Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէններուն հետ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կլենտէյլ

 

Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լոսանճելըսահայ զանգուածային լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն՝  Յովհաննէս Մովսիսեանի, փոխտնօրէն՝ Նարեկ Ադամեանի եւ Սփիւռքի բաժնի ղեկավար՝ Նուարդ Վարդանեանի հետ։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան կեդրոնանալով գործակցութեան կարեւորութեան վրայ։ Պրն. Մովսիսեան ներկայացուց իրենց ծրագիրները, ապա նշեց գործակցութեան քանի մը ոլորտներ, ինչպէս լրատուութեան հաւաստիութեան կարեւոր պարագան։ Խօսք եղաւ կեղծ՝ ֆէյք լուրերու եւ անոնցմէ հեռու մնալու ձեւերուն մասին։ Ներկաները՝ թերթերու եւ հեռատեսիլի ներկայացուցիչներ, կիսեցին Պրն. Մովսիսեանի մտահոգութիւնները եւ առաջարկեցին ու խնդրեցին Հայաստանի ներքին թէ արտաքին կեանքին հետ առնչուող վերլուծական յօդուածներ, անգլերէն լեզուով հաղորդումներ, Հայաստանի ներկան ցոլացնող տեսանիւթեր։

 

Ներկայ էին «Մասիս»-ի, «Նոր Օր»-ի, ARTN, USArmenia, AMGA, PanArmenian եւ AABC հեռատեսիլի ալիքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՀ հիւպատոսարանի մամուլի հետ կապերու պատասխանատու՝ Լիլիթ Սեդրակեանը։

 

***

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22-ին, դարձեալ հիւպատոսարանէն ներս, հայրենի երեք երիտասարդ հիւրերը առանձին հանդիպում ունեցան «Նոր Օր»-ի խմբագրութեան հետ (Խաչիկ Ճանոյեան եւ Հրաչ Սեփեթճեան)։

 

Զրոյցին ընթացքին անոնք ծանօթացան «Նոր Օր»-ի շուրջ հարիւրամեայ հարուստ անցեալին, այսօրուան ձեռքբերումներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն։ Պրն. Մովսիսեան եւ Պրն. Արամեան իրենց հերթին, ներկայացուցին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմին կառոյցը, Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին դերը, իսկ Նուարդ Վարդանեան կեդրոնացաւ Սփիւռքի հետ տեղեկատուութեան, փոխադարձ օժանդակութեան վրայ։

 

Յաջողութիւն կը մաղթենք հայրենի երիտասարդ ու խոստումնալից գործիչներուն։

 Հ.Ս.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ