Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 7։00-ին առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» վեհաշուք սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ոսկեհանք ժառանգութեան նուիրուած, բառին խորագոյն իմաստով՝ հոգեթով երեկոն։

 

Այդ օրը, սրահը լեցնող բազմութիւնը բացառիկ հաճոյքը ունեցաւ ըմբոշխնելու Առաջնորդին վաստակէն առնուած համով-հոտով պատառիկներ։

 

Այո, այդ երեկոն բոլոր ներկաներուն միտքին եւ յիշողութեան մէջ երկար ժամանակ պիտի մնայ այս ձեռնարկը իր որակով եւ մատուցմամբ։

 

Այս առիթով, կու գանք մեր գնահատանքի խօսքերը ուղղելու գրական երեկոն կազմակերպող առաջնորդարանէն ներս պաշտօնավարող երիտասարդներէն կազմուած յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ՝ Պրն. Հայկ Մադոյեանի։

 

Արդարեւ, մեր թանկագին Առաջնորդը մեր թէմէն ներս, Լոս Անճելըսի հայութեան կեանքէն ներս, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ աշխարհատարած ծրագիրներու եւ իրագործումներու իր մատուցած անփոխարինելի ծառայութիւններով, արդարօրէն արժանացած է մեր ժողովուրդին անսահման սիրոյն եւ յարգանքին իր վարչական բազմաթիւ պարտաւորութիւններով, իր ծուխերու յաճախակի այցելութիւններով, հոգեւոր, մշակութային, մեր 40-է աւելի գործող յանձնախումբերու եւ միաւորներու ղեկավարութեամբ, քրիստոնէական միջեկեղեցական շարժման իր ղեկավարութեամբ: Այս բոլորին կողքին, մեր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը 80 հատոր գիրքերու հեղինակ է։

 

Այդ վաստակը հանրութեան վերստին ծանօթացնելու համար կազմակերպուած էր հանդիսութիւնը:

***

Օրուան հանդիսավար՝ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան բարի գալուստի բացման ջերմ խօսքով ողջունեց ներկաները, անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բեղուն գրիչին: Ան սկսած է գրել Անթիլիասի Դպրեվանքի տարիներէն սկսեալ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ գրել: Տէր Վազգէն յիշեց, թէ ինչո՞ւ մարդիկ կը գրեն, ինչո՞ւ մարդիկ իրենց մտածումները թուղթին կը յանձնեն, որովհետեւ գրողին մէջ անզուսպ փափաքը մեծ է գրելու, քանի որ գրուած խօսքը աւելի մնայուն է քան բերանացին։

 

Յաջորդաբար հրաւիրեց հինգ բանախօսներ ներկայացնելու Սրբազան Հօր գրական-հրատարակչական վաստակը։ Յիշենք, թէ Յովնան Սրբազանի գրիչէն լոյս տեսած են ինչպէս յիշեցինք 80 հատորներ, իսկ Նորին Սրբազնութիւնը Արեւմտեան թեմէն ներս իր քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ հարատարակած է 400-է աւելի հատորներ։

 

Ելոյթ ունեցաւ դոկտորական թեկնածու Նորայր Պօղոսեան, որ ներկայացուց Սրբազան Հօր քարոզներու հրատարակած գիրքերը։ Ինչպէս գիտենք, Յովնան Սրբազանը մեղրահամ եւ սքանչելիօրէն հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած քարոզներու հատորներ ունի, որոնց մասին Պրն. Պօղոսեան հանգամանօրէն խօսեցաւ։

 

Ապա, Հայկ Մադոյեան ներկայացուց Սրբազան Հօր գիրքերու մէջ դրսեւորուած խորհրդածութիւնները, որոնք բոլորն ալ հաւատքի վրայ հիմնուած խորհուրդներ են։

 

Սերգէյ Առուստամեան անդրադարձաւ հեղինակին անգլերէն լեզուով գրուած գիրքերու բովանդակութեանց։ Այս գիրքերը առաւելաբար անգլիախօս սերունդին խօսող գիրքեր են, խօսքեր են եւ Սրբազան Հայրը այս ճիւղին մէջ շատ հմուտ է։

 

Տիրան Աւագեան խօսեցաւ մանրապատումներու հատորներու մասին, ուր հեղինակը ուսանելի եւ դաստիարակիչ մանրապատումներով կը ներկայացնէ «հաւատքի» կարեւորութիւնը մարդ արարածի կեանքին մէջ։

 

Վերջաւորութեան, առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժնի վարիչ, հմուտ Աստուածաբան եւ հրապարակախօս Մաշտոց Չոպանեան ներկայացուց Սրբազան Հօր գրական վաստակին մէջ աղօթագիրքերը, որոնք թիւով 10 հատ են եւ բազմաթիւ տպագրութիւններու արժանացած են։ Այդ հատորներուն մէջ կը տեսնենք եւ կը սորվինք գոհութիւն եւ փառք տալ Աստուծոյ մեզ պարգեւած կեանքին համար, պզտիկներուն կը սորվեցնէ երախտապարտ ըլլալ Աստուծոյ եւ իրենց ծնողքին։

 

Հինգ զեկուցողները բազմաթիւ մէջբերումներով, պաստառներու վրայ կը ներկայացնէին հատորներէն էջեր եւ բաժիններ, որոնք խորապէս հաղորդակից դարձուցին ներկաները իրենց տրուած նիւթին հետ։

 

Յայտագրին ընթացքին երկու անգամ ելոյթ ունեցան Պետրոսեան ընտանիքի զաւակները՝ իրենց մօր ընկերակցութեամբ, ջութակի, սրինգի եւ դաշնակի միջոցով. արտակարգօրէն տաղանդաւոր երաժիշտներ, որոնք արժանացան ներկաներուն երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութեան։

 

ՆՍՕՏՏ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բառերով Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան «Մեր եկեղեցւոյ պարծանքն ու հպարտութիւնն է»: Մենք ալ այդ երեկոյ ծանօթացանք մեր Սրբազանին գրական անգնահատելի տաղանդին ու մանաւանդ անոր աշխատասիրութեան անսպառ եռանդին։

 

Գրական երեկոյին վերջաւորութեան Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան խորապէս յուզուած՝ իր փակման եւ շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, բանախօսներուն, Պետրոսեան ընտանիքի արուեստագէտ անդամներուն եւ ներկայ ժողովուրդին:

 

Այդ օր զուգադիպելով մէկ օր առաջ 1 Դեկտեմբերին, Սրբազան Հօր տարեդարձին օրուան հետ, կազմակերպիչ յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր տարեդարձի կարկանդակ մը բերել եւ բոլոր ներկաները միասին լիաթոք եւ միաբերան երգեցին տարեդարձի երգը։ Իսկ Տիկնանց յանձնախումբը պատրաստած էր շատ ճոխ հիւրասիրութիւն մը։

 

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք կազմակերպիչ յանձնախումբը այս խիստ շահեկան ձեռնարկին համար, իսկ մեր Սրբազան Հօր կը մաղթենք երկար եւ կենսառողջ կեանք մը, Աստուածահաճոյ նորանոր ծառայութիւններով լեցուն օրեր։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ