Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Վիգէն Սարգսեան Չինաստանի մէջ. Փեքինի մէկուկէս միլիոն տոլարի օգնութիւնը

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրաւէրով Սեպտեմբեր 4ին մեկնեցաւ Փեքին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ չինացի իր պաշտօնակից Չան Վանցուանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ։

Երկու նախարարներու հանդիպման աւարտին ստորագրուած է հերթական՝ մօտ մէկուկէս միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու համաձայնագիրը։

Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ երկու երկիրներու ժողովուրդներու պատմական ընդհանրութիւնները հրաշալի նախադրեալ են պաշտպանական ոլորտէն ներս երկկողմ կապերը զարգացնելու համար։ Որպէս արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն, նշուած են երկու երկիրներու համար զինուորական մասնագէտներու պատրաստումը եւ համագործակցութիւնը մարդասիրական ոլորտներէ ներս։

Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ Չինաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած հայ զինուորականները հրաշալի սպաներ եւ հրամանատարներ կը դառնան։

—————————————————————————-

 

Ինչո՞ւ Հայաստան չմասնակցեցաւ ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն Վրաստանի մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը թէեւ նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի մասնակցի Վրաստանի մէջ կայանալիք “Agile spirit 2017” զօրավարժութիւններուն, սակայն, վերջին պահուն հրաժարեցաւ, կը գրէ ընդդիմադիր մամուլը։

Ընդդիմութիւնը կը խորհի, թէ այս մէկը հերթական ռուսական ճնշում է նախագահ Սարգսեանի վրայ։ Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ ԱՄՆի դեսպան Ռիչըրտ Միլզ իր մէկ յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ Հայաստան պէտք է կայացնէ ինքնիշխան, իր շահերէն բխող քաղաքականութիւն, հասկցնելով ռուսական հակումին ծանրութիւնը։ Այս պարագային հարց յառաջացած է, թէ ինչո՞ւ ամիս մը առաջ Հայաստան մասնակցեցաւ նման զօրավարժութեան մը Վրաստանի մէջ եւ այս անգամ՝ ոչ։ Արդեօ՞ք պատճառը Ատրպէյճանի մասնակցութիւնն է։ Պաշտօնական Երեւանին պատասխանը ոչ է։

Հայաստան կը շարունակէ պնդել, թէ իր որոշումները կը բխին պետական շահէն միայն։

Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութիւնը կ՚ըսէ՝ «Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Վրաստանում անցկացուող զօրավարժութիւնները այդ առումով առաջնային նշանակութիւն չունեն ՀՀ զինուած ուժերուն համար՝ ի սկզբանէ դրանց չմասնակցելու որոշում է կայացուել»։ Իսկ վերջին պահու շրջանառուող լուրերը անտեղի են, կը նշուի յայտարարութեան մէջ։                                                    

 

Հայաստան կը մասնակցի ռուսական համատեղ զօրավարժութեան

Միւս կողմէ, օրերս Ռուսիոյ «Աշուլուկ» զօրավարժարանին մէջ Հայաստան կը մասնակցի ռուսական «Մարտական ընկերակցութիւն – 2017» համատեղ զօրավարժութեան։ Ընդգրկուած են նաեւ Պելուռուսի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի եւ Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները։

 

———————————————————————————————-

Հար. Քորէա եւ ԱՄՆ կը քննարկեն Հիւս. Քորէային ռազմական պատասխան տալու հաւանականութիւնը

 

Հարաւային Քորէան եւ ԱՄՆը համաձայնած են քննարկել Սեպտեմբեր 3ին Հիւսիսային Քորէայի կողմէ կատարուած հերթական միջուկային փորձարկումին ռազմական պատասխան տալու հնարաւորութիւնը։ Սէուլ համաձայն է աւելի կոշտ պատժամիջոցներու ընդունիլ Հիւսիսային Քորէայի դէմ։

Նման բովանդակութեամբ հեռախօսազրոյց ունեցած են նաեւ ԱՄՆի նախագահ Թրամփ եւ Ճափոնի վարչապետ Սինծօ Ապէ։

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 3ին Հիւս. Քորէա յայտարարած էր ջրածնային ռումբի փորձարկումի մասին, որ կրնայ օգտագործել որպէս միջմայրցամաքային հրթիռի մարտագլխիկ։ Ճափոնցի եւ հարաւքորէացի գիտնականներուն կարծիքով, Հիւս. Քորէայի մէջ արձանագրուած «արհեստական» երկրաշարժը գրեթէ 10 անգամ աւելի մեծ է  2016ի համանման փորձի ցնցումէն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ