Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԼՈՒՐԸ. Ծովէ ծով Հայաստան… Ատրպէյճանի պատմութեան դասագիրքին մէջ

Ատրպէյճանի պատմութեան դասագիրքերուն մէջ յայտնաբերուած են ծովէ ծով Հայաստանի քարտէսներ։ 10րդ դասարանի ռուսական հատուածին համար նախատեսուած դասագիրքերուն մէջ պատկերուած Հայաստանը իր մէջ առած է տարածքներ այսօրուան Ատրպէյճանէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն։ Դասագիրքը գրուած է ինը հեղինակներու կողմէ, հրատարակուած է Պաքուի մէջ 2017ին, 7,000 տպաքանակով։

Նշենք, թէ Մեծն Տիգրանի օրով Մեծ Հայքը հասաւ իր հզօրութեան գագաթնակէտին եւ կը տարածուէր Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական, Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Միջագետքի անապատները, շուրջ մէկ միլիոն քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ