Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի տնտեսութիւնը բարձր աճ ցոյց կու տայ

Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ բարձր արագութեամբ աճիլ։ Այս տարուան Յունուար-Յուլիսին, նախորդ տարուան նոյն շրջանին հետ համեմատած, տնտեսական աճը կազմած է 6,2 տոկոս։

Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդիւնաբերական արտադրանքը նոյն  ժամանակահատուածին մէջ աճած 12,7 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 11,8, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 12,2, ելեկտրականութեան արտադրութիւնը՝ 7,8 տոկոսով։

Նոյն ամիսներուն, միջին աշխատավարձը բարձրացած է 2,7 տոկոսով։ Անկում գրանցուած է շինարարութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներէն ներս՝ համապատասխանաբար 8,7 եւ 2,1 տոկոսներով։

Արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը նոյնպէս կը շարունակէ աճիլ, Յունուար-Յուլիս ամիսներուն հասնելով 26 տոկոս աճի. ներմուծումը աճած է 28,5 առ հարիւր, իսկ արտահանումը 21,6։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ