Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ

Արցախը արժանի է միջազգային ճանաչումի, յայտարարեց քոնկրէսական Փալոն

Արցախը, փաստօրէն ըլլալով անկախ պետութիւն, իսկապէս արժանի է միջազգային ճանաչումի, լրագրողներուն Երեւանի մէջ յայտարարեց քոնկրէսական Ֆրենք Փալոն։ Մինչ այդ, ամերիկացի դիւանագէտները հանդիպում ունեցած էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ։ Վերջինս երախտագիտութեան մետալներով պատուած է ամերիկացի դիւանագէտները։ Փալոն եզրափակելով ըսած է նաեւ, թէ Արցախի հայկական ըլլալը շատ կարեւոր է շրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար։

– Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երեքշաբթի օր ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի  համանախագահներ Ֆրենք Փալոնը, Տէյվիտ Վալըտէոն եւ Ճէքի Սփայըրը, քոնկրէսականներ Աննա Էշուն, Թալսի Կապարտը եւ Ճէյմս Սենսենպրենըրը։

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին եւ Արցախին յատկացումներ տրամադրելուն համար։

– Խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանը նոյնպէս ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի օր։ Անոնք արծարծած են տնտեսական խնդիրներ, ներդրումներ, խօսած սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ փոխգործակցութեան մասին։

 

ԱՄՆ ունի կարողութիւնը ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

 

 

ԱՄՆի քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի հայազգի գործիչ Աննա Էշուն համոզուած է, որ ԱՄՆը պարտաւոր է, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Այդ ուղղութեամբ մենք կ՚աշխատինք եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ, ըսած է ան։

Հայկական արմատներ ունեցող քոնկրէսական Ճէքի Սփիր Քանչերեանի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 17ին Հայաստան ժամանած էր ԱՄՆի պատուիրակութիւնը։

 

Դեսպան Յովհաննիսեան՝ լաւատես

 

ԱՄՆի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ օրերս կը գտնուէր Երեւան, լաւատեսօրէն տրամադրուած է Ամերիկայի հետ կրկնակի հարկումը բացառող պայմանագիրի ստորագրութեան գծով։

Ան նշած է, որ մինչեւ երեք տարի կրնայ տեւել պայմանագրին ստորագրումը։ Երբ քաղաքական կամքը կայ,  մնացածը արդէն ժամանակի հարց է, որ պէտք է արագացնենք մենք եւ մեր ամերիկացի գործընկերները, ըսած է ան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ