Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԱՄՆ. Նախագահ Թրամփ Քոնկրէսին առաջարկած է վերանայիլ «Կրին քարտ» տրամադրելու կարգը, ինչպէս նաեւ պատ կառուցել Մեքսիքոյի հետ սահմանի երկայնքին։ Ան կը պահանջէ սահմանափակել ընտանիքի վերամիաւորման նպատակով «Կրին քարտ»երու տրամադրումը եւ ստեղծել միաւորներու վրայ հիմնուած համակարգ։ Օրակարգի վրայ են նաեւ արտաքսման կարգի դիւրացումը եւ ապաստան տրամադրելու օրէնքին վերանայումը։

ԻՐԱՔ. Իրաք Թուրքիոյ եւ Իրանին կոչ ուղղած է քարիւղային եւ սահմանային հարցերով գործակցիլ միայն Պաղտատի հետ եւ խնդրած, որ փակեն դէպի Քիւրտիստան բոլոր մուտքերը մինչեւ անոնք չանցնին Իրաքի կառավարութեան վերահսկողութեան տակ։ Ոչ պաշտօնական կողմեր առաջարկած են, որ Իրաքն ու Քիւրտիստանը միասին  համադաշնութիւն ստեղծեն, որ ներկայ պահուն յարմարագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ։

ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍ. Հոկտեմբեր 30ին պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարուի Պաքու-Թբիլիսի-Կարս երկաթուղիին, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը Վրաստանի մէջ։ Երկու տարիէ ի վեր կը ձգձգուի այս գիծին բացումը, որուն շինարարութիւնը սկսած էր 2007ին։ Ընդհանուր ծախսը՝ 600 միլիոն տոլար է, որ հաւասարապէս ստանձնած էին Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Թուրքիա։

ԱՄՆ. Երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Անքարայի մէջ դադրեցուց Թուրքիոյ քաղաքացիներուն վիզաներ տրամադրել։ Քանի մը ժամ ետք Թուրքիա նման յայտարարութիւն մը կատարեց վիզա չտրամադրելով ամերիկացիներու։ Շաբաթ մը առաջ, Թուրքիոյ դատարանը ազատ չէր արձակած ԱՄՆի հիւպատոսութեան մէկ աշխատակիցը Իսթանպուլի մէջ, որ Թուրքիոյ քաղաքացի է, մեղադրելով զայն կիւլենական շարժման մէջ։

 

Հրդեհներ հիւսիսային եւ հարաւային Քալիֆոնիոյ մէջ

 

Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ հիւսիսային եւ հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ անտառային հրդեհներ ահաւոր մեծ վնասներ պատճառեցին։ Օրէնճ գաւառի հրդեհը անցաւ ութ հազար էյքըրի սահմանը, որուն շուրջ կէսը կարելի եղած էր մարել Չորեքշաբթի օր։ Կը սպասուի, որ մինչեւ Հոկտեմբեր 14 կարելի պիտի ըլլայ մարել կրակը։

Շատ աւելի ծանր է վիճակը հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր չորս գաւառներու մէջ հրդեհ յառաջացած է, պատճառ դառնալով 15 հոգիի մահուան, հարիւրէ աւելի վիրաւորներու եւ 1500է աւելի կառոյցներու փճացման։ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճերի Պրաուն յայտարարած է արտակարգ իրավիճակ վերոյիշեալ հինգ գաւառներուն մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ