Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահ՝ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի

Մոսկուայի Մորտովիոյ բանտին մէջ Չորեքշաբթի, ամսուն 18ին մահացաւ գործարար եւ բարեգործ Լեւոն Հայրապետեանը։ Ան 68 տարեկան էր։

Հայրապետեան մեծ աւանդ ունեցած է Արցախի զարգացման եւ բարեկարգման գործին մէջ։ Անոր նիւթական միջոցներով վերանորոգուած են Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի տարբեր շինութիւններ, ինչպէս Գանձասարի վանական համալիրը։

Կեանքին վերջին տարիներուն Հայրապետեան դատական հետապնդումներու մէջ էր եւ դատապարտուած էր չորս տարուան բանտարկութեան։ Ան ունէր առողջական խնդիրներ։ Յուղարկաւորութիւնը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ, հայկական գերեզմանատան մէջ, իր ծնողքին կողքին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ