Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահ Պերճ Զէյթունցեանի

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21ին, մահացած է արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեանը։

Հայաստանի անկախութենէն ետք, ան եղաւ մշակոյթի առաջին նախարարը (1991-1992)։

Պերճ Զէյթունցեան ծնած է 18 Յուլիս 1938ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս եւ 1948ին հայրենադարձուած Հայաստան։ Աւարտած է օտար լեզուներու ինստիտուտը եւ Մոսկուայի բարձրագոյն սցենարային դասընթացքները։

Եղած է «Հայֆիլմ» սթիւտիոյի խմբագիր, հեռատեսիլի «Երեւան» սթիւտիոյի գլխաւոր խմբագիր, Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար։ Հեղինակ է շարք մը վէպերու, վիպակներու եւ թատերական գործերու, որոնց մեծ մասը պատմական են։

Հրաժեշտի արարողութեան համար ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով՝ գլխաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի։

«Նոր Օր» կը ցաւակցի հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հայութեան. Զէյթունցեան պիտի մնայ վերջին մէկ դարու մեծագոյն հայերէն մէկը՝ իր գործով եւ հայրենասիրութեամբ։

Թաղումը պիտի կատարուի Հինգշաբթի օր՝ Օգոստոս 24ին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ