Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատրպէյճան անուղղակի հարուածի տակ

Իսրայէլեան մամուլին համաձայն, Ատրպէյճան պահանջած էր Իսրայէլէն, որ գնուելիք Orbiter 1K անօդաչու սարքերը փորձարկէր ղարաբաղեան սահմանին երկայնքին՝ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Իսրայէլեան ընկերութեան աշխատակիցները մերժած էին անմարդկային այդ քայլը, սակայն ընկերութենէն կարգ մը պատասխանատուներ փորձած են, կ՚ըսուի լրատուութեան մէջ։

Հետաքրքրական է, որ այս փաստը երեւան եկաւ վերջերս, երբ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը կը գտնուէր Հայաստան։

Այս դէպքը զօրաւոր հարուած է Ատրպէյճանին, իսկ անոր գործընկերոջ համար՝ գլխացաւ։ Տեսնենք, թէ յետագայ ի՞նչ ընթացք պիտի ունենայ Իսրայէլ-Ատրպէյճան ռազմական գործակցութիւնը այս բացայայտումէն ետք։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ