Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահ եւ թաղում 102-ամեայ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, հողին յանձնուեցաւ 102-ամեայ քրիստոսաշունչ  ու մեսրոպաշունչ բանաստեղծ, մտաւորական եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի մարմինը, Ալթատինայի գերեզմանատան մէջ։ Հայատրոփ բանաստեղծը մահացած էր Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, իր ետին ձգելով գրական հսկայ ժառանգութիւն մը։

Մեր ցաւակցութիւնները ընտանեկան պարագաներուն եւ ժագասէր գրականասէրներուն։

Ստորեւ «ժագագէտ» Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանի կողմէ բանաստեղծին կեանքին եւ գրական յատկանիշերուն մասին քանի մը ակնարկութիւններ։

ՆՈՐ ՕՐ

Հայ գրականութեան կարեւոր, ինքնադրոշմ  եւ ինքնուրոյն բանաստեղծներէն Ժագ Ս. Յակոբեան մահկանացուն կնքեց 2 Նոյեմբեր 2019-ին, Փասատինա, Քալիֆորնիա, 102 տարեկան հասակին։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ ընտանեկան պարագաներու ներկայութեան։

Ծնած էր Երուսաղէմ,  1917-ին, ապա երկու տարի ետք ընտանեօք փոխադրուած են Եգիպտոս։ Մաս­նագիտութեամբ եղած է դե­ղագործ։  Զանազան պատճառնե­րու բեռումով ընտանեօք փոխա­դրուած  են երկիրէ երկիր՝ Աւստ­րալիա, կրկին Եգիպտոս, Լիբա­նան, կրկին Աւստրալիա եւ վեր­ջապէս 1967-ին Փասատինա, Քա­լիֆորնիա, ուր կ՚ապրին ըն­տանեօք  52 տարիներէ իվեր։

Փոքր տարիքէն հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է գրականութեան հանդէպ եւ գրած է բանաստեղծութիւններ ֆրանսերէն լեզուով, ապա՝ ամբողջութեամբ հայերէնով։ Իր երախայրիքը, «Գաղտնի ճամբան», լոյս տեսաւ 1938-ին, արժանանալով Վահան Թէքէեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Շահան Պէրպէրեանի քաջալերանքին ու մանաւանդ գնահատանքին։

Աշխատակցած է Սփիւռքի զանազան գրական պարբերաթերթերու. «Զուարթնոց», «Ակօս», «Անի», «Նայիրի», «Բագին»…։

Հրատարակած է շուրջ 40 հատորներ, որոնցմէ քանի մը հատը արձակ եւ մէկը՝ թատրերգութիւն։

1949-ին լոյս տեսաւ «Վերածնունդ» հատորը անկիւնադարձ մը ստեղծելով իր կեանքին մէջ. հոգեփոխուելով դարձաւ իսկական հաւատացեալ մը։  Քանի մը խորագիրներ իր երկերէն. «Մասիսածին», «Յիսուսաբոյր»,  «Հրաշադար», «Ջահերթ», «Ուլունքաշար»։ 

«Թէքէեան Վահան Աստուածախոյզը»  կարեւոր ներդրում  ունեցող  արձակ հատոր մըն է, ինչպէս նաեւ «Մարդ մը մեռաւ»  բանաստեղծութիւններու գիրքը, որ նուիրուած է մշտադալար յիշատակին Թէքէեանին, որուն սնարին կողքն էր Յակոբեան, երբ Թէքէեան հոգին աւանդեց։ 

Ժագ Յակոբեանի գրելու եւ արտայայտուելու կիրքը նմանը չունի մեր գրականութեան մէջ եւ բարեբախտաբար իր ստեղծագործութիւնները լի են նորութիւններով, անկեղծութեամբ, սիրով եւ բարձր մակարդակով։  Կ՚արտայայտուի կեանքի զանազան երեւոյթներու մասին՝  ամպհովանիի տակ առնելով մարդկային միտքն ու հոգին յուզող զանազան հարցերը։

 ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ