Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Նիւ Եորք. Նալպանտեան-Մամետիարով հանդիպում եւ ԵԱՀԿ յայտարարութիւն

Սեպտեբեր 23ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Սթեֆան Վիսքոնթին, Էնտրիւ Շոֆերը, ինչպէս նաեւ  ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։

Քննարկուած է յառաջիկային կայանալիք երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումին հետ կապուած հարցեր։

Համաձայնած են, որ Մինսքի խումբի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն Հոկտեմբեր ամսուն։

Յետ հանդիպումին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր նշուած է որ հիմնական նպատակը ատրպէյճանա-հայկական սահմանի իրավիճակի քննարկումն է եւ երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպման նախապատրաստութիւնը։

Համանախագահները յոյսով են, որ բարձր մակարդակի հանդիպումը պիտի նպաստէ փոխզիջումներու փնտռտուքին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ