Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Չինաստան ընդդէմ Ամերիկայի

ԿՐԵՀԸՄ ԷԼԻՍԸՆ

 

Մինչ ամերիկացիները կ՚անդրադառնան վերելքի մէջ եղող Չինաստանի մը, որ ներկայիս կը մրցի Մ. Նահանգներուն հետ ամէն բնագաւառէ ներս, շատեր հանգիստ կը զգան, համոզուելով, որ Չինաստան որքան հարստանայ ու զօրանայ, պիտի հետեւի Գերմանիոյ, Ճափոնի եւ այլ երկիրներու, որոնք արմատական փոխակերպութիւններու ենթարկուելով, դարձած են ազատական ժողովրդավարութիւններ։ Այս տեսակէտով, համաշխարհայնացումի մոգական խառնուածքը, շուկայական սպառումը (market based consumerism), եւ ընդելուզումը օրինապահ միջազգային հասարակարգէ մը ներս, պիտի մղէ Չինաստանը զարգանալով՝ դառնալու համար ներքնապէս ժողովրդավար ու «պատասխանատու գրաւակալ (stockholder) մը»։

Վերոյիշեալ տեսակէտին հետ համաձայն չէ Սէմուէլ Հանթինկթըն։ “The clash of civilizations” (լոյս տեսած 1993ին) իր մէկ քննասիրութեան մէջ, գիտնական-քաղաքագէտ մեկնաբանը կը յայտնէ, թէ փոխանակ միջազգային ազատական աշխարհին հետ ձուլուելու, մշակութային տարբերութիւններ կամ ճեղքեր (cultural faultlines) պիտի տնօրինեն պաղ պատերազմին յաջորդող աշխարհի ճակատագիրը։

Հանթինկթընի վարկածը մեր օրերուն կը յիշատակուի, երբ լուսարձակի տակ առնենք «Արեւմտեան եւ իսլամական քաղաքակրթութիւնները» – ճեղք մը, որ բացայայտուեցաւ 2011 Սեպտեմբերի ահաբեկումներով եւ անոնց հետեւանքներով։ Այսպէս, Հանթինկթըն տեսած եղաւ գոյութիւն ունեցող խոր, տեւող եւ հետեւական անդունդը, Ամերիկայի առաջնորդութեամբ Արեւմուտքին ու Չինական քաղաքակրթութեան միջեւ։ «Միջազգային քաղաքակրթութիւն» ունենալու գաղափարը արեւմտեան մտածողութիւն մըն է, որ ուղղակիօրէն կը հակադրուի ասիական շատ մը մարդկային ընկերութեանց իւրայատկութեանց։

Հանթինկթընի տեսակէտը աւելի պիտի զօրանայ գալիք տասնամեակներուն։ Ըստ անոր, Մ. Նահանգները կը մարմնաւորէ արեւմտեան քաղաքականութիւնը։ Ձգտուածութիւնը ամերիկեան ու չինական արժէքներու, աւանդութիւններու եւ փիլիսոփայութիւններու միջեւ, պիտի ծանրացնեն հիմնական ճնշումները, երբ վերելքի մէջ եղող ուժ մը, ինչպէս Չինաստանինը, վտանգէ հաստատուած իշխանութիւն մը՝ ինչպիսին է Մ. Նահանգները։

Նման զգացական տեսաբանութիւններ կ՚առաջնորդեն հակամարտութեան։ Այս հոգեվիճակը կը պատկերացուի իբրեւ Thucydides-ի թակարդը, որ Քրիստոսէ աւելի քան չորս հարիւր տարիներ առաջ, նոյն գոյավիճակին մէջ գտնուող Աթէնքը եւ Սփարթան, երկարատեւ (27 տարիներ՝ 431-404 Ք.Ա.) պատերազմի առաջնորդեցին, երկուստեք մարդկային մեծ կորուստներու եւ աւերներու ենթարկուելով, եւ Աթէնքը պարտութեան մատնելով։ Ըստ Thucydides-ի «Աթէնքի բարգաւաճումը եւ Սփարթայի տիրապետող դիրքը, անխուսափելի դարձուցին պատերազմը»։

Բարգաւաճող ուժեր հասկնալիօրէն աճող իրաւասութեան զգացում մը կ՚ունենան, պահանջքը զգալով աւելի ընդարձակ ազդեցութեան եւ յարգանքի։ Հաստատուած ուժեր, երբ գտնուին մարտահրաւէրի մը դիմաց, կը մտահոգուին անապահով, երկչոտ ու պաշտպանողական դառնալով։ Նման մթնոլորտի մը մէջ, անհասկացողութիւնները կը չափազանցուին, համակրական հասկացողութիւնը խուսափողական կը դառնայ, ու դէպքեր կամ երրորդական կողմերու գործողութիւնները, որոնք այլապէս անհետեւանք կամ ղեկավարելի էին, կրնան յառաջացնել պատերազմ. բան մը, որուն երբեք պիտի չուզէին դիմել գլխաւոր կողմերը։

Չինաստանի ու Մ. Նահանգներու պարագային, Thucydides-եան վտանգներուն վրայ, երկու երկիրներուն մէջ, բարդուած են քաղաքական անհամընթաց (incompatible) զարգացումներ, որոնք կը սաստկացնեն մրցակցութիւնը։ Այս անհամակերպութիւնը դիւրաւ տեսանելի է, խոր տարբերութեանը մէջ ամերիկեան ու չինական մտապատկերներուն՝ պետութեան գաղափարին նկատմամբ, այլազան բնագաւառներէ ներս՝ անհատներու դերի, ազգերու տնտեսական փոխյարաբերութեանց, ու ժամանակի բնութեան մասին։

Ամերիկացիները պետութիւնը կը նկատեն իբրեւ անհրաժեշտ չարիք մը, ու կը հաւատան, որ անոր ձգտումը դէպի տիրակալութիւն եւ իրաւասութեան չարաշահում երկիւղալի ըլլալով, պէտք է սանձուի։ Չինացիներուն համար, պետութիւնը անհրաժեշտ լաւութիւն մըն է, կարգապահութիւնը ապահովող ու քաոսը արգելակող հիմնական կռուան մը։

Ամերիկեան ազատ-շուկայական դրամատիրութեան մէջ, կառավարութիւնը կը տնօրինէ ու կը գործադրէ օրէնքները։ Պետական սեփականութիւն ու միջամտութիւն տնտեսութենէն ներս պատահական են, սակայն բացառութիւն են։ Չինաստանի մէջ, պետութեան կողմէ ղեկավարուած տնտեսութիւն մը կը տնօրինէ զարգացումի նպատակակէտեր, կը զատորոշէ ճարտարարուեստներ ու կ՚օժանդակէ անոնց զարգացման, կը քաջալերէ ազգային ախոյեաններ, եւ յանձնառու կ՚ըլլայ երկար տնտեսական ծրագիրներու իրագործման՝ ապահովելու համար ազգային գերագոյն շահերը։

Չինական մշակոյթը չի  փառաբաներ ամերիկեան անհատապաշտական ոճը, զոր ընկերութիւնը կ՚արժեւորէ անհատին իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ ու քաջալերութեամբ։ «Տուր ինծի ազատութիւն կամ մահ» լոզունգին դիմաց, չինական համապատասխան կոչը պիտի ըլլայ «Տուր ինծի ներդաշնակ հաւաքականութիւն մը, կամ՝ մահ»։ Չինաստանի համար օրէնքը բարձրագոյն արժէքն է, ու ներդաշնակութիւնը հետեւանք մասնակցողներու, որոնք կը հաւատան Կոմփիւկիոսի առաջին հրամայականին՝ «Ծանի՛ր զքեզ»։

Այս տեսակէտը կը կիրարկուի ոչ միայն առտնին տնտեսութեան, այլ՝ համաշխարհային արարքներու նկատմամբ։ Չինաստանի մէջ ճիշդ տեղը բուրգին գագաթն է, մինչ ուրիշ պետութիւններ հարկատուներ են։ Ամերիկեան տեսակէտը տարբեր է. Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք. Ուաշինկթըն ձգտած է արգելք հանդիսանալ ծնունդին «մրցակից»ի մը, որ կարենայ մարտահրաւէր կարդալ ամերիկեան զինուորական տիրապետութեան։ Այսուհանդերձ, յետ պատերազմեան կարգ մը ըմբռնումներ՝ միջազգային հասարակարգի մը մասին, շեշտած են նաեւ կարիքը օրէնքի վրայ հիմնուած միջազգային դրութեան մը, որպէսզի զսպէ նոյնիսկ Մ. Նահանգները։

Վերջապէս, ամերիկացիներն ու չինացիները կը խորհին ժամանակի մասին, բայց տարբեր կը մտածեն անոր անցնումին (passage) նկատմամբ։ Ամերիկացիները աւելի կը կեդրոնանան ներկային վրայ։ Միւս կողմէ, չինացիները կը մտածեն հիմնական տասնամեակներու եւ նոյնիսկ դարերու հիման վրայ։

Անշուշտ, վերոյիշեալները ընդհանրացումներ են, ու չեն ցոլացներ անպայման բարդութիւնները ամերիկեան ու չինական ընկերութեանց։ Այսուհանդերձ, անոնք կարեւոր յիշեցումներ են այն ղեկավարներուն, որոնք կը տնօրինեն յիշեալ երկու երկիրներուն քաղաքականութիւնը։

 

(Շար. 1)

Ազատ թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Foreign Affairs», Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ