Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ տարուան մէջ հայկական երկու դպրոց փակուած է Մոսկուայի մէջ

Այս տարուան սկիզբը փակուած է Մոսկուայի մէջ 1989ին, երկրաշարժէն ունեզրկուած ու Մոսկուա տեղափոխուած հայ երեխաներու համար հիմնուած ու գործող թիւ 1650 հայկական դպրոցը, պատճառաբանելով, որ շէնքը մեծ է եւ ծախսը շատ 150 հայ երեխաներու համար։ Դպրոցը միացուցած են այլ դպրոցի մը, լուծելով «բոլոր» հարցերը։

Հետաքրքրական է, որ մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող այդ հինգ յարկանի դպրոցին տիրութիւն չեն ըրած Մոսկուայի հայ մեծահարուստները։

Հայրենի մամուլէն կ՚իմանանք, թէ մեծահարուստ Անդրանիկ Նիկողոսեանը, որ Հայաստանի մէջ հարիւրէ աւելի  ռուսերէնի ուսուցման կեդրոններ հիմնած է, ըսած է, թէ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի հայկական դպրոցը չփակուի։

Մէկ բան յստակ է, որ Ռուսիա չ՚ուզեր կորսնցնել Հայաստանը որպէս դաշնակից, իսկ Հայաստանի մէջ սկսած են աւելի ու աւելի խօսիլ «ռուսական վտանգին» մասին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ