Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Կլէտիս Պերեճիքլեան պարգեւատրուեցաւ Ս. Սարգսեանի կողմէ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլէտիս Պերեճիքլեան պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ» մետալով, «պետական եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան, իրաւունքի եւ քաղաքականութեան ոլորտներում նշանակալի ներդրման համար»: 

Ինչպէս ծանօթ է, Պերեճիքլեան Ցեղասպանութենէն վերապրածներու երրորդ սերունդին կը պատկանի եւ առաջին աւստրալահայ գործիչն է, որ Աւստրալիոյ մէջ կը զբաղցնէ նահանգային վարչապետի պաշտօն։ Մինչ այդ պաշտօնը ստանձնելը, ան նոյն նահանգի ելեւմուտի՝ ֆինանսներու նախարարն էր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ