Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Միշիկըն նահանգը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի Սենաթը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը։ Բանաձեւին նախագիծը ներկայացուցած է նահանգային սենաթոր Տէյվիտ Քնիզէքը։

Սեպտեմբեր 28ին ընդունուած բանաձեւը «կոչ կ՚ուղղէ ԱՄՆի նախագահին եւ Քոնկրէսին ճանչնալու ԼՂՀը, տնտեսական եւ մշակութային կապեր հաստատել ժողովուրդին հետ եւ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան  եւ կայունութեան»։

Հոն ըսուած է նաեւ, որ Արցախը պատմականօրէն հայկական տարածք է, որուն բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հայեր են։

Միշիկըն ԱՄՆի 8րդ նահանգն է, որ ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ