Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիր ողջոյնի Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» նորատիպ հատորին շնորհանդէսին առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ նորատիպ հատորդ, որ կը բովանդակէ ցարդ մամուլի մէջ լոյս ընծայած էջերը կեանքիդ վէպին։

Նախ` ըսեմ թէ գիրքդ տեսնելու առիթը չեմ ունեցած, սակայն ինծի ծանօթ յօդուածներէդ ամենավերջինը` «Նոր Մարաշէն Թաալապայա» խորագրեալ, կենդանի ապացոյցն է մեր սերնդակից տղոց ապրած մանկութեան ու պատանեկան տարիներու իւրայատուկ կեանքին և ապրումներուն։ Ուրեմն, կրկնակի շնորհաւորանքս`այս յուշագրական արձակ էջիդ համար։

Այս գրութիւնդ զիս առաջնորդեց իմ սեփական մանկութեան յուշ-յիշատակներուս։

1939 թուական։ Ալեքսանտրէթի հայութեան պարպում։ Ուրեմն, այս տարին` 80-ամեակն է Կիլիկիոյ հայութեան վերջին մնացորդին։

Չարաշուք այդ տարուան գարնան, ուրիշներու նման, մեր ընտանիքին աշխատանքի ընդունակ բազուկներով, հօրս «ճարտարապետութեամբ և առանց յատակագիծի» ունեցանք ժամանակաւոր մեր նորակառոյց հողաշէն հիւղակը, Թիրօ թաղի «Սանճաք» թաղամասին մէջ, որ դիմացաւ միայն մինչեւ Դեկտեմբեր ամսուան ջրհեղեղեան անողոք օրերը, երբ կարկտախառն անզուսպ անձրևը կը քերէր մեր տան հողաշէն պատերը, և այդ ուղղաձիգ պատերը կը սկսէին մերկանալ իրենց ցեխ ու շաղախէն ու երկաթի դերակատար եղէգները կը վերածուէին վատոյժ յենակներու (տեսնել մեր «Ողջակէզ» վիպակի էջ 63-ը՝ Պէյրութ, 1978)։ Այսօր` հնօրեայ «Սանճաքը» վերակոչուած է «Սէն Ժաք», իր նորակառոյց բարձրայարկ շէնքերու պատշաճ անուանումով։

Արդարև, այդ «հիւղաւաններէն» ծնունդ առնող սերունդներ, միանալով տեղւոյն բարեկեցիկ կեանք ունեցող իրենց սերնդակիցներուն, մեծ թափով շարունակեցին իրենց ծնողներէն ժառանգած բնազդային ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՈԳԻՆ, և քանի մը տասնեակ տարիներու ընթացքին` լիբանանահայ կեանքին պարգևեցին ծաղկեալ շրջան մը, ու մենք ունեցանք ազգային, մշակութային, ընկերային, գիտական, գրական ու գեղարուեստի լիարժէք գործունէութիւն։

Ահաւասիկ, այս մտածումներով կ՚ողջունեմ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանին ներկայ հատորը, որուն մէջ ապագայ ուսանողները մեր սփիւռքահայ պատմութեան՝ պիտի գտնեն բաւարար նիւթ և ատաղձ, իբրև վաւերաթուղթ` ի խոյզ ճշմարտութեան, իրականութեան ու մեր յաղթական ՈԳԻին։

 

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ 

Պէյրութ, 10 Նոյեմբեր 2019

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ