Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՌՈՒՍԻԱ. Նախագահ Վլատիմիր Փութին չի ծրագրեր մասնակցիլ Նիւ Եորքի մէջ Սեպտեմբերին կայանալիք ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի նիստին, որ պիտի բացուի Սեպտեմբեր 12ին։ Ամսուն 19ին պիտի սկսին համընդհանուր քաղաքական հարցերու քննարկումները, իսկ Սեպտեմբեր 18ին ելոյթ պիտի ունենայ ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփ, համաշխարհային առաջնորդներուն հետ քննարկելով ՄԱԿը բարեփոխելու հարցը։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ. Քանատացի պատգամաւորներ Թոնի Քլեմենթը եւ Ռէյչըլ Հարտըրը Արցախ այցելելու պատճառով յայտնուած են Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ի վրայ։ Ատրպէյճան զիրենք կը մեղադրէ «հայկական կողմի քարոզչութեան» համար։ Անոնք Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հետ։

ՃԱՓՈՆ. Արքայադուստր, կայսր Աքիհիթոյի թոռնուհի Մաքօ Աքիսինոն պաշտօնապէս յայտարարած է իր ուսանողական ընկերոջ հետ նշանուելու մասին։ 25ամեայ արքայադուստրը արքայազն Աքասինոյի աւագ աղջիկն է եւ կայսր Աքիհիտոյի առաջին թոռնիկը։ Թէեւ անոր ամուսնութիւնը հաւանութեան արժանացած է, սակայն Մաքոն պիտի զրկուի իր տիտղոսէն։

ՔԱՐԻՊԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐ. Չորեքշաբթի օր 185 մղոն արագութեամբ Իրմա փոթորիկը ահաւոր վնասներ պատճառեց Քարիպեան կղզիներուն մէջ։ Շինութիւններ վնասուած են եւ ջրհեղեղը աւերներ կը գործէ։ Ֆրանսա կը յայտնէ, թէ կորսնցուցած է կապը Սէյնթ Մարթինի հետ։ Իրմա փոթորիկը կ՚ուղղուի դէպի Փուէրթօ Ռիքօ, Տոմինիքեան Հնր. եւ  ԱՄՆի Ֆլորիտայի Քէ Ուէսթի շրջան։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Թուրք երիտասարդ մը, Օզկիւլ Տուման, որ Մայիս 23ին հատած էր Արաքս գետը, փշալարերէն անցնելով մտած Հայաստան, օգնութիւն ստացած էր Ապտուլպարի Քանաթէն, որ պահանջած էր տասը հազար տոլար՝ օժանդակելու անոր ապօրինի մուտքին Հայաստան։ Այժմ երկուքին  գործը յանձնուած է դատարան։

ՔՈԼՈՄՊԻԱ. Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Արսէն Ոսկանեանը, որ Քոլոմպիոյ մէջ Նոյեմբեր 2016ին գերի բռնուած էր «Ազգային ազատագրական բանակ» կոչուող ապստամբներու խումբին կողմէ, սպաննուած է։ Ան փորձած էր փախուստի դիմել, նոյնիսկ նռնակ մը պայթեցուցած էր քանի մը հոգի ալ վիրաւորելով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ