Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Արարատ Տուն ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտութիւնը քաղցր պահեր պարգեւեց մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին, Արարատ Տան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն՝ նուիրուած մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն, ամերիկեան “Grandparents’ Day”-ին առիթով: Ներկայ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կէսօրուան ճաշէն ետք վայելեցին ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտութեան հրամցուցած մշակութային յայտագիրը:

Օրուան մեծարեալ մեծ հայրն ու մեծ մայրն էին գաղութիս ծանօթ դէմքերէն, բարերարներ Տէր եւ Տիկ. Արմէն եւ Նորա Համբար: Գեղարուեստական յայտագիրը սկսելէ առաջ, ՀԲԸՄ-ի Վ. եւ Թ. Մանուկեան երկրորդական վարժարանի Կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Դոկտ. Սիլվա Գարայեան խօսեցաւ օրուան խորհուրդին մասին, շնորհակալութիւն յայտնեց Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան, ապա հրաւիրեց ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը:

Տիկ. Աւանէսեան շնորհաւորեց մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը եւ օրուան խորհուրդը կարեւորելէ ետք, հրաւիրեց վարժարանի հայերէնի բաժնի պատասխանատու Պրն. Հրաչ Սեփեթճեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը:

Եւ այսպէս, մէկը միւսին յաջորդեցին ԱՄՆի եւ Հայաստանի քայլերգները՝ Թամար (7րդ) եւ Փաթիլ (4րդ) Գարակէօզեաններու կողմէ ռիքորտըրով, իսկ ՀԲԸՄի քայլերգը երգեցին 3րդէն 6րդ դասարաններէն կազմուած Glee Club-ը, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Արուս Անդրէասեանի: Glee Club-ի փոքրիկները իրենց երգով հաճելի պահեր պարգեւեցին մեծահասակ մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն: Prayer, «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն», «Հայաստան», «Հայեր, միացէք» եւ «Հայ ենք մենք» խմբերգները խլեցին բուռն ծափահարութիւններ:

Արտասանութեամբ հանդէս եկան 7րդ դասարանէն Թամար Գարակէօզեան՝ Համաստեղի «Հայու ոգին», եւ Անի Յակոբեան ու Նիքօլ Զիպտէա 6րդ դասարանէն՝ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի». ելոյթները տպաւորիչ էին իրենց ձայնով, իմաստով ու հայրենասիրութեամբ զեղուն:

Յայտագրին փայլք տուաւ նաեւ 9րդ դասարանի աղջիկներու պարախումբը. «Սասնայ աղջիկ», պարուսոյց՝ Օրդ. Անայիս Աւանէսեան: Հաճելի էր ունկնդրել ամէնէն փոքրիկ մասնակիցին դաշնամուրային ելոյթը՝ Լիտիա Հալիճի, 3րդ դասարան, «Կաքաւիկ»: Պարոյր Սեւակի «Հայուն ուխտ»ի բառերը նոյնքան ազդու էին փոքրիկներուն շուրթերէն արտասանուած:

Աւարտին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտները բոլոր ներկաներուն բաժնեցին իրենց կողմէ պատրաստուած բացիկներ, ուր կը շնորհաւորէին մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը իրենց տօնին առիթով:

Շնորհակալութիւն բոլոր կազմակերպիչներուն, Դոկտ. Սիլվա Գարայեանին, վարժարանիս տնօրէնութեան եւ հանդիսութեան իրենց բաժինը բերող աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն:

Այստեղ կ’արժէ յիշեցնել, թէ մեր գաղութէն ներս մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն նուիրուած առաջին պաշտօնական տօնախմբութիւնը կազմակերպուած է ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեան հիմնարկի «Ազգանուիրում» ծրագրէն ներս, 7 Սեպտեմբեր 2011ին: Այդ տօնախմբութեան ստեղծած խանդավառութենէն քաջալերուած, ՀԲԸՄ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկը որոշեց ամենամեայ դրութեամբ աւանդութիւն դարձնել մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու օրը մեր գաղութէն ներս:

Թղթակցութիւնը վարժարանէն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ