Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռեքս Թիլերսըն կը խօսի Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիներուն մասին

Աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդէն աւելին զրկուած է կրօնի ազատութեան իրաւունքէն, Չորեքշաբթի օր յայտարարեց ԱՄՆ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն, ներկայացնելով Աշխարհի կրօնի ազատութեան նոր զեկոյցը։ Անոր խօսքերով, ծայրայեղ իսլամականներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող ժողովուրդները՝ քրիստոնեաներն ու  եզիտիները այդ վիճակին մատնուած են, ինչպէս նաեւ  լուրջ խնդիրներ կան Սէուտական Արաբիոյ, Չինաստանի, Փաքիստանի, Սուտանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ։

Զեկոյցին մէջ յիշուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմումը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915ին ապօրինի կերպով գրաւուած Կաթողիկոսի նստավայրը Սիսի մէջ։ Հոն նշուած է նաեւ, որ դադրեցուած են կրօնական ծիսակատարութիւնները Ախթամար կղզիի հայկական եկեղեցիին մէջ (Ս. Խաչ)։

Ատրպէյճանի մէջ 2016ին ձերբակալուած է 86 կրօնական առաջնորդ։ Հայաստանի պարագային, զեկոյցին մէջ յիշուած է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանի ազգային եկեղեցի է եւ ազգային ինքնութեան պահապան։ Հայաստանի մէջ կրօնի ազատութեան դէմ ուղղուած դէպքերը հազուադէպ են. 2016ին մէկ դէպք աւետարանական հոգեւորականի մը դէմ եւ Եհովայի վկաներու դէմ ճնշման 17 դէպքեր։ Գալով Իրանին, անցեալ տարի «Աստուծոյ դէմ պատերազմ վարելու մեղադրանքով», մահապատիժի ենթարկուած է 20 հոգի։

ԱՄՆ պետական քարտուղարին խօսքերով, կրօնի ազատութեան սահմանափակումը ծայրայեղութիւն եւ կրօնական արմատականութիւն ծնող հիմնական պատճառներէն մէկն է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ