ Քեւին տը Լէոնը, որ ներկայ պիտի գտնուի բացման արարողութեան՝ Ազնաւուրի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին։

Մօտ հազար երգերու հեղինակ Ազնաւուրէն առայսօր ծախուած է շուրջ հարիւր միլիոն ձայնապնակ։ «Դարի արուեստագէտը» արժանացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւներու, հիմնադրած է «Ազնաւուրը՝ Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը եւ Հայաստանի մշտական դեսպանն է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ