Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքահայերու Ընտանեկան շաբաթօրեայ անվճար վարժարանի տօնական հանդէսը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Կլենտէյլի Glendale Centre Theater սրահին մէջ (հասցէ՝ 324 N. Orange St., Glendale CA 91203) տեղի պիտի ունենայ Իրաքահայերու Ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանի 40-րդ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան աւանդական դպրոցական հանդէսը։

 

Այդ օր, վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները իրենց սորված յաւուր պատշաճի շատ ջերմ եւ հաճելի երգերով, պարով, խմբային ու անհատական ասմունքներով, կենդանի պատկերներով ու մանաւանդ Կաղանդ պապային (Ձմեռ պապիկին) ժամանումով, աշակերտական տօնակատարութեան հրավառութիւն մը պիտի ներկայացնեն։

 

Յիշենք, թէ Իրաքահայերու Ընտանեկան շաբաթօրեայ այս անվճար վարժարանը քառասուն տարիէ ի վեր կը գործէ մեր գաղութէն ներս։ 1700-է աւելի հայորդիներ յաճախած են այս վարժարանը, որոնք հայերէն լեզու, երգ, պար եւ ասմունք սորված են, բայց մանաւանդ անոնց սիրտն ու հոգին լեցուած են ազգային եւ հայրենասիրական մաքրամաքուր ոգիով։ Այսօր ազգային կեանքէն ներս ամէն քայլափոխին կը հանդիպինք մեր դպրոցի նախկին սաներու, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն հաւաքական մեր կեանքին։

 

Դպրոցի դասերը անվճար են, աշակերտութիւնը միայն արձանագրութեան գումար մը կը վճարէ։ Նմանապէս, դպրոցին բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները կամաւոր են։ Դպրոցը ունի 90 սաներ եւ մօտ 40 հոգի սպասման ցանկի վրայ է, միանալու համար մեր դպրոցի աշակերտութեան։

 

Ամենայն հպարտութեամբ կու գանք յիշելու, թէ դպրոցի բոլոր ուսուցչուհիները, ԱՄՆ-ի, Հայաստանի, Միջին Արեւելքի բարձրագոյն համալսարանները աւարտած են, կամ՝ մանկավարժական փորձառութիւն ունեցող երիտասարդներ են, գլխաւորութեամբ ժրաջան եւ նուիրեալ տնօրէնուհի՝ Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանի։

 

Իսկ գեղարուեստական բաժնի կամաւոր ուսուցչուհին է ծանօթ արուեստագիտուհի, վաստակաւոր կրթական մշակ՝ Մարիէթա Անասեանն է, որ 30 տարիէ աւելի կամաւորաբար կը ծառայէ այս դպրոցէն ներս։

 

Ազնուասիրտ այս հոյակապ տիկինները, մեծագոյն սիրով, ամէն Շաբաթ օր իրենց գործը, տունը, ընտանիքն ու անձնական գործը ձգած կու գան մեր նորահաս սերունդի հայապահպանման եւ հայակերտման այս սուրբ գործը կը կատարեն։

 

Ձեռնարկին ներկայ ըլլալու համար ձեր տոմսերը կրնաք ապահովել հեռաձայնելով տնօրէնութեան հետեւեալ թիւով (818)281-1218։

 

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ աշարհատարած համայն հայութեան, մաղթելով մեր ժողովուրդին բարեբեր, օրհնաբեր, առողջաբեր եւ հայօրէն ապրելու անկոտրում կամք։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ