Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան 25ամեակի տօնակատարութիւնը

Մ. Նահանգներու Լոս Անճելըսի բազմամիլիոն քաղաքին մէջ, 1991ին հիմնուեցաւ Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) Հայրենակցական Միութիւնը։ Հաւատաւոր հայրենակիցներու 18 հոգինոց հիմնադիր հոյլը, եւ անոնց հետեւորդները, ազգապահպանումի նուիրեալ աշխատանքները 25 տարիներ անընդմէջ շարունակեցին, իրենց շարքերուն մէջ ընդգրկելով նաեւ երիտասարդ, երկսեռ հայրենակիցներ։ Հարեւանցի ակնարկ մը նետելով Միութեան 25ամեայ գործունէութեանց վրայ, պիտի հաստատենք, որ ոչ-շահաբեր հայրենակցական այս միութիւնը, բարեսիրական իր նպաստները ընդհանրապէս կեդրոնացուցած է գաղութիս հայկական երկրորդական չորս վարժարաններու կարօտեալ սաներուն, եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միջոցով՝ հայրենիքի օժանդակութեանց վրայ։ Այս բոլորը հարազատօրէն արձագանգ կը գտնեն իր օրկանին՝ «Տեղեկատու»ին մէջ։

Հոկտեմբեր 8ին, Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 5էն սկսեալ, նշուեցաւ Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան արծաթեայ յոբելեանը, Պրպէնքի “De Luxe” ճաշարանին մէջ, ճաշկերոյթ-խրախճանքի մը ընթացքին։

Յաջող հանդիսավարութիւն մը կատարեց հայոց լեզուի դասատու ու «Նոր Օր»ի խմբագիր հայրենակից Պրն. Հրաչ Սեփեթճեանը։ Մ. Նահանգներու եւ Տէօրթ-Եոլի քայլերգներէն ետք, վարչութեան խօսքը, ամփոփ գիծերու մէջ, հանգամանօրէն փոխանցեց Տիկ. Մարալ Դարբինեանը։ Կիլիկիոյ Թեմէն, հայրենակից, Արժ. Տէր Վիգէն Քհնյ. Վասիլեանի սեղանօրհնէքէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի մատուցումը։

Յայտագրին Բ. մասը սկսաւ հայկական մենապարով։ Սեւակ Խաչատուրեանի «Հին Ֆայթոն»ը հեզաճկուն ու տպաւորիչ կատարումով մեկնաբանեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի «Արեւ» պարախումբի պարուսոյց Շուշան Աւագեանը։ Ապա, հետեւեցաւ ճոխ յայտագիր մը, հայկական եւ եւրոպական ծանօթ եղանակներու, երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանի կատարողութեամբ եւ Արամ Լեփեճեանի orgue-ի ընկերակցութեամբ։  Երեկոն ճոխացուց նաեւ DJ Մարգարը։

Կարճ դադար մը տրուեցաւ նուագին։ Տպաւորիչ էր յանձնումը յուշանուէրներու, 18 հիմնադիր անդամներու (կամ՝ պարագաներու), անոնց մատուցած ծառայութեանց առ ի գնահատանք։ Այս վերջիններուն անունով, գրող Մարտիրոս Վարդանեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որ արդար հպարտանքի, պատկերաւոր ու զեղուն ոգեկոչում մըն էր, իր հայրենի օճախի կենցաղի եւ ինքնապաշտպանութեան երեք հերոսամարտերու մասին։ Ապա, կարճ ելոյթով հանդէս եկաւ Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ Արժ. Տէր Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանը, որուն յաջորդեց 25ամեակի կարկանդակի հատումը վարչական եւ հիմնադիր անդամներու կողմէ։

Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանի հայրենասիրական երգերու շէնշող մթնոլորտին մէջ։

Միութեան 25ամեակի այս տօնակատարութեան առիթով կատարուեցան հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տէր եւ Տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեան $3,000

Տէր եւ Տիկ. Ճորճ ու Պարպարա Աղազարեան 1,000

Տէր եւ Տիկ. Յովիկ եւ Էլիզա Մինասեան 1,000

Օրդ. Սօսի Յակոբեան 500

Տէր եւ Տիկ. Զոհրապ եւ Հիլդրուտ Աղուինեան 300

Տէր եւ Տիկ. Յակոբ ու Ռոզմէրի Մանուկեան 300

Տիար Ալիք Ասատրեան 200

Տէր եւ Տիկ. Մկրտիչ եւ Արշալոյս Շաքլեան 200

Տէր եւ Տիկ. Յովակիմ եւ Այտա Պապուճեան 200

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն 200

Այնթապի Հայրենակցական Միութիւն 200

Պէյլանի Հայրենակցական Միութիւն 200

Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Ռոզմէրի Ճանոյեան 150

Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Աստղիկ Տատուրեան 100

Տէր եւ Տիկ. Ասատուր եւ Ալիս Թանկեան 100

Տէր եւ Տիկ. Վարդգէս եւ Ալիս Գուրուեան 100

Վարձքը կատար վարչական անդամներուն եւ օգնականներուն։

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

 

ՅԱԿՈԲ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆV

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՂՈՒԻՆԵԱՆV

ՅՈՎՍԷՓ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆV

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

ԼԵՒՈՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԷՆԵԱՆV

ԱԼԻՇԱՆ ԹՈՓԱԼԵԱՆ

ԿԱՅԾԱԿ ԼԵՓԵՃԵԱՆV

ԿԱՐԱՊԵՏ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ

ԱՒԵՏԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆV

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆV

ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՒՊԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆV

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆV

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ԱՍԱՏՈՒՐ ՓԵԼԹԵՔԵԱՆV

 

 

Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան

Տիկ. Մարալ Դարբինեան

Արժ. Տ. Վիգէն Աւագ Քհնյ. Վասիլեան

Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեան

Պրն. Մարտիրոս Վարդանեան

Պատուոյ անդամ՝ Տէր եւ Տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեաններ

Հիմնադիրներ եւ վարչականներ. կեդրոնը՝ ատենապետ Պրն. Սարգիս Մինասեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ