Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ ԱՏԱՆԱՅԻ ԿԱՄ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒ 1909-2019 ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԲԱՆԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի կը լրանայ հայ ազգի նորագոյն շրջանի պատմութեան եւ արիւնալից դարասկզբին Կիլիկիոյ կանխամտածուած կոտորածներու հարիւրտասնամեակը եւ սակայն ցարդ ոչ մէկ արձագանգ լսեցինք հայ աշխարհէն, ուր մնաց արեւմտաեւրոպական օրրաններէն։ Եւ տակաւին գո՞հ պէտք է ըլլանք որ նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքն առնելով Թուրքիոյ համապատասխան կազմակերպութիւնները մեզմէ առաջ անցնելով հայկական կոտորածներու վերաբերեալ մեր յօդուածներուն հակազդելու նպատակով չիջեցուցին  թրքական եւ արեւմտաեւրոպական մամուլին մէջ յօդուածներ՝ վախնալով որ հայերը իրենց ատամները սրած կը սպասէին 2019-ին, որպէսզի սկսէին իրենց հակաթրքական արշաւանքը Թուրքիոյ դէմ։

            Կոտորածները պատմութեան մէջ յայտնի են նաեւ Ատանայի կոտորածներ անունով, ելլելով այն փաստէն, որ ջարդերը ուսումնասիրուած արագութեամբ եւ ծրագրաւորմամբ սկսան Կիլիկիոյ վարչական կեդրոն Ատանայէն (Ատանայի վիլայէթ-նահանգ)։

            Ատանան կը գտնուի դաշտային Կիլիկիոյ մէջ եւ կը նկատուի նահանգի առեւտրական, երթեւեկութեան, արհեստներու եւ մշակութային կեդրոնը։ Քաղաքին մէջէն կը հոսի Կիլիկիոյ Սիհուն գետը՝ իր հռչակաւոր 22 կամարանի կամուրջով, կառուցուած Բիւզանդական կայսրութեան Յուստինիանոս կայսրի (527-565) կողմէ։ Հայեր Կիլիկիա հաստատուած են դեռեւս Ն.Ք. Ա. դարէն, իսկ 1090-ական թուականներուն Կիլիկիոյ Հեթումեան տոհմէն Օշին իշխանը արդէն տէրն էր քաղաքին։ Ատանան մի քանի դար մնաց հայկական գերիշխանութեան տակ մինչեւ անիկա անցաւ Օսմանեան կայսրութեան։ Հակառակ Օսմանեան եւ Մեմլուքեան կայսրութիւններու դաժան իշխանութեանց, քսաներորդ դարու սկիզբը 45,000 բնակչութեան 12,600-ը հայեր էին՝ իրենց ազգային, կրօնական, ուսումնական եւ առեւտրական կեդրոններով։ Ատանան վաճառաշահ քաղաք մըն էր։

            Ատանան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մէկ անգամէն սկսաւ յիշատակուիլ 1908-1909 տարիներուն, երբ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնապետութիւնը վար առնուեցաւ եւ Երիտթուրքերը անցան Օսմանեան կայսրութեան գլուխը։ Այդ յեղաշրջման ազդեցութիւնը չհասաւ գաւառները, ընդհակառակն՝ պատճառ եղաւ որ յետադիմական թուրքերը փորձեն վերատիրանալ Կասրութեան։ Այս ընթացքին վերջիններս սկսան դիմել գռգրիչ միջոցներու՝ լուրեր տարածելով թէ հայ ժողովուրդը օգտուելով Երիտթուրքերու շնորհած ազատութիւններէն, իբր կը պատրաստուին հիմնել «հայկական թագաւորութիւն» Կիլիկիոյ տարածքին։

            Թուրքերուն միտքերը պատրաստ էին ընդունիլ որեւէ միջոց հայերուն ախորժակները զսպելու ուղղութեամբ, հետեւաբար Ատանայի վիլայէթի նահանգապետի գլխաւորութեամբ գաղտնի ժողով մը գումարուեցաւ Մարտի վերջերուն, որմէ ետք զէնք ու զինամթերք բաժնուեցաւ թուրքերուն եւ բանտերէն ազատ արձակուեցան քրէական յանցագործներ։ Ապրիլ մէկին թուրք խառնամբոխը յանկարծ փողոցները իջաւ եւ պաշարեց Ատանայի հայկական թաղամասերն ու շրջանները, ապա սկսաւ անխնայ կերպով թալանել, կրակի տալ, կոտորել ու սպաննել հայ ազգաբնակչութիւնը, որ բնաւ ժամանակ չէր ունեցած դոյզն չափով նախապատրաստուելու։ Մէկ երկու օրուան մէջ սպաննուեցաւ 30,000 հայ։ Ոմանք պաշտպանութեան նպատակով ապաստանեցան եկեղեցիներու եւ վանքերու մէջ։ Անոնց նոյնպէս չխնայուեցաւ։

            Հարուածն ու կոտորածը այնքան վայրագ  ու յանկարծակի էին, որ մեր մեծ հայրերու եւ մայրերու յիշողութեան մէջ յաճախ այդ թուականով կը յիշուէին իրենց ամուսնութեան տարին,  ծննդեան թուականը եւ այլ դէպքեր՝ «Ատանայի կոտորածին նորածին զաւկիս հետ պատսպարուեցանք Ատանայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւ հոն էր որ կորսնցուցի առաջնեկս եւ դաշոյնի մահացու հարուածով զոհ գնաց նաեւ քոյրս…»։ («Ատանա ղըթալընտա…)

            Ամբողջ տարածաշրջանը ճակատագրականօրէն ցնցուեցաւ այս պատահարներէն եւ հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ գաղթեցին օտար երկիրներ՝ այլեւս չվստահելով ո՛չ երիտասարդ, ո՛չ ալ ծեր թուրքին։ Կիլիկիոյ հայութիւնը կրեց միլիոնաւոր օսմանեան ոսկիներու վնաս, որբերու հսկայական զանգուածներ մնացին բաց երկնքի տակ, մինչեւ որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, պոլսահայ բարեսիրաց եւ օրիորդաց միութիւնները եւ յատկապէս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը զգալի նուիրատուութիւններով վերաբացին դպրոցներ, մայրանոցներ ու որբանոցներ, որոնցմէ պէտք է յիշել Քէլէկեան որբանոցը Չորք-Մարզպանի մէջ։

            Ահաւոր կոտորածին զոհ գացին նաեւ հայկական տարբեր յարանուանութեանց պատկանող հայեր իրենց սեփականութեանց անհաշուելի կորուստներով։

            Թուրքեր սակայն կարգ մը վայրերու մէջ հանդիպեցան լուրջ զինեալ դիմադրութեանց, որոնց մէջ իր պատուաւոր տեղը գրաւեց Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) երկշաբաթեայ կատաղի դիմադրութիւնը, որուն շնորհիւ փրկուեցան այս քաղաքն ու մերձակայ գիւղերը։

            Մինչ պոլսահայութիւնը հազիւ դուրս կու գար անակնկալ դէպքերու ցնցումներէն, պոլսահայ տիկնանց միութիւններ կ՚անցնին գործի ո՛չ միայն նիւթական օգնութեամբ վերականգնելու Կիլիկիոյ հայութեան դժխեմ կացութիւնը, այլ շատ պոլսահայ օրիորդներ ու մտաւորականներ կամովին կը մեկնին Կիլիկիա՝ թիկունք կենալով հայ դպրոցներու եւ օժանդակելով մշակութային վերելքին։ Անոնցմէ էին յայտնի գրող եւ հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանը, Զարուհի Փեշտիմալճեանը (Տիկ. Վ. Արշակունի), Արշակուհի Թէոդիկ, Զարուհի Ազատեան (յետ. Շաւարշ Միսաքեանի կինը), Մատթէոս Զարիֆեան։  Բանաստեղծ Սիամանթօ գրեց իր «Յաղթանակ մը» բոցաշունչ բանաստեղծութիւնը։ Կոտորածներէն անմիջապէս ետք Երիտթուրքական կառավարութեան խորհրդարանը յատուկ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Ատանա Յակոբ Պապիկեանի գլխաւորութեամբ, որ իր յայտնաբերութիւնները ներկայացնելէ ետք խորհրդաւոր պայմաններու տակ կը սպաննուի։

***

            Ներկայիս, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ կռիւներու լոյսին տակ գնահատելով Կիլիկիոյ կոտորածները, մէկ անգամ եւս կու գանք այն եզրակացութեան որ թուրքը թուրք է՝ Օսմանեան, Երիտթուրքական կամ հանրապետական։ Ատանայի կոտորածներուն, ինչպէս այս օրերուն Սուրիոյ քիւրտերու պարագային,  քրիստոնեայ Եւրոպան մատը մատին չզարկաւ, բացի քանի անհատներու կոչերէն։

            Միջին Արեւելքի մէջ եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ ծաւալուող այսօրուան արիւնալի դէպքերու լոյսին տակ դիտելով Կիլիկիոյ կոտորածները, դժուար չէ հաստատել, թէ չկայ «հին» ու «նոր» թուրք՝ ան նոյն ծաւալապաշտ ու ազգայնամոլ պետութիւնն է, որ ամէն առիթի կը սպասէ ընդարձակուելու շրջանին մէջ՝ հասնելու համար Չինաստանի սահմանները, այսինքն ստեղծելով համա-թուրանական (նախկին անուանմամբ՝ համիսլամական) ընդարձակ պետութիւն մը, որուն համար ան կը դիմէ խարդաւանքներու, պատերազմներու եւ ազգային զտման միջոցներու. վկայ՝ 1974-ին հիւսիսային Կիպրոսի վրայ կատարած իր ներխուժումը եւ հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերու դէմ իր սանձազերծած իբր թէ զսպիչ «գործողութիւնները», իմա՝ ռազմական յարձակումները։

 Հոկտեմբեր 2019

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ