Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի տարօրինակութիւններէն

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Մէկ ճամբորդով օդանաւային թռի՞չք… 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Այս մէկը զարմանալի կը թուի, բայց իրաւ է եւ տեղի ունեցած 16 Մարտ 2019-ին։ Վերոյիշեալ դէպքը կը պատահի նախկին Սովետական Միութեան երկիրներէն Լիթուանիոյ մէջ։

Արդարեւ, Պոյինկ տեսակի օդանաւ մը (737-800), որ կրնայ մինչեւ 188 ճամբորդ փոխադրել, մէկ ճամբորդով (տեսնել նկարը) թռիչք կ՚առնէ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսէն դէպի Իտալիոյ Պերկամօ քաղաքը, որ Միլանոյէն մէկ ժամ հեռու կը գտնուի։ Սքիրմանթաս Սթրիմայթիս միակ ճամբորդն էր այդ օդանաւին մէջ, որ կը վալելէր հինգ սպասեակներու հիւրասիրութիւնը։

Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ որ այդ օդանաւը մէկ ճամբորդ ունէր միայն… Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Նովաթուրաս ճամբորդական ընկերութիւնը վարձուած էր խումբ մը լիթուանացիներ վերադարձնելու Միլանոյէն։ Անոնք արձակուրդով գացած էին Իտալիա՝ ձիւնագնացութեան։

Ուրեմն, վարձուած օդանաւը, որպէսզի առանց ճամբորդի թռիչք չկատարէ դէպի Միլանօ, կը յայտարարէ, որ ցած գինով միուղի (one way) տոմսակ կայ՝ Վիլնիուսէն Միլանօ։ Միուղի տոմսակները շատ ալ գրաւիչ չեն, որովհետեւ բոլորս ալ լաւ գիտենք որ երկու միուղի տոմսակները աւելի թանկ են՝ քան երթեւեկի (two way) մէկ տոմսակը։

Վերոյիշեալ յայտարարութեան մէկ ճամբորդ միայն կը պատասխանէ եւ այսպիսով օդանաւը ճամբայ կ՚ելլէ լոկ մէկ ճամբորդով։ Լրագրողները երբ հարց կու տան Սքիրմանթասի, թէ ի՞նչ է իր զգացումը այս հարցին նկատմամբ՝ ան սապէս կը պատասխանէ, «Կեանքի մէջ մէկ անգամ ըլլալիք փորձառութիւն մըն էր, որ մեծապէս վայելեցի»։

Անշուշտ թէ կը վայելէ եզակի այդ Ճամբորդութեան ընծայած բարիքները։ Այսպէս՝ ան չ՚ենթարկուիր ներս մտնելու հրմշտուկին, ճամբորդական պայուսակը տեղաւորելու տանջանքին, ոտքերը երկարելու անկարողութեան եւ վերջապէս զուգարանը օգտագործելու երկարատեւ սպասումին… Իցի՜ւ թէ բախտը մեզ ալ ժպտէր, այսպիսի հանգստաւէտ ճամբորդութիւն մը կատարելու…

 

Հօր մը «օրինակելի» արարքը…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի St. Landry Parish քաղաքէն, որ ունի 83,000 բնակչութիւն, որոնց 56 տոկոսը ճերմակամորթ եւ 42 տոկոսը սեւամորթ ամերիկացիներ են։

Մարտ ամսուան ընթացքին, սեւամորթ ամերիկացիներու պատկանող երեք եկեղեցիներ (տեսնել անոնցմէ մէկուն նկարը) հրկիզուեցան, որոնք աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն մը ունին իրենց ետին։ Իսկ հրձիգը՝ (տեսնել նկարը), 21 տարեկան երիտասարդ մըն է Հոլտըն Մէթհիւզ անունով, որ Vodka Vultures նուագախումբին գլխաւոր երգիչն է։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Հոլտըն՝ նախքան հրկիզումի իր արարքը, որեւէ քրէական յանցանք չէ գործած։ Սակայն ան կը պատկանի «black metal» անունով ճանչցուած երաժշտութեան՝ որ զուգորդուած է եկեղեցիներու հրկիզումով, աշխարհի տարածքին։

Հոլտըն՝ եթէ դատապարտուի, կրնայ 15 տարուան բանտարկութեան ենթարկուիլ, իւրաքանչիւր հրկիզումին համար։ Իսկ ճակատագրի հեգնանքը այն է, որ Հոլտըն ոստիկանի մը զաւակն է… Բայց Ամերիկայի մէջ կարեւոր չէ թէ որու զաւակն ես, եթէ յանցանք գործես՝ պիտի դատապարտուիս եւ վերջ։

Երբ Հոլտընի հայրը՝ Ռոյ Մեթհիւզ, կ՚իմանայ զաւկին ամբաստանուիլը, իր զաւակը անձամբ կ՚առաջնորդէ ոստիկանատուն եւ զինք կը յանձնէ պատկան մարմիններուն։ Հաւանաբար ուրիշ ազդեցիկ հայրեր պիտի ուզէին պաշտպանել իրենց զաւակները, սակայն ոչ ոստիկան Մեթհիւզ՝ որ տեղեակ ըլլալով օրէնքի տրամադրութեանց, ըրաւ ինչ որ կ՚ակնկալուէր իրմէ։

Ահաւասիկ ուղղամիտ հօր մը «օրինակելի» արարքը, որ բարձր կը դասէ օրէնքն ու զաւակը կը յանձնէ արդարութեան ճիրաններուն։Երանի՜ թէ ուրիշ հայրեր ալ դաս առնեն ոստիկան Մեթհիւզի օրինակէն եւ հետեւին անոր առաքելութեան…     

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ