Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր, սովորութիւն դարձած է որ պսակադրութեան մը ընթացքին, հարսը
ունենայ՝ կնքամայրի (Maid of Honor) կողքին, մի քանի հարսնաքոյրեր (bridesmaids): Անշուշտ փեսան ալ կ՚ունենայ՝ կնքահայրի (Best man) կողքին, նոյն թիւով փեսեղբայրներ (brides men, կամ ushers):
Դարձեալ սովորութիւն դարձած է, որ հարսն ու հարսնաքոյրերը՝ որոնք յատուկ երաժշտութեամբ մը եկեղեցւոյ դռնէն կ՚ուղղուին դէպի դասը, իրենց ձեռքերուն մէջ ունենան ծաղկեփունջեր։
Կարծես միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ է որ վերոյիշեալ ընդունուած սովորութիւնները կը խախտին եւ նորութիւն մը կը յառաջացնեն, ոմանց հաճելի թուելով՝ իսկ ուրիշներուն համար, խոտոր եւ անհաճոյ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ՝ թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ։
Ուրեմն, Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Շարլոթ քաղաքին մէջ՝ այս տարուան Մարտ ամսուան 25-ին տեղի ունեցած է պսակադրութիւն մը, որու ընթացքին հարսնաքոյրերը ծաղկեփունջի փոխարէն՝ մէկական շունի ձագ գրկած են։
Դիտեցէք կցուած հարսանեկան նկարը, որպէսզի ամէն կասկած փարատի ձեր մտքերէն։ Իսկ հարսին ձեռքի խաւաքարտը կը պարունակէ շունի մը թաթին նկարը եւ նախադասութիւն մը որ կ՚ըսէ “All you need is love and dogs”։
Այսինքն, «Եթէ սէր եւ շուն ունիս՝ ուրիշ բանի մը կարիքը չես ունենար»։ Անոնք այս քայլը առած են, ջատագովելու շուներու ձագերու որդեգրումը։ Եւ իսկապէս ալ նկարին մէջ երեւցող բոլոր շուներն ալ որդեգրուած են, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով հարսի փափաքին։
Հոս պէտք է անմիջապէս աւելցնեմ, որ հարսը ասպարէզով իրաւաբան է եւ ինքը անձամբ նախապէս որդեգրած է չորս շուներ…
Իսկ այս տարօրինակ երեւոյթին դրական կողմը այն է, որ ծաղկեփունջի փոխարէն շունի ձագ գրկելը բնաւ ծախսալից չէ եւ այսպէսով՝ մեր հարսը խնայողութիւն ըրած կ՚ըլլայ, չէ՞ք խորհիր…
Նորոգութեան սրճարա՞ն (Repair Café)
Սրճարան բառը հոս գործածուած է որպէս թարգմանութիւն, ինչպէս վերնագիրը ցոյց կու տայ։ Իսկ իրականութեան մէջ՝ ան վայր մըն է, ուր ձրի նորոգութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
New Paltz փոքրիկ քաղաք մըն է՝ 14 հազար բնակչութեամբ, որ կը գտնուի Նիւ Եորքէն 80 մղոն դէպի հիւսիս։ Այդ քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն գետնայարկը, մարդիկ ամիսը մէկ անգամ կը հաւաքուին՝ որպէսզի իրենց կոտրած պիտոյքները նորոգուին (տեսնել նկարը։)
Neighbor helping neighbor կոչուած է այս առաքելութիւնը, որ ծայր առած է Հոլանտայի մէջ՝ 2009 թուականին։ Իսկ հիմա՝ իրարու օգնելու այս գաղափարը տարածուած է աշխարհով մէկ եւ կը գործէ աւելի քան 1200 կեդրոններու մէջ, վեց ցամաքամասի վրայ տարածուած՝ 29 երկիրներու մէջ։
Վերոյիշեալ կեդրոններու մէջ կը նորոգուին աւրուած կարի մեքենաներ, ժամացոյցներ, հովանոցներ եւ տնային կամ անձնական զանազան պիտոյքներ։ Հոն յաճախողներուն մէջ կան իրենց ասպարէզներուն մէջ մասնագիտացած մարդիկ, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց գիտութիւնը ի սպաս կը դնեն յօգուտ կարիքաւորներու շահերուն։
Այս տեսակի վայրերուն մէջ, բարեկամութիւններ ալ կրնան մշակուիլ որոնք անհրաժեշտ են տարիքը առած՝ մենակեաց մարդկանց համար, որոնք այլապէս ուրիշ կարեւոր զբաղմունք մը չունին…
Գաղափարը գեղեցիկ է եւ օգտաշատ։ Իցի՜ւ թէ մեր հայերն ալ օրինակ առնեն այս նախաձեռնութենէն եւ կիրարկեն զայն իրենց առօրեայ կեանքերուն մէջ, փոխանակ ակումբներու մէջ թղթախաղով զբաղելու։ Իսկ հոս՝ Քալիֆորնիոյ զանազան քաղաքներու հանրային պարտէզներուն մէջ ընդհանրացած է նարտի խաղալը, որ ժամանցէ զատ ուրիշ օգուտ մը չեն ներկայացներ խաղացողներուն։