Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի անկախութեան 26րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն ներս

Սեպտեմբեր 21։ Հայ ժողովուրդի վերածննդեան ու վերանկախացման օր։

Հինգ­շաբ­թի, 21 Սեպտեմբեր 2017ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, կազմակերպութեամբ վարժարանիս Հայագիտական բաժանմունքին, արժանապէս նշեց Հա­յաս­տա­նի վերան­կա­խացման եւ պետականութեան հաստատման 26ամ­եա­կը։  Տօնակատարու­թեան ներ­կայ էին վարժարանիս տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը, աշակերտութիւնը, ծնողներ եւ շրջանաւարտից միութեան անդամներ։

«Պօյաճեան» սրահը ամբողջութեամբ եռագոյն դրօշներով զարդարուած էր։ Մինչ աշակերտները սրահ մուտք կը գործէին, պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական տողանցքը։

Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ վարժարանիս սկաուտ աշակերտներու դրօշակի հանդիսաւոր արարողութեամբ, որմէ ետք բոլոր ներկաները, երգչախումին առաջնորդութեամբ, երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգն ու ՀԲԸ Միութեան քայլերգը։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Հայերէնի ուսուցիչ՝ տիար Նորայր Տատուրեան, հայկական անկախութիւններու պատկերազարդ համառօտ պատմութիւնը կատարելով, աշակերտներուն խօսեցաւ «ՈՉ»ի ուժին մասին, սկսելով Հայկ Նահապետէն, անցնելով մեր պատմութեան խորերէն ու հասնելով մինչեւ ներկայի մեր արի ֆիտայիներու յայտարարած վճռակամ «ՈՉ»ը՝ ընդդէմ չարին ու խաւարին, ստրկութեան ու անարդարութեան, եւ փոխարէնը անոնց մղած պայքարը՝ յանուն հայրենիքի անկախութեան, յանուն պատիւի ամրագրման եւ յանուն հաւատքի անսասանութեան։

Աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Քրիստինա Շիրանեան, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայ ժողովուրդի անկախութեան խոհրդանշանները։

Ապա վարժարանիս երգչախումբը ներկայացուց հայրենասիրական երգերու փունջ մը, ղեկավարութեամբ տիար Պարթեւ Կիւլիւմեանի, դաշնամուրի նուագակցութեամբ՝ Օրդ. Էլմիրա Սիմոնեանի։ Իսկ պարախումբը, առաջնորդութեամբ պարուսոյց Տիկ. Թագուհի Պէզադեանի, հանդէս եկաւ հայկական խանդավառ երեք պարերով։

Ընթացքին՝ աւարտական դասարանի ինը աշակերտներ հերթաբար բեմ բարձրացան, «Տեսայ անկախ Հայաստանը» խորագրին տակ յուզումնախառն կարօտով պատմեցին Հայաստան իրենց այցին եւ անկէ ստացած անմոռանալի զգացումներուն ու տպաւորութեանց մասին, իւրաքանչիւրը շեշտելով յատկապէս երեւոյթ մը, զոր մեծ ազդեցութիւն թողած էր իրենց վրայ։

Հաւաքական աշակերտական ուխտի արտասանութենէն ետք, վարժարանիս տնօրէն՝ տիար Մայքըլ Փրաթ, իր ստացած խոր տպաւորութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց օրուան խորհուրդի կազմակերպութեան համար, յատկապէս բարձր գնահատելով տիար Նորայր Տատուրեանը, իր տարած բծախնդիր աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ երգի ու պարի ուսուցիչները եւ յայտագրին մասնակցող բոլոր աշակերտները։

Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, խանդավառ մթնոլորտը դեռ երկա՜ր շարունակուեցաւ՝ հայկական երաժշտութեամբ ու հաւաքական պարերով։

Աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ ու ազգայնաշունչ ոգիով տոգորուած վերադարձան իրենց տուները։

Թղթակցութիւնը վարժարանէն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ