Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքականութիւն. Աֆղանիստանի պատերազմը

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքի երկնասլաց առեւտրական կեդրոնի երկու շէնքերուն վրայ կատարուած 2001 թուականի յարձակումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը Աֆղանիստանէն պահանջեց Ուսամա Պըն Լատէնի յանձնումը, որ  ապաստանած էր այնտեղ, զինք ամբաստանելով այդ ահաբեկչութեան գործով: Աֆղանիստանի դժկամանքին կամ անկարողութեան հետեւանքով, Միացեալ Նահանգներ պատերազմ հռչակեց Աֆղանիստանի դէմ, ստեղծուած անակնկալ պարագայ մը, ուր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պարտաւոր չէր Քոնկրէսին հաւանութիւնը ունենալու:

Սոյն պատերազմը յայտարարուեցաւ Կրտսեր Ճորճ Պուշ նախագահի օրով, նոյն թուականին, և 16 տարիներէ ի վեր անդադար կը շարունակուի բանակի գործողութիւններու  յաճախակի թափով և թիւով, ամերիկացի ժողովուրդին արժելով մինչև այսօր՝ 2 եռիլիոն տոլար: Այս պատերազմը Միացեալ Նահանգներու ամենաերկարատև պատերազմն է այսօր: Նախագահ Պուշ, երբ մեծահարուստներու եկամտային տուրքերը ուզեց յատկացնել իր ժամանակաշրջանին, երկրին օգտակար կառոյցներու գործածութեան համար, ան ճիշդ հակառակ որոշումով այդ տուրքերուն հասոյթը յատկացուց Աֆղանիստանի պատերազմի ծախսերուն:

Այժմ, երբ ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՚արծարծէ Աֆղանիստանի պատերազմը, նոր թափ տալով անոր իր նորագոյն հրահանգով, ուր այս տարուան Ամերիկայի պաշտպանութեան պիւտճէն կը բարձրացնէ 841 միլիառ տոլարի, կանաչ լոյս կը շնորհէ զօրքերու յաւելումին, իսկ թէ այդ անվերջ թուացող պատերազմը աւարտին հասցնելո՞ւ, թէ թէժացնելու նպատակով՝ յայտնի չէ:

Աֆղանիստանի պատերազմի սկզբնական տարիներուն Ամերիկա ունէր 40 երկիրներու աջակցութիւնը և մասնակցութիւնը զօրքի թիւով, մասնագէտներով և մարզիչներով ներառեալ, կազմելով 130,000 հոգի: Այդ թիւը սակայն տակաւ նուազած է համեմատաբար, երկիրներու մասնակցութեամբ, այսօր կազմելով միայն 13,576 հոգի: Բրիտանական ուժերը, որոնք կը կազմէին 9500 հոգի, 2011 թուին, այսօր ունին միայն 500: Քանատա և Ֆրանսա արդէն չեն մասնակցիր մարդուժով: Ամերիկեան զինուժի նուազեցումը պատճառ դարձած է Ալ-Քայիտայի ուժերու կեդրոնացման, յառաջխաղացման և յաղթանակներու, որոնք կը սպառնան ամերիկեան ոյժերու ապահովութեան:

Նախագահ Թրամփ, իր վերջին ճառին մէջ կ՚այպանէր Փաքիստանը Ալ-Քայիտայի զինեալներուն ապաստան տալու յանցանքով, և կը յայտարարէր նորանոր զօրքերու առաքումը Աֆղանիստան, առանց թուարկումի. սակայն կ՚ակնկալուի մօտ 4000ի առաւել թիւ մը, այնտեղ գտնուող 8300 զօրքին:

Նախկին նախագահ Օպամա, 2009 թուին 30,000 նոր զօրք ղրկած էր այնտեղ, անոնց թիւը հասցնելով 100,000ի, ջանալով զսպել Ալ-Քայիտայի գործողութիւնները, նոյնիսկ մարտական յատուկ գործողութեամբ Ուսամա Պըն Լատէնը սպաննելով, յուսալով անոնց մաքրագործումը: Սակայն Ալ-Քայիտայի գործողութիւնները օրըստօրէ կ՚աճին ի հեճուկս ՆԱԹՕի մասնակից երկիրներու տարած պայքարին, զոհեր խլելով ամէն օր:

Այստեղ չենք փափաքիր բոլոր 40 երկիրներու անուանացանկն ու մասնակից զինուորներուն թիւը նշել, սակայն յատկանշական է Հայաստանի 121 և Ատրպէյճանի 94 զինուորներով մասնակցութիւնը այնտեղ:

Աֆղանիստանի պատերազմին հետեւանքները անկասկած պիտի ըլլան անտանելի իրենց մարդկային վնասներով, անկարող և վիրաւոր վեթերաններու երկիր վերադարձով, նիւթական տարողութեամբ և մեծագոյն խաբկանքով՝ անկատար կամ ձախող արշաւանքի իրողութեամբ: Մեզի յիշեցնելով ամերիկացի ժողովուրդին համար Վիէթնամի աղիտաբեր պատերազմը և անոր հետեւանքները, սակայն շահաբեր՝ ռազմական արտադրութիւններու գործարարներուն համար։

Երբ հեռատեսիլի խօսնակ մը հարց կու տար ներկայ իշխանութեան դէմքերէն մէկուն, այս պատերազմէն ակնկալուած Ամերիկայի շահերուն մասին, պաշտօնեան կ՚ակնարկէր անոր անհատական ընկերութիւններուն տակաւ ընթացող և անյագ շահարկումներուն մասին, որոնց մասնակից են մեծ թիւով, պաշտօնի վրայ գտնուող, պետական ներկայացուցիչներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ