Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Մասնակցի՛նք Գոհաբանութեան օրուան համահայկական դրամահաւաքին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սիրելի Հայրենակից,

Լոս Անճելըսի մէջ գործող՝ «Հայաստան» Հիմնադրամ ԱՄՆ-ը կը շարունակէ անխախտ յանձնառութեամբ թիկունք կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին եւ անոնց շարունակական վերելքին։

Մեր ուժը կու գայ ձեր նման՝ հայրենիքի բարգաւաճման նուիրուած աջակիցներէ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ թէ այլուր. եւ կու գայ մեր համայնքի կազմակերպութիւններու ու ղեկավարներու միասնականութենէն, ինչպէս նաեւ մեր կամաւորներէն, որոնք ամբողջ տարին անդուլ կ՚աշխատին՝ վստահ ըլլալու համար, որ մեր հաւաքական միջոցները լաւագոյնս կը ծառայեն հայրենիքի յառաջդիմութեան։ Արդարեւ, բախտաւոր ենք մեր կողքին ունենալու տեղական հայկական դպրոցներէ ու համալսարաններէ նուիրուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք միշտ պատրաստ են տալու իրենց եռանդն ու աշխատանքը՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի ծրագիրներուն։
Անցեալ 25 տարիներուն, շնորհիւ մեր համայնքի անվարան աջակցութեան, մենք կարողացանք մեր հայրենիքին օգնելու, որ ոչ միայն դիմագրաւէ հսկայական դժուարութիւններ, այլեւ հաստատօրէն առնէ տնտեսական, կրթական, եւ արհեստագիտական յառաջդիմութեան ուղին։ Ձեր սատարով, մենք կառուցեցինք ճամբաներ, դպրոցներ, ու հիւանդանոցներ. տուներ տրամադրեցինք կարիքաւոր ընտանիքներու եւ օժանդակութիւն՝ մեր մարտիկներուն. կազմակերպեցինք կենսական նշանակութիւն ունեցող բժշկական առաքելութիւններ. օգնութիւն յատկացուցինք թանգարաններու ու համալսարաններու. հողամշակութեան զարկ տուինք՝ երկրագործական նորագոյն կիրառումներով. եւ տեղակայեցինք վերանորոգելի-ջերմուժի ծրագիրներ։

Այսօր, մենք պատրաստ ենք անգամ մը եւս թափ տալու Հայաստանին ու Արցախին, որպէսզի յառաջանայ դէպի զարգացման ու բարգաւաճման յաջորդ մակարդակը։ Ըստ այնմ, Նոյեմբեր 28-ի մեր Թելեթոնին կարգախօսն է՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»։
Մեր աջակիցներու առատաձեռն նուիրատուութիւններոով, Թելեթոնին յայտարարուած մեր նորագոյն ծրագիրը երեք գլխաւոր յառաջացումներ պիտի իրականացնէ հայրենիքէն ներս։ Այսպէս, պիտի կառուցուին ոռոգման գերժամանակակից ցանցեր՝ գործեր ստեղծելու եւ երկրագործական արդիւնաբերութիւնը մեծապէս ընդլայնելու համար. բազմաթիւ գիւղերու, եւ յատկապէս սահմանամերձ համայնքներու մէջ, պիտի կառուցուին ըմպելի ջուրի ցանցեր, իբրեւ յաւելեալ խթան մը մեր հայրենակիցներուն, որ շարունակեն ապրիլ իրենց պապենական հողերուն վրայ. եւ արեւային-ջերմուժի ամէնէն արդիական համակարգերու տեղադրումով, պիտի դիւրացուի, որ Հայաստանն ու Արցախը քայլ մը եւս մօտենան ջերմուժային անկախութեան։
Այս մեծ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ այլ ընթացիկ ծրագիրներու իրագործման համար է, որ մենք կ՚աշխատինք ամբողջ տարին, ընելով մեր առաւելագոյնը, որպէսզի մեր իրականացուցած իւրաքանչիւր ծրագիրը գերազանցէ ձեր ակնկալութիւնները՝ որակի ու մշտական արժէքի իմաստներով։
Այսօր, ձեզմէ կը խնդրենք միանալ մեզի եւ սատարել հայրենիքի ապագային։ Ինչպէս միշտ, ձեր աջակցութիւնն ու խանդավառութիւնն են, որ մեր աշխատանքը շարունակաբար կարելի կը դարձնեն։
Շնորհակալ եմ ձեր առատաձեռնութեան համար։
 
Անկեղծօրէն,
ՄԱՐԻԱ ՄԵՀՐԱՆԵԱՆ
Նախագահ, «Հայաստան» Հիմնադրամ ԱՄՆ
Լոս Անճելըս

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ