Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ – Զարեհ Սինանեան հանդիպում

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային զոյգ վարչութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ, հերթական հանդիպումը ունեցան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեանի հետ։

 

Քննարկուած են Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող այսօրուան խնդիրները, մտահոգութիւնները, ծանրանալով Միջին Արեւելքի նօսրացող հայագաղութներուն վրայ։ Խօսք եղած է նաեւ ՌԱԿ-ի այսօրուան կառոյցին եւ կուսակցութեան ներհայաստանեան իրավիճակին զարգացումներուն մասին, ուր կ՚ուրուագծուին յուսադրիչ քայլեր։

 

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող զրոյցին ընթացքին, ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայրենի իշխանութիւններուն եւ ժողովրդավարական հիմքերու զարգացումներուն ուղղուող ճիգերուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ