Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

“BEST OF KHACHADOURIAN”

Կիրակի, Սեպտեմբեր 17, 2017, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ, հայ երաժշտութեան անթառամ փառքերէն՝ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած պալէտի հրավառութիւն մը:

Այդ օր, Պրպէնք քաղաքի մէջ գործող “Pacific Ballet Dance Theatre”ի աշակերտները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մեծանուն պալէ պարողներ, ելոյթ պիտի ունենան եւ իրենց բարձրորակ կատարումներով պիտի հմայեն հանդիսականները:

Պալէտի հոյակապ այդ երեկոն տեղի պիտի ունենայ միայն մէկ անգամ, եւ այդ օր պիտի ներկայացուին Խաչատուրեանի «Գայիանէ», «Սպարտակ» եւ «Դիմակահանդէս» պալէտները, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած, սրբադասուած նահատակներուն անմեռ յիշատակին:

“Pacific Ballet Dance Theatre”ի գլխաւոր պարուսոյցն է Լոս Անճելըսի մեծանուն պալէտի ուսուցչուհի՝ Նաթաշա Միտլթոն, օգնական ունենալով՝ նոյնքան տաղանդաւոր եւ անուանի պալէտի վարպետ Ռուբէն Տօնոյեանը:

Յիշենք, թէ համոյթին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ հայրենի եւ Ռուսիոյ պալէտի աշխարհի ծանօթ երիտասարդ պարողներ, ինչպիսին են՝ Էտուարտ Սարգիսեան, Ինկա Տիմիթրեան, Էտկար Նիգոլեան, Գրիգորի Առաքելեան, Էլէն Յարութիւնեան, Ալեքսանտրի Ֆոսթ, Նաթալի Կարինա եւ Տուօ Լոբարոլ:

Այս անմոռանալի ձեռնարկին տոմսերը կարելի է ապահովել Ticket Micket-էն, հեռաձայնելով (818)265-0506 թիւին:

Սիրով կը հրաւիրուին պալէտի սիրահար արուեստասէրները այս ելոյթին, վստահ ըլլալով, որ անոնք հաճելի պահեր պիտի ունենան եւ մեծ բաւարարութեամբ պիտի բաժնուին սրահէն:

Փութացէք ձեր տոմսերը ապահովելու:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ