Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆ Է

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ԹՈՊԻՆ ՀԱՐՇՕ*

 

Երբեմն դժուար է զանազանել բարեկամը թշնամիէն, նոյնիսկ եթէ անիկա կանգնած է քովդ։ Եւ եթէ նախագահ Թրամփի հաւատաս տառացիօրէն, անիկա կը տառապէր նման կարճատեսութենէ մը, Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թայյիպ Էրտողանի հետ, Նոյեմբեր 16-ին լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

 

«Ինչպէս ամէն ոք գիտէ, ՆԱԹՕ-ի մեծ դաշնակից մըն է Թուրքիա, Մ. Նահանգներու ռազմավարական ընկերը։ Եւ ես պիտի շարունակեմ հասարակաց գետին մը գտնել, ասպազինելով (harness) հասարակաց նպատակով մը, ու զարգացնելով երկու երկիրներու միջեւ մեր ժողովուրդին կենսական շահերն ու բարեկամութիւնը»։

 

Նշանաւոր շողոքորթութիւն կայ նոյն մարդուն կողմէ, որ ամիս մը առաջ հարց կու տար. «Թուրքիա բարեկա՞մ է, թէ՞ թշնամի»։ Պատասխանը, դժբախտաբար «Այո՛» է։ Թուրքիա յարձակողական մը շղթայազերծած է Ամերիկայի լաւագոյն դաշնակիցին՝ Սուրիական Տեմոքրաթիք Ճակատին դէմ, որ պայքարի մէջ է ԻՍԻՍ-ին դէմ։ Նաեւ, Թուրքիա գնած է S-400 տիպի հրթիռներ։ Ի պատասխան, Ամերիկա, Եւրոպայի հետ, պատժամիջոցներ սահմանեց, Թուրքիան արտաքսելով միաժամանակ Փենթակոնի F-35 օդանաւերէն օգտուելու ծրագրէն։ Էրտողան հակադարձած է, սպառնալով Եւրոպան ողողել «Իսլամական պետութեան» գերի ինկած ահաբեկիչներով։ Նոյեմբեր 13-ին, նախագահ Թրամփը իր կողքին, Էրտողան ամբաստանեց Քոնկրէսը, շահագործած ըլլալուն համար «պատմական զարգացումներու վկայութիւններ, ականահարելու նպատակով երկկողմանի յարաբերութիւնները»։

 

Արդ, հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս վարուելու է Թուրքիոյ հետ։ Չաք Ուոլտ, օդուժի չորս աստղանի հանգստեան կոչուած հրամանատար մը, յատուկ մտահոգութիւններ ունի, Հիւսիս-Ատլանտեան Կազմակերպութեան վստահութեան նկատմամբ, Թուրքիոյ մէջ Ինճիրլիքի օդանաւային կայանի օգտագործման համար։ Կ՚ըսուի նաեւ, թէ այս զինուորակայանին մէջ զետեղուած են շուրջ 50 հիւլէական B6 ռումբեր։

 

Ըստ Չաք Ուոլտի, Էրտողանի պաշտօնավարութեան ընթացքին, Թուրքիա փուշ մը եղած է մեր կողին, վերջին հինգ տարիներու ընթացքին։ 2014-ին, Անքարա բրտօրէն մերժեց Ինճիրլիքի զօրակայանը օգտագործել ԻՍԻՍ-ի դէմ, երբ այս վերջինը կ՚արշաւէր Իրաքի ու Սուրիոյ հողամասերուն վրայ։ Տարի մը ետք, Թուրքիա դժկամակութեամբ տեղի տուաւ, բայց միշտ հարկադրուած ըլլալով գոհացում տալ անոր պարբերական պահանջքներուն՝ կեցնելու զինուորական գործողութիւնները։ Իսկ 2016-ին, երբ պետական հարուած փորձուեցաւ, Էրտողան հրամայեց ամերիկեան գոյք ուպահանջքները (assets) սառեցնել, ամբաստանելով մեզ՝ զինք փոխարինելու փորձով։

 

Վերոյիշեալ դէպքերէն ետք, ներկայիս Էրտողան կը սպառնայ յարձակիլ մեզի դաշնակից Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ, մինչ ամերիկեան բանակը կը գործէր այդ շրջանին մէջ։ Ապա, երբ ամերիկեան զօրքերը սկսան քաշուիլ այդ շրջանէն, թրքական բանակը սկսաւ կրակել մեր դիրքերուն ուղղութեամբ։ Թուրքիոյ յիշեալ նախաձեռնութիւններն ու կեցուածքը յարուցանելու են լուրջ հարցեր Ինճիրլիքի զօրակայանին օգտագործման ուղղութեամբ՝ ՆԱԹՕ-ի եւ ամերիկեան ուժերուն կողմէ։

 

Հարց կը ծագի, թէ ՆԱԹՕ-ի ուժերը քաշուելէ ետք, ո՞ւր պիտի տեղափոխուին, որպէսզի չվտանգուի եւրոպական ապահովութիւնը։ Քանի մը տարիներ առաջ, Չաք Ուոլտ թելադրած է նոր օդանաւակայան մը շինել Իրաքի մէջ, յատկապէս Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան կողմէ հակակշռուած հողամասին վրայ, որպէս հետեւութիւն մեր ջանքերուն՝ ԻՍԻՍ-ը պարտութեան մատնելու, դուրս հանելով զայն երկրէն։

 

Ներկայիս, Մ. Նահանգներու ամէնէն ստիպողական մտահոգութիւնը ա՛յն է, թէ Ինճիրլիքի հիւլէական կարելիութիւնները չեն ծառայեր այլեւս մարտավարական անցեալի նպատակներուն։ Նկատի ունենալով ծառայող հակա-ամերիկեան ձգտումները, ու միաժամանակ՝ Էրտողանի կամեցողութիւնը Ռուսաստանին աւելի մօտենալու, խիստ անհրաժեշտ կարիքն ունինք տեղափոխելու խնդրոյ առարկայ այդ զինամթերքը։ Իտէալական պիտի ըլլար զանոնք ունենալ եւրոպական հողի վրայ, մէկ կարելիութիւնը ըլլալով Ավիանօ օդանաւային կայանը Իտալիոյ մէջ։ Իսկ օդանաւերը կարելի է նաեւ փոխադրել Յունաստան կամ Կիպրոս։ Յոյները, յատկապէս այս վերջին տարիներուն, աւելի խոր ամերիկեան զինուորական ներկայութիւն մը կ՚ուզեն, եւ աւելի շեշտեալ դեր մը՝ ՆԱԹՕ-ի մէջ։

 

ՆԱԹՕ-ի մեծ յաջողութիւններէն մէկը եղածէր, Արեւմտեան Եւրոպան պաշտպանելու ակներեւ պատճառէն անդին, Թուրքիան եւ Յունաստանը իրարու կոկորդը սեղմելու կարելիութենէն հեռու պահելը։ Փոփոխութեանց նման յառաջադրանք մը կրնա՞ր արդեօք բռնկեցնել յոյն-թուրք վտանգաւոր մրցակցութիւնը։

 

Նախ սխալ ըմբռնում մը կայ, թէ ՆԱԹՕ-ն Յունաստանը եւ Թուրքիան մղած են իրարու հանդէպ զինեալ կեցուածքի։ Իրականութեան մէջ անոնք զինեալ բախումի դիմեցին 1964-ին նախագահ Լինտըն Պ. Ճոնսընի միջամտութեան վրայ։ Տասը տարի յետոյ, անոնք դարձեալ կռուեցան, այս անգամ ՆԱԹՕ-ն ձեռնպահ մնալով, հիման վրայ կազմակերպութեան 5-րդ յօդուածին, որովհետեւ փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանը գործադրելի չըլլալով՝ անդամ երկիրներու միջեւ հակամարտութեան պարագային։ Այսօր, Յունաստանը միջոցառումներ ձեռք առած է, որ ՆԱԹՕ-ն կրնայ ի հարկին, իր երկրին հարաւ-արեւելեան պատնէշը դառնալ, հոն կազմակերպելով այլազան ծաւալի զինուորական յաճախակի փորձեր։ Հակադրութիւնը չի կրնար աւելի ցցուն ըլլալ, երբ Թուրքիա շատ աւելի հեռացած է ՆԱԹՕ-էն վերջին հինգ տարիներուն։

 

Ներկայիս լարուածութիւն կայ, թրքական նաւային շարունակուող գրգռութիւններու հետեւանքով կիպրական ջուրերու մէջ, ինչպէս նաեւ Էրտողանի բողոքներուն պատճառով, թրքական ծովեզերքին մօտակայքը գտնուող յունական կղզիներու գերիշխանութեան իրաւունքին նկատմամբ։

 

Թոպին Հարշօ – Թուրքիան ինչպէ՞ս կրնայ մնալ ՆԱԹՕ-ի մէջ, երբ վստահելի չէ Ինճիրլիքի մէջ։


Չաք Ուոլտ – Դժբախտաբար իրականութիւնը ա՛յն է, որ ՆԱԹՕ-ն կախակայումի կամ արտաքսումի դրութեան մը mechanism չունի, իր անդամներուն կախակայումի կամ արտաքսումի նկատմամբ։

 

Ինճիրլիքի հարցէն զատ, մենք կը շարունակենք տեսնել թէ ինչպէս Թուրքիա, երկար ատենէ իվեր, աշխուժութեամբ կը գործէ ՆԱԹՕ-ի շահերուն դէմ, գնելով ռուսական S-400 հրթիռները հակառակ կրկնուող զգուշացումներու, արտօնելով օտար զինեալներու ազատ անցք՝ ԻՍԻՍ-ին միանալու համար Սուրիոյ մէջ։

 

Կը խորհիմ, թէ Թուրքիոյ պարագան պէտք է մղէ ՆԱԹՕ-ն, որդեգրելու սիստեմ մը, որ գործադրելի ըլլայ, երբ անդամ մը չի գործեր կազմակերպութեան որդեգրած արժէքներուն համաձայն, կամ երբ աւելի վատ ընթացքի մէջ գտնուի, վտանգ մը դառնալով կազմակերպութեան շահերուն։

 

Նոյեմբեր 13-ի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին թղթակիցներու հետ, Թրամփ գովեց Թուրքիան իր ներդրումին համար ՆԱԹՕ-ի մէջ։

 

Թոպին Հարշօ – Կը խորհի՞ք թէ նախագահը դուռը բացաւ թրքական ներխուժումին դէպի Հիւսիսային Սուրիա։


Չաք Ուոլտ – Տրուած ըլլալով, որ սուրիական ու քրտական հարցերով, Թուրքիա կը գործէ Մ. Նահանգներու ու ՆԱԹՕ-ի շահերուն դէմ, աւելի պատճառ կայ որ Թուրքիան պատասխանատու նկատենք իր արարքներուն համար։ Օրինակի համար, մազաչափ տեղի տալու չենք S-400 / JSF հրթիռներու հարցով։

 

Թոպին Հարշօ – Թրքական հարցը մէկ կողմ, ի՞նչ է մեծագոյն սպառնալիքը Եւրոպայի ու ՆԱԹՕ-ի համար։


Չաք Ուոլտ – Ռուսաստանը։

 

Թոպին Հարշօ – 2000 թուականի սկիզբը ՆԱԹՕ-ի տարածումը, ներմուծուելով նախկին սովետ երկիրներէն ներս, սխա՞լ էր արդեօք։ Վստահաբար այս նախաձեռնութիւնը կը բարկացնէ Վ. Փութինը։


Չաք Ուոլտ – Ո՛չ։ Ա՛յն ատեն կը թուէր թէ ճիշդ էր հետապնդուած նպատակը։ Յետոյ, Փութինի գործունէութիւնն ու նպատակները բոլորովին հակադրուեցան Ամերիկայի ու ՆԱԹՕ-ի որդեգրած քաղաքականութեան։ Բոլորս ալ կ՚ուզենք որ հարցերը բնականոն դառնան, դէպի աւելի գործակցական աշխարհ մը։ Այսօրուան քաղաքականութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի։ Ազգեր, որոնք նախապէս դաշնակից կը նկատէինք, կամ գէթ՝ բարեկամներ, ներկայիս թշնամի դարձած են։

 

***

 

Այս յօդուածին մնացեալ մասը աշխարհագունդի  տաքնալու (global warming) մասին է։ Ատիկա նկատուած է ազգային ապահովութեան դէմ սպառնալիք։ Կլիմայական այս փոփոխութիւնը կրնայ առաջնորդել բնութենական ու մարդկային աղէտի։ Մ. Նահանգներու մէջ համատարած հրդեհները, յատկապէս Քալիֆորնիոյ մէջ, հովամրրիկները եւ անձրեւային հեղեղները, արդէն տարուէ տարի մտահոգիչ կը դառնան։

 

* Թոպին Հարշօ խմբագիր ու գրող է Ազգային ապահովութեան ու զինուորական հարցերու մասին՝ «Bloomberg Opinion»-ի համար։ Անիկա նոյնպէս խմբագիր եղած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ։ Յօդուածին վերջին մասը հարց-պատասխանի ձեւով տրուած է։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Bloomberg Opinion», 16 Նոյեմբեր 2019

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ