Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը ԱՄՆ-ի մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը

«Անխուսափելի է։ ԱՄՆ-ը կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։ Ես վստահ չեմ թէ կոնկրէտ երբ դա կը լինի, բայց վստահ եմ որ դա անպայման տեղի կ՚ունենայ»։

Նիկոլ Փաշինեան

Սեպտեմբեր 22-23-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Լոս Անճելըի հայահոծ քաղաքը, պատմական աննախընթաց ոգեւորութիւն ստեղծելով մեր գաղութի կեանքէն ներս։ Մեր երիտասարդ, խիստ համակրելի եւ իմաստուն վարչապետը, ուր որ գնաց, որու որ այցելեց դիմաւորուեցաւ բազմամարդ հասարակութեան մը կողմէ։

Այդ օրերուն Հայաստանի վսեմաշուք վարչապետը ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին սփռուող Fox News 11-րդ ալիքի վրայ, հարցազրոյց մը ունեցաւ ծանօթ հեռուստալրագրող՝ Ալեքս Մայքլսանի հետ։ Միջազգային քաղաքական ղեկավարներու, կազմակերպութեանց հետ հազիւ մէկուկէս տարի շփուելու եւ յարաբերուելու փորձառութիւն ունեցող մեր վարչապետը, խօսեցաւ զանազան հարցերու շուրջ, միշտ ու միշտ խելացի եւ հայրենասէր ղեկավարի մը հասունութիւնը ցուցաբերելով։

Պարզապէս մեր սիրտերը հպարտութեամբ լեցուեցան եւ կը լեցուին, երբ լսեցինք եւ կը լսենք զանազան առիթներով անոր արտայայտութիւնները։

Վերջաւորութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ուղղուած հարցումին վարչապետը Fox News-ի թղթակիցին տուաւ վերոնշեալ պատասխանը։

Եւ այսպէս, Պրն. Փաշինեանի մեկնումէն հազիւ չորս շաբաթ անցած, ԱՄՆ Քոնկրէսը ձայներու մեծ առաւելութեամբ (405 թեր – 11 դէմ) ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Հիմա հարցը մուտք պիտի գործէ ԱՄՆ Ծերակոյտի պալատը, ուր եւս աշխատանք կը տարուի, որպէսզի ճանաչուի Մեծ ոճիրը, որուն կրնայ հետեւիլ նախագահ Թրամփի վաւերացումը այս որոշումներուն։ Հոս է, որ մենք ըսելիք ունինք։

Այսօր նախագահ Թրամփ Թուրքիոյ մէջ ունեցած անձնական ներդրումներու պատճառաւ, եւ Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ մէկ կողմէ յարաբերութիւնները չվատթարացնելու համար փաղաքշական խօսքեր կ՚ուղղէ Թուրքիոյ նախագահին, միւս կողմէ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ այդ երկրին դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ դնելու։ Չենք գիտեր, այս վերջինը Իսրայէլին հաճոյանալու համա՞ր կը հնչեցնէ, կամ իրապէս Թուրքիոյ մեծ ախորժակը զսպելու համար, որպէսզի Սուրիոյ եւ Իրաքի քրտաբնակ շրջաններու նաֆթահորերը չգողցուին Թուրքիոյ կողմէ։

Ինչ որ ալ ըլլան նախագահ Թրամփին պատճառները Թուրքիոյ նախագահի «սինիպիլիութեան» եւ որքան ալ որոշ թրքամէտ լոպպիստներ աշխատանք տանին, վայեն եւ իրենց թեւերը թափահարեն, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչցուի ԱՄՆ-ի մէջ, զուր է, քանի որ ԱՄՆ-ի ժողովուրդի ներկայացուցիչները, առաւել երկրի 49 նահանգներ ճանչցած են այս պատմական դժբախտութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Պրն. վարչապետին ըսածին պէս ուշ կամ կանուխ «դա անպայման տեղի կ՚ունենայ»։ Կը մնայ հետեւիլ լուրերուն եւ պահանջեալ հարկին մեր ձայնը բարձրացնենք առաջքը առնելու համար որեւէ արգելքի կամ դաւադրութեան, կամ՝ թրքական նենգամտութեանց, որպէսզի Հայ Դատը աղտոտ քաղաքականութեան զոհ չերթայ։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ