Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

Սփիւռքահայ երեք յարանուանութեանց, երեք կուսակցութիւններուն, բարեգործական-բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, հայրենակցական եւ մշակութային միութիւններուն

Յարգարժան Տիարք եւ Տիկնայք,

         Ստորագրեալս աւելի քան 35 տարիներու բանասէր-մանկավարժ-դասախօս եղած եմ, տարած եմ գրական-հրատարակչական, ազգ.-հաս. բեղուն աշխատանք Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ:

         Ինծի համար (եւ ինչու չէ շատ քիչ հայերու համար), լուրջ խնդիր է Սփիւռքի հայապահպանման դժուար հարցը:

         Նախ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր նախնիներուն եւ կազմակեր-պութիւններուն, որոնք 1920ականներէն մինչեւ 1980ականները տասնեակներով ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ հիմնեցին տարբեր երկիրներու մէջ:

         Բայց վերջին աւելի քան երեսուն տարիները պատկերը այլ է: Եւ անշուշտ, երբ անկեղծօրէն խօսինք, պիտի ըսենք որ Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը մեծապէս ձա-խողած է. պատճառները շատ են:

         Արդարեւ, 2000 թուականին Սփիւռքի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը յա-ճախէին 5-4,5%, իսկ այսօր 2,5-2% միայն սփիւռքահայ աշակերտութեան:

         Պատուարժան պատասխանատուներ, մեր վիճակը շա՜տ, շա՜տ, շա՜տ ծանր է:

         Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի մէջ կ’ապրին 90 հազար հայեր: Այդ քաղաքի հայ աշակերտներու 50%ի համար պէտք է բացուի 10 նոր դպրոց, նիւթական արժէք՝ մօտ  $200 միլիոն տոլար:

         Այսինքն, այլեւս ժամանակավրէպ է անջատ-անջատ աշխատելաձեւը, մենք պէտք է ունենանք Ազգային հաւաքական գիտակցութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահարել Սփիւռքի կրթական հսկայ մարտահրաւէրները:

         Ուրեմն, կ’առաջարկենք շուտափոյթ ստեղծել, Սփիւռքի տարածքին համար, «Հայկական միասնական հիմնադրամ»: Նշեալ հիմնադրամը պիտի գործէ.

Ա- Վտանգուած հայկական ամէնօրեայ դպրոցները փակուելէ փրկել:

Բ- Յաջորդող տարիներուն, հիմնադրամի պիւտճէն երբ կը հզօրանայ, նոր դպրոցներ բանալ:

Գ- Այս հիմնադրամը անձեռնմխելի պիտի մնայ, անկախ հիմունքներով պիտի ծառայէ բոլորին անխտիր:

         Անկեղծօրէն ըսենք, որ Սփիւռքի տարածքին վերջին 45 տարիներու ընթացքին փակուած է 207 դպրոց (չհաշուած Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները):

         Հետեւաբար եւ ամենայն լրջութեամբ կ’ըսենք, եթէ յաջորդող քանի մը տարինե-րուն չստեղծուի հզօր հիմնադրամ մը, մենք յաջորդ տասնամեակին պիտի փակենք բազմաթիւ հայկական այլ դպրոցներ:

         Մեր մատղաշ սերունդը կարիքն ունի ազգային հայեցի դաստիարակութեան: Այսօր հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ այլասերած են, քանի որ չեն ստացած հայեցի կրթութիւն:

         Ըմբռնած ենք եւ գիտենք, որ Սփիւռքի 8 միլիոն հայութեան նոյնիսկ 5%ը Հայաստան պիտի չվերադառնայ յաջորդ քանի մը տարիներուն… պատճառները բոլորդ գիտէք: Դեռ աւելին, Հայաստանը, մեր բոլորին սիրելի մայր Հայրենիքը, իր բազում խնդիրներով չի կրնար Սփիւռքի կրթական համակարգի համար նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել: Ուրեմն, Սփիւռքի հայկական գոյատեւումը մեծապէս պահանջքն ունի վերոնշեալ հիմնադրամին:

         Իրատեսութիւն, փոխզիջում, փոխըմբռնում:

         Ազգային բարձր գիտակցութեամբ մօտենանք այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին:

         Միասնաբար կրնանք իրագործել: Օ’ն, առաջ:

 

Յարգանքներով՝

ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

 

Յ.Գ. – Բաց նամակը ղրկուած է. «Ասպարէզ» օրաթերթին, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, «Մասիս» շաբաթաթերթին, «Հայերն այսօր» կայքէջին եւ «Էրեբունի» կայքէջին:

 

Լոս Անճելըս, Սթուտիօ Սիթի, 20 Օգոստոս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ