Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Օր»ի աշխատակիցներու տարեկան հաւաք

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աւանդութեան համաձայն, նախատօնական բարձր տրամադրութեամբ, ամէն տարի Դեկտեմբերի մէջ քով-քովի կու գան «Նոր Օրի» աշխատակիցները, վարչական կազմը եւ պաշտօնաթերթին հովանաւոր՝ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամները, գնահատելով կամաւոր աշխատակիցներուն եւ վարչական անդամներուն աշխատանքը։ Նաեւ՝ շնորհաւորելու համար գալիք Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը։

 

Այս տարի այդ հաւաքը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Ալթատինա։

 

Ընթրիքէն ետք, խօսք առին ներկաներէն շատեր, որոնք բարձր գնահատեցին «Նոր Օրի» աշխատանքը, որպէսզի ամէն Հինգշաբթի կանոնաւորապէս թերթը հասնի իր ընթերցողներուն։ Եղան նաեւ ինքնաքննադատական ելոյթներ, որպէսզի բարելաւենք թերթին բովանդակութիւնն ու շրջանառութիւնը։

 

Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանը, որ ունեցաւ ոգեւորիչ ելոյթ մը իր կատարած բարեգործական ծրագիրներուն մասին։

 

Շնորհակալութիւն բոլո՛ր կամաւորներուն՝ աշխատակիցներուն եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, որոնց շնորհիւ իր 98-րդ տարին պիտի թեւակոխէ «Նոր Օր» այս տարեմուտին։

 

***

 

ՌԱԿ Գերսամ Ահարոնեան ակումբի ընկերային հաւաքոյթ-նախաճաշը

 

ՌԱԿ Գերսամ Ահարոնեան ակումբի ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 8-ի առաւօտեան, Փասատինայի “Raffi’s” ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ կուսակցական ընկերներու եւ համակիրներու։ Ներկայ էին ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու, տարբեր ակումբներու ներկայացուցիչներ, հայրենի մտաւորական՝ Դոկտ. Գուրգէն Մելիքեան, «Նոր Օր»-ի աշխատակիցներ։

 

Համադամ նախաճաշին ընթացքին, ակումբին երկարամեայ գործունեայ ատենապետ ընկեր Դաւիթ Սամուէլեան փոխանցեց իր խօսքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Պինկոյի» խաղարկութիւն։

 

Ընկերական հաւաքոյթները կարեւոր են ակումբներու անդամներու, համակիրներու եւ շրջանակին միջեւ յարաբերութիւնները առողջ եւ ամուր պահելու տեսակէտէն։

 

Բարի երթ կը մաղթենք Կլենտէյլ-Փասատինայի ՌԱԿ Գերսամ Ահարոնեան ակումբի վարչութեան, որպէսզի նոր թափով շարունակէ յառաջ տանիլ իր քաղաքական ու ազգային ծրագիրները։

 Ն.Օ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ