Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Ժողովրդային պոռթկումը գունաւոր յեղափոխութեան վերածելու ջանքերը կը շարունակուին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի համերաշխութեան ճառը Նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան, երկրի 76-րդ անկախութեան տարեդարձի նախօրեակին՝ դարձեալ դժգոհութեամբ ընդունուեցաւ ժողովրդային յեղափոխութեան կողմէ։ Մինչ այդ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի անվերջ սպառնալիքները նախագահ Աունին եւ իրանամէտ շրջանակներուն եւ իբրեւ թէ Միջին Արեւելքի կայունութեան սպառնալիք հանդիսացող Հըզպալլային եւ Իրանին՝ Լիբանանը հասցուցին տնտեսական ահաւոր ճգնաժամի եւ քաղաքացիական պատերազմի սեմին։

 

«Ամենակարող» տոլարի գոյութիւնն ու սակը, հեռախօսի, համացանցի, կենսական ապրանքներու գիները արդէն իսկ սեւ շուկայի աւազակապետերուն կողմէ սկսան հսկայական շահոյթներ ապահովել տնտեսական ստուերային «մաֆիայի» պարագլուխներու եւ լումայափոխներու սերտ համագործակցութեամբ։

 

Հետաքրքրական է, որ շուրջ 40 օրեր առաջ սկսած այս ժողովրդային պոռթկումը ընդդէմ պետական դէմքերու, օտարերկրեայ ուժերու ու պետութիւններու հետ միասնաբար թալանող հանրայայտ անձնաւորութիւններու՝ այսօր կամաց-կամաց վերածուեցաւ «հերթական» գունաւոր յեղափոխութեան, որուն նմանակները տեսանք ու կը տեսնենք Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Թունուզի, Ուքրանիոյ ու Հայաստանի մէջ։ Վերջին տարիներուն այդ գունաւոր յեղափոխութիւնները հրահրող եւ ֆինանսաւորող երկիրներու ղեկավարներ՝ յանձինս Նաթանիահուի, Թրամփի, Ծոցի երկիրներու «այքայիկ»ներուն, այսօր դատական խայտառակ ոճիրներու առջեւ կը գտնուին եւ կրնան կորսնցնել իրենց պաշտօնները եւ նոյնիսկ՝ բանտարկուիլ։

 

40 օրերէ իվեր, Լիբանանի յեղափոխութիւնը 24 ժամ շարունակ, կը հրահրուի նաեւ «յատուկ» շրջանակներու կողմէ վճարուած, իրենք զիրենք ազնիւ ու ժողովրդավար համարող տեղական կամ արտաքին կողմերու կողմէ։ Մինչ օրուան հացին կարօտ լիբանանցիները, որոնց այսօրն ու վաղը ամբողջապէս վտանգուած էր Լիբանանի կուսակցական թէ համայնքային առաջնորդներու հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու հասնող տարիներու թալանին պատճառով, այսօր կը գտնուին տնտեսական ահաւոր նորաստեղծ դժուարութիւններու առջեւ։

 

Լիբանանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Ֆիլմանի եւ անոր Սպիտակ տան վերադասներուն պահանջն է Լիբանանի մէջ ստեղծել միայն «թեքնոկրատ»ներէ կազմուած կառավարութիւն։ Այսինքն, փաստօրէն հրահրել քաղաքացիական պատերազմ, առաւել եւս, Լիբանանի ծովափնեայ ջուրերուն մէջ գտնուող նաֆթի ու բնական կազի հսկայական պաշարներու շահագործումէն դուրս ձգել ռուսական ընկերութիւնները, Հըզպալլան մեկուսացնել եւ հաշտութիւն կնքել Իսրաէյլի հետ։

 

Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերի առաւօտեան, Պէյրութի կեդրոնը գտնուող «նորակառոյց» յեղափոխութեան բռունցքը ներկայացնող փայտեայ յուշարձանը հրդեհուեցաւ անծանօթի մի կողմէ… Ապա, հազարաւոր լիբանանցիներ, հետիոտն թէ ինքնաշարժներով ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ, նշելու Լիբանանի անկախութեան 76-րդ տարեդարձը։ Լիբանանի բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աուն, օրեր առաջ խիստ կերպով զգուշացուցած էր վարձկան խառնակիչներ, որեւէ ոտնձգութիւն գործելէ, վնասելով բնականոն կեանքի ընթացքը։

 

Մինչեւ ուշ երեկոյ Պէյրութի, Սայտայի թէ Թրիփոլիի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, աւելի քան 1 միլիոն լիբանանցիներ, համերաշխաբար նշեցին անկախութեան տարեդարձը, ուր տեղի ունեցան հարսանեաց հանդէսներ եւս…։

 

Յոյսով ենք, որ այս միշտ խռովայոյզ երկրին քաղաքացիներն ու ղեկավարները անգամ մը եւս կը յաջողին շրջանցել բոլոր դաւերն ու ոտնձգութիւնները, կերտելու համար՝ յուսատու ապագայ։

 ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ