Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Կանխահաս մահուան առիթով Վերյիշելով Սարգիսին մտերմութիւնը նաեւ… «միւս»ներուն

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Յունիս 2017:

Բջջային հեռաձայնս կը հնչէ:

Ծանօթ հաղորդավարուհի Նազելի Էպէյեան-Նալպանտեանն է:

Յուզուած ձայնով կ՚ըսէ.«Պրն. Աղպաշեան, տալիքս տխուր լուր է»:

«Խեր»,– կ՚ըսեմ:

Կնքահայրս, քու հայաստանեան մտերիմդ` Սարգիս Տեմիրճեանը, ոչ եւս է:

Կը շշմիմ, թէեւ գիտէի առողջական լուրջ հարցեր ունէր, այնուամենայնիւ, մտերիմի մը մեկնումը կ՚ալեկոծէ զիս, տանելով… հեռունե՜ր:

Օգոստոս 1964: Պէյրութի քարափը լի էր հայութեամբ: Ծնողներ ու հարազատներ եկած էին հրաժեշտ տալու իրենց զաւակներուն, որոնք հայրենիք պիտի մեկնէին բարձրագոյն ուսում ստանալու:

Տեսարանը աննկարագրելիօրէն յուզիչ եւ ուրախ էր միանգամայն. ողջագուրում, արցունքախառն դէմքեր, հրաժեշտի մաղթանքներ, բայց, միաժամանակ, հպարտանքի զգացումներ, թէ՛ ծնողներու, թէ՛ ուսանողներու կողմէ, որոնք հայրենիք պիտի հասնէին, ծովեր-ցամաքներ անցնելով, ի վերջոյ հանգրուանելու համար Մայր Հայաստանի այս կամ այն համալսարանին մէջ:

Բարեբախտութեանց բարեբախտութիւնը այն էր, որ այդ թեկնածուներէն մէկն ալ ես էի, բայց ոչ ոքի կը ճանչնայի իմ տարեկիցներէս, բացի զարմիկէս` Պետիկ Մարգարեանէն:

Նաւային ճամբորդութիւնը եօթնօրեայ էր, հետեւաբար աւելի քան յիսուն «ուսումնագնացներու»ն հետ ծանօթացումը, կամայ թէ ակամայ, անխուսափելի էր, որոնցմէ, ի շարս այլոց, սիրելի Սարգիսն էր, համակրելի, ներկայանալի ու կարմրաթուշիկ արտաքինով:

Մեր մօտիկութիւնն ու մտերմութիւնը, յետոյ, ամրապնդուեցաւ ու զարգացաւ, 2րդ հանրակացարանի միեւնոյն քնասենեակին մէջ դառնալու իրողութեամբ, որ եղաւ լի` հետաքրքրական, յատկանշական եւ արկածախնդրական, ուսանողական, համալսարանական եւ ընկերական միտումներով:

Սարգիսը բարի եւ ընկերային էր, ծառայասիրական լաւագոյն յատկութիւններով ու բարեմասնութիւններով:

Ամէն ոք կը սիրէր զինք, մանաւանդ իգական սեռի ներկայացուցիչները, որոնցմէ մին` Գոհարը` յետագային դարձաւ իր հաւատարիմ ու հոգատար հրեշտակը, Երեւանէն մինչեւ Սան Տիէկօ, լաւագոյն եւ առաւելագոյն կէսի պատկանելիութեամբ եւ նաեւ երկու դուստրերուն կրթութեամբ:

Յետ շրջանաւարտութեան համալսարանական մեր կրթութեանց, Սարգիսը` իր կնոջ հետ, մնաց Հայաստան (Աբովեան), սակայն ես չկրցայ իր «հետք»ը գտնել, հակառակ բազում անգամներ պաշտօնական այցելութիւններով հոն գտնուելու, մինչեւ որ` երկրաշարժային-ղարաբաղեան իրադարձութիւններէն ետք իմացայ, թէ տեղափոխուած է Ամերիկա եւ կը գտնուի Սան Տիէկոյի մէջ:

Սեպտեմբեր 2006:

«Զարթօնք»ի խմբագրատուն:

Կը յայտնեն, թէ Ամերիկայէն զոյգ մը կ՚ուզէ հետս տեսնուիլ:

Անուն չի տրուիր: Անակնկալ է կ՚ըսեն:

Անմիջապէս կը ճանչնամ Սարգիսն ու Գոհարն են:

Սարգիսը` քիչ մը կերպարանափոխուած, բայց` կենսատու, Գոհարը քիչ մը ձեւափոխուած, բայց աշխոյժ:

Հին օրերն ու լաւ յուշերը մեզ կենդանացուցին ու խանդավառեցին:

Սարգիսը ուրախ էր, բայց, մտահոգ իր առողջութեամբ, Գոհարը եւս, ուրախ էր, բայց, մտահոգ Սարգիսով:

Սարգիսին կանխահաս շիջումը զիս յիշեցուց նոյնքան սիրելի եւ անկեղծ վաղահաս անդարձ մեկնող ընկերներ, որոնց հետ նոյն պայմաններու մէջ ծանօթացած եմ, յետագային, այս կամ այն մարզերու մէջ, Պէյրութ թէ այլուր, շարունակած մտերիմ յարաբերութիւնները ու հաղորդակցութիւնները:

Անոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները առանց թուականներու.

Յակոբ Քէօսէեան (բանասէր)

Բիւզանդ Մինասեան (բանասէր)

Նիկողոս Մարոնեան (մարզիչ)

Յակոբ Այնէճեան (ելեկտրական երկրաչափ)

Յովհաննէս Փափազեան (բժիշկ)

Բարսեղ Թիւթիւնճեան (արեւելագէտ)

Խաչիկ Աւետիքեան (բանասէր)

Մկրտիչ Քէշիշեան (բժիշկ)

Վահրամ Ապտալեան (ելեկտրական երկրաչափ)

Նազարէթ Վահանեան (բժիշկ)

Հրաչ Տէր Ղազարեան (արեւելագէտ)

Մանուկ Քիւփէլեան (բժիշկ)

Յարութ Երէցեան (բեմադրիչ)

Լեւոն Շատարեւեան (ճարտարապետ)

Այսօր չկան անոնք, որոնց միանալու եկաւ Սարգիսը, խոր վիշտ պատճառելով Գոհարին, դուստրերուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն, բայց բոլորն ալ կը մնան յիշատակի եւ յիշատակելիութեան արժանի հայորդիներ իրենց նկարագիրով, հայկականութեամբ ու մարդկայնութեամբ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ