Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Ասթանայի մէջ վարչապետ Կարապետեան մասնակցած է Եւրասիական խորհուրդի նիստին

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն։ Պատուիրակութիւններու ղեկավարները ընդունուած են նաեւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի կողմէ։

Նիստին ընթացքին ԵԱՏՄի անդամ երկիրներու վարչապետները քննարկած են տնտեսութեան, մաքսային, ուժանիւթի, երթեւեկութեան եւ այլ ուղղութիւններով կապերու փոխգործակցութեան հարցեր։

Կարապետեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցած է Ղազախստանի վարչապետին հետ, քննարկելով հայ-ղազախական տնտեսական գործակցութեան խնդիրները։

Առանձին այլ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Կարէն Կարապետեանի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի միջեւ Ասթանայի մէջ, ուր քննարկուած են վերջինիս Երեւան այցելութեան ժամկէտները։

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ