Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը կրթական նոր տարեշրջանի սեմին

Հայ Քոյրերու վարժարանը մեծ ուրախութեամբ իր դրները բացաւ եւ պաշտօնապէս 2017-2018 կրթական տարեշրջանը սկսաւ Երեքշաբթի, 5  Սեպտեմբերի առաւօտեան։

Երեքշաբթի առաւօտեան վարժարանիս Դանիէլեան սրահէն ներս, աշակերտները  իրենց դասարանային կարգով շարուած էին, երբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն՝ առաւօտեան աղօթքները, դրօշակակի արարողութիւնը եւ ամերիկեան եւ հայկական զոյգ քայլերգներու երգեցողութիւնը, ապա տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա բարի գալուստի խօսք ուղղեց բոլոր աշակերտներուն, մասնաւորապէս նոր եկող աշակերտներուն եւ զիրենք բեմ հրաւիրելով ներկայացուց, ինչպէս նաեւ բարի գալուստի մաղթանքներով ներկայացուեցան առաջին դասարանի աշակերտները, որոնք մեծ ակնկալութեամբ եւ ակնածանքով անցած էին մանկապարտէզէն նախակրթարան։ Տնօրէնուհին նաեւ բարի գալուստի խօսք ուղղեց բոլոր աշակերտներուն, ծնողներուն, ուսուցչական կազմին եւ միաժամանակ  ներկայացուց նոր ուսուցիչները։

Դպրոցական օրը սկսաւ անմիջապէս առաւօտեան արարողութենէն ետք, երբ ութերորդ աւարտական դասարանի աշակերտները առաջնորդեցին առաջին դասարանի աշակերտները իրենց դասարանը եւ շուտով դպրոցը մտաւ իր սովորական ընթացքին մէջ, ամէն ոք իր աշխատանքին փարած՝  լարուած ժամացոյցի ճշգրտութեամբ սկսաւ իր պատասխանատու աշխատանքին:

– Սեպտեմբեր 5-ին, վերամուտի առաջին օրն իսկ տեղի ունեցաւ նախամանկապարտէզի եւ մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու  ծնողական հանդիպումը, ուր մանկապապարտէզի Տնօրէնուհի Սօնա Գազանճեան բարի գալուստի խօսքէն ետք սպառիչ կերպով բացատրեց դպրոցական օրէնքներն ու առօրեայ պահանջքները, ապա ծնողները բաժնուեցան սրահէն եւ իրենց զաւակներու դասարաններուն մէջ  հանդիպեցան դաստիարակներուն, ծանօթացան դասարանի միջավայրին, դաստիարակման դրոյթներուն եւ դասաւանդման ձեւերուն։

– Սեպտեմբեր 14-15 երեկոյեան տեղի ունեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի ծնողական հանդիպումները, ուր խօսք առին՝ տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն եւ մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ:

Յապաւումներով

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ