Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Պտոյտ մը արաբական Սպանիոյ մէջ…

Սահիկներով պատրաստուած հաճելի եւ օգտակար դասախօսութիւն մը պատրաստած էր ԹՄՄ Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղի ատենապետ Գէորգ Քէօշկէրեանը Կիրակի, 17 Սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5։00ին, միութեան Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ, Ալթատինա։

Նիւթը խորագրած էր սապէս. «Սպանիոյ տեսարժան վայրերը արաբական տիրապետութեան օրերէն մնացած»։ Եւ այդպէս ալ մեծ պաստառի վրայ ան մեզ տարաւ արաբական Սպանիա եւ Ճիպրալթար, մտանք Մարոք, ուր մեր աչքերով «գրաւեցինք» Թոլիտոն, Սիվիան, Կրանատան, Քորտոպան եւ շատ աւելին։ Արդարեւ, անոր կատարած այցելութեան մենք ալ մասնակիցը դարձանք… հեռակայ կարգով։ Ժամանակին սահքը աննկատ էր։ Երբ աւարտեցաւ դասախօսութիւնը, ներկաները դեռ կը յամենային, կը սպասէին աւելիին։ Այլ խօսքով, հետաքրքրական պտոյտ մըն էր, որուն համար մեր ջերմ շնորհակալութիւնները Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինայի վարչութեան ատենապետին։

Քէօշկէրեան, թէեւ ծանօթ անուն մըն է որպէս մանկավարժ, դերասան եւ գրչի մարդ, սակայն կ՚արժէ յիշել վարչականներէն Խաչիկ Նահապետեանի բացման խօսքէն այն, թէ այնթապցի այս «երիտասարդը» ծնած է Պաղեստին, որմէ ետք ընտանիքով անցած Սուրիա, ուսման ծարաւը զինք տարած է Լիբանան եւ վերջապէս թափառական այս հայը հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ։

Աւարտին, փակման խօսքը արտասանեց վարչութեան այլ գործօն տարր մը՝ Տիկ. Աստղիկ Խանճեանը։

Ներկաները հիւրասիրութեան մը շուրջ շնորհաւորեցին Քէօշկէրեանը, անոր պատրաստած համով մէկ ժամուան համար։

 

Հ.Ս.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ