ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարսին արտասովոր ծաղկեփունջը…
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ամերիկայի արեւմտեան ափի Օրէկըն նահանգէն։ Ամուսնացեալ զոյգերն են Էտըմ եւ Պլէյր Թայսըն, իսկ կնքամայրն է Ճէնա Սփէց։
Սովորութիւն է, որ հարսը իր ձեռքին ունենայ ծաղկեփունջ մը, որ պսակի արարողութեան ընթացքին կը փոխանցուի կնքամայրին։ Աւանդական ծաղկեփունջի մասին խօսիլը աւելորդ կը համարեմ, քանի որ հասկնալի է բոլորին համար։
Իսկ արտասովոր ծաղկեփունջը այս պարագային՝ կը բաղկանայ հաւու տապկուած կտորներէ (chicken nuggets), որը որպէս կերակուր՝ ընդհանրացած եւ սիրուած ճաշ մըն է Ամերիկայի տարածքին։
Բայց ինչո՞ւ այս մասնայատուկ ծաղկեփունջը, որովհետեւ հարսին սիրած ճաշն է եղեր՝ ըստ կնքամայրին։ Սակայն պէտք է անմիջապէս աւելցնեմ, որ իրական հաւի կտորներ չեն անոնք, այլ՝ արուեստական (տեսնել նկարը), հասկնալի պատճառներով…
Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը՝ նորապսակ ամոլն ու վերոյիշեալ ճաշատեսակը պատրաստող ընկերութիւնը անուանակիցներ են, Թայսըն։
Ուստի, կնքամայրը կը դիմէ այս ընկերութեան օգնութեան, եւ անոնց պատասխանը կ՚ըլլայ դրական՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ.
– Նախ՝ արուեստական տապկուած հաւու կտորներէ բաղկացած ծաղկեփունջ մը կ՚ուղարկեն, պատրաստուած Շիքակոյէն ծաղկավաճառի մը կողմէ։
– Ապա՝ մէկ տարուայ ձրի տապկուած հաւու կտորներ կը խոստանան։
– Վերջապէս՝ ընկերութեան տնօրէն Նոէլ Ուայթ անձնական նամակ մը կը ղրկէ, հետեւեալ խրատականով.
- Ձեր օրերը սկսեցէք եւ վերջացուցէք զիրար համբուրելով եւ գրկելով։
- Միշտ յիշեցուցէք իրարու, թէ դուք իրարմէ անբաժան էք։
- Երբեք գիշերները բարկացկոտ անկողին մի՛ երթաք։
Յիշեցնեմ, որ Թայսըն հաւու ընկերութեան կեդրոնատեղին Թէքսաս նահանգի Էլ Փասօ քաղաքն է։
Բարիկամեցողութեամբ եւ մասամբ նորին…
Ալս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Սարասոթա քաղաքէն։ Այդ քաղաքը գտնուող “Siesta Key Oyster Bar” գինետուն-ճաշարանի յաճախորդները հետեւեալ բարի սովորութիւնը որդեգրած են, առ ի երախտագիտութիւն իրենց հանդէպ ցուցաբերուած հոգածութեան։
Իսկ ի՞նչ է այդ գեղեցիկ սովորութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Ուրեմն, այդ գինետուն-ճաշարան յաճախող մարդիկը աւանդութիւն դարձուցած են մէկական տոլարնոց թղթադրամներ ստորագրել եւ փակցնել կամ պատերուն վրայ եւ կամ ալ կախել առաստաղէն (տեսնել նկարը), ապագայի գործածութեան համար։
Իսկ ապագայի գործածութիւնը միայն բարեսիրական նպատակ պէտք է հետապնդէ։ Օրինակ, այս տարի բարեսիրական այդ նպատակը հանդիսացաւ, օգնել Պահամասի փոթորիկէն վնասուած ընտանիքներուն։ Պահամսը՝ Ատլանտեան ովկիանոսի մէջ կղզի մըն է, ոչ շատ հեռու Ֆլորիտայէն։
Եթէ կը հետեւիք լուրերուն, պէտք է տեղեակ եղած ըլլաք որ Տորիան փոթորիկը մեծ աւերներ գործեց Պահամասի մէջ, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց տուները եւ բաւական ալ մարդկային զոհ տուին անոնք։
Վերադառնալով մեր Բարիկամեցողութեան արարքին՝ վերոյիշեալ գինետուն-ճաշարանի տնօրէնութիւնը որոշած է հաւաքել պատերուն եւ առաստաղին վրայ դիզուած տոլարները եւ ղրկել զանոնք Պահամաս։
Իսկ հետաքրքրական է գիտնալ որ այդ գործողութիւնը շաբաթներ տեւած է եւ ի վերջոյ կրցած են հաւաքել զանոնք, որոնց գումարը հասած է 14,000 տոլարի։
«Ամերիկեան բարք»-երու իմ սիւնակներս յաճախ կ՚արձանագրեն մեզի խորթ եւ տհաճ սովորութիւններ, սակայն պէտք է ըսել որ տգեղին կողքին կայ նաեւ գեղեցիկը՝ եւ ահա այսօրուան դէպքը որպէս անոր ապացոյց։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ