ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
Առաջին իսկ էջէն, այս գիրքը զիս տարաւ դպրոցական տարիներս, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, ուր առաջին անգամ ծանօթացեր էի Վահրամ Մավեանի գրութիւններուն, անոր սփիւռքահայ օրագիրներուն հետ։ Եւ առաջին իսկ էջէն որոշեցի գրութիւնս վերնագրել՝ «Հրայր Ճէպէճեան. մերօրեայ Վահրամ Մավեանը»։
550 էջերու մէջ մէկտեղուած են հեղինակին 130 գրութիւնները, որոնք ստորագրած է 2011-էն 2017 թուականներուն։
Հատորին խմբագիրն է հեղինակին ազնիւ տիկինը՝ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, իսկ գիրքը ձօնուած է իրենց զաւակներուն։
Կողքի նկարը՝ «Գունաւոր տուներ», գործն է գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի (Կիպրոս)։
Հաստափոր հատորը լոյս տեսած է Պէյրութի Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատունէն, 2018-ին։ Գիրքը ունի անգլերէն եւ արաբերէն կարճ բացատրողական էջեր, լուսանկարներ։
Նուազագոյն վրիպակները կը գտնենք այս գիրքին մէջ, որ ինքնին շնորհաւորելի է։ Սակայն, որքա՜ն աւելի պիտի շահէր գիրքը, եթէ հրատարակչատունը վերստուգող սրբագրիչ մը ունենար. բան մը, որ սփիւռքահայ տպագրական աշխարհին մէջ կը պակսի քիչ մը ամէն տեղ։
Մեր համեստ կարծիքով, ընթերցողին պրպտումը կը դիւրանար, եթէ գիրքը ժամանակագրական կարգի փոխարէն բաժնուած ըլլար թեմաներով։ Ըսենք՝ Հոգեւոր, Միջազգային, Ինքնութիւն, Ցեղասպանութիւն եւ Հայ Դատ, Դէմքեր։
Բայց, նոյն ատեն, Ճէպէճեան է՛ ամէն տեղ. թէ՛ ֆիզիքապէս ինք ներկայ է իր նկարագրած սփիւռքահայ կեանքերուն մէջ, եւ թէ՛ հոգեպէս՝ կ՚ապրի անոնց լաւն ու ցաւը, իր սիրտն ու հոգին միախառնելով անոնց պատումներուն, անցեալին, ներկային ու երազած ապագային հետ։
Դոկտոր Ճէպէճեան կը սերի Ճէպէճեան եւ Գունտագճեան ոչ անծանօթ ընտանիքներէն։ Ինք կրո՛ղն ու շարունակողն է այդ երկու գիծերուն, ընտանիքներուն. ժառանգորդն է Այնթապին, Քեսապին, Հալէպին, Պէյրութին, որոնք կերտեցին այսօրուան ամբողջական սփիւռքահայը իր մէջ։
Ժամանակակից հայն է ան, որ նոր սփիւռքի եւ նոր Հայաստանի իրականութիւնը կ՚ապրի եւ ընթերցողը կը մղէ մտածելու, միանալու այդ լաւին ու ցաւին։ Դէպք մը, առիթ մը, ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանան Հրայր Ճէպէճեանին համար, ինչպէս պիտի ընէր սփիւռքահայ թերթի խմբագիր մը, հրապարակագիր մը, սրտցաւ հայ մը։
Քաղաքական, ընկերային եւ միջազգային հարցերը նոյնպէս կը յուզեն զինք։ Հոն ան մէկ ոստումով կը կապէ միջազգայինը ազգայինին հետ եւ հարցադրումը իր կողմէ միշտ պատրաստ է։
Ճէպէճեան աշխատասէր է, արդիւնաշատ գրող։ Հոն կայ ե՛ւ քանակ, ե՛ւ որակ։ Վստահ ենք, որ ան շատ արագ կ՚արտադրէ։ Անոր գրութիւններուն սահուն լեզուն այդ կը վկայեն։
Ուրիշ կարեւոր կէտ մը. Ճէպէճեան կը հաւատա՛յ ինչ որ կը գրէ, կ՚ապրի այն ինչ որ կը գրէ։ Այս գիրքը հայու ինքնութեան դասընթացք է, դասարան է, դպրոց է։
Արեւմտահայերէնի պաշտպանն է ան. լեզուն կարեւոր է իրեն համար, սակայն սփիւռքահայ իրականութիւնը կու գայ շեշտելու ինքնութեան, հայ զգալու կարեւորութիւնը, որ լեզուի նահանջին հետ հակաքայլ՝ 1991-ին կերտուած Հայաստանի անկախութենէն ետք ա՛լ աւելի արմատաւորուեցաւ սփիւռքահայութեան մէջ։
Ճէպէճեան կապող օղակնէ կեանք կոչուող իրականութեան։ Աւետարանը՝ կեանքին, հինը՝ նորին, միջազգայինը՝ հայկականին։
Պահ մը մոռնանք այս հատորին գեղարուեստական արժէքը, մէկդի դնենք անոր ոճական թէ լեզուական առանձնայատկութիւնները եւ կեդրոնանանք, թէ որքան նորութիւն կը բերէ այս գիրքը իր տեղեկատուութեամբ։ Եթէ մէկ կողմէ հանրածանօթ հայեր կը տողանցեն հոն իրենց անուն-մականուններով ու գործով, սակայն որքա՜ն մեծ է նաեւ թիւը պատահականօրէն թէ տարբեր առիթներով հեղինակին ճանչցած ու ընթերցողին ծանօթացուցած սփիւռքահայերու։ Եւ որքա՜ն իրական։ Օրինակ, երբ Կիպրոսի Մելգոնեանի սերնդակիցներէս եթովպահայ Մեսրոպ Սարգիսեանին հետ կը զրուցէ, անոր մասին կը գրէ, հոն ամէն ինչ այնքան պարզ է ու իրական։ Բան մը, որ կ՚աւելցնէ արժէքը այս գիրքին։
Առիթ մը… միայն։
Առիթ մը, յուշարձան մը, եւ կը բացուի Ճէպէճեան, անցելայուշ պատկերներ կու գան խաչաձեւելու անոր մտածումները մեր եսը, ինքնութիւնը պահելու աշխարհի տարածքին։ Սփիւռքահայու ներկայի խնդիրներ մնայուն տեղ ունին գիրքին մէջ, արտագաղթը Հայաստանէն՝ նոյնպէս։ Սովորական թղթակցութիւն մը եւ կծիկը կը քակուի։ Ճէպէճեան ամէն ժամ կը սնուի անցեալէն, ընտանիքը, գերդաստանը, միշտ պատրաստ են միս ու արիւն տալու իր գրութիւններուն։ Հալէպը, Քեսապն ու Այնթապը իրեն հետ են ամէն ժամ։ Կը հաւատայ իր տեսածին ու իր խօսքին, եւ իր հաւատքը, յոյսը, սէրը, կը փոխանցէ մեզի։
***
Անկարելի է խուսափիլ մեր անցեալէն, մեր պատմութենէն։ Համիտեան ջարդեր, Ցեղասպանութիւն։ Հեղինակը բախտաւոր է, որ ունի իր ընտանիքին պատմութիւնը, որ թուղթին յանձնելով դարձուցած է բոլորիս սեփականութիւնը։ Կ՚արժէ ընթերցել եւ դպրոցական դասագիրքերու մէջ ընդգրկել «Ալ գրելու ուժ չմնաց» գրութիւնը։
Եւ յուշեր նշանաւոր ակնաբոյժ Ռոպեր Ճէպէճեանէն, հեղինակին հօրեղբօրմէն՝ Վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանի մասին, իրենց ընտանիքին պատմութիւնը, Ցեղասպանութիւն եւ ինքնութեան ամուր կառչածութիւն։
Ազգային նոր զարթօնքը, Արցախը, սահմանը, Տաւուշը հարազատ են հեղինակին։ Ամէն տեղ է մերօրեայ Վահրամ Մավեանը։
Նոր Սփիւռք։ Հայաստանէն անվերջանալիօրէն հոսող սպիտակ արիւնը՝ արտահոսքը, արտագաղթը հայկական նոր համայնքներ ստեղծած է մանաւանդ եւրոպական քաղաքներու մէջ։ Այս տագնապը նոյնպէս մերն է, բոլորինս է եւ Ճէպէճեան չի կրնար շրջանցել այս խնդիրը եւ հանդիպելով «նոր հայերու» հարցումը որ կը չարչրկէ զինք հետեւեալն է. ինչո՞ւ արտագաղթ եւ ինչպէ՞ս անոնք կը տոկան կեանքի անսպասելի դժուարութիւններուն։
Միջազգային լուր մը։ Միխայէլ Քալաշնիքով կը մահանայ 2013-ի Դեկտեմբերին։ Մահանալէն տարի մը առաջ Ռուսիոյ պատրիարքին կը դիմէ՝ յայտնելով իր հոգեկան ցաւին մասին։ Ինքնապաշտպանութեան համար անոր ստեղծած ինքնագործ զէնքը քանի՜ քանիներու գլուխը կերած է։ Եւ Ճէպէճեան մեզ կը տանի Քալաշնիքովի հոգեկան աշխարհը ու կը գրէ. «Մարդը միշտ ալ դէմ յանդիման գտնուած է աշխարհին եւ անձին շահելու այլընտրանքին առջեւ։ Փորձութիւնը միշտ եղած է անձին՝ հոգիին զիջիլը, աշխարհին դիմաց»։
***
Մեզի կը մնայ շնորհաւորել Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը։ Ան ամբողջական հայն է, ամբողջական սփիւռքահայը եւ ամբողջական մարդը՝ աշխարհաքաղաքացին։ Աշխատանքի բերումով աշխարհը շրջող Ճեպեճեան արժանի է մեր բոլորին գնահատանքին, օրինակելի՛ իր գործնական հայրենասիրութեամբ, բարութեամբ, լաւատեսութեամբ, իրատեսութեամբ եւ սեւին սեւ ու ճերմակին ճերմակ ըսելու քաջութեամբ։
Կանաչ ճանապարհ ձեզի, սիրելի՛ Ճէպէճեան Հրայր։
Յապաւումներով
ՆԿՈՒՂԱՅԱՐԿԻ ԽԼԷԶՆԵՐ
Պատանեկութեան տարիներին հասարակական, քաղաքական, պետական այրերի վերաբերեալ ունէի ակնածանք, երբեմն ցանկանում էի ապագայում ունենալ նրանց դիրքն ու հեղինակութիւնը։
Անցան տարիներ, ակնյայտ դարձաւ, որ վերոյիշեալ անձանց մեծամասնութեան գործունէութիւնը նախանձելի չէ։
Հասարակարգերը մանաւանդ ընթացիկ դարում այնքան բարդ ու բազմաշերտ են, որ ոչ-մասնագէտներն անկարող են ներթափանցել նրանց ծալքերը։
Հասարակական, քաղաքական, պետական գործիչների զգալի մասը կատարում է վերադաս անտեսանելի մարմինների հերթական յանձնարարութիւնները, ծառայութիւնները, սպասարկումները, իհարկէ առերես գործում են ազգաբնակչութեան համար։
Հետևապէս ոչ բոլոր մեկնաբաններին, պատմագիրներին է յաջողւում ի յայտ բերել ճշմարտութիւնն իրենց աշխատութիւններում։
Եկէք օրինակ ընդունենք Հայաստանի Հանրապետութեան քսանութամեայ անցեալը։ Անկախութեան հռչակումով միլիոնաւոր հայեր տօնախմբութիւններ կազմակերպեցին ակնկալելով իրենց փափաքների իրագործումը, կարծելով թէ իրենք են երկրի տէրն ու իրենք են իրենց ճակատագիրը որոշողները, ուստի կը զարգացնեն երկիրն առաւել հոգատարութեամբ։ Իսկ ի՞նչ ստացուեց։ Ջրի գնով վաճառքի հանուեցին գիտական, արդիւնաբերական հաստատութիւնների միջոցները՝ հաստոցները, սարքերն ու սարքաւորումները, փակուեցին աշխատատեղերը, դիտաւորեալ կերպով ծրագրուեց մութ ու ցուրտ տարիների յանցագործութիւնը, լքուեցին գիւղերը, սովորական երևոյթ դարձան տեռորը, կոռուպցիան, անօրինականութիւնը։ Սկսուեց արտագաղթը, զգալի թուով հայեր անցան Թուրքիայի սահմանն ապաստան գտնելու այնտեղ։ Ո՞ւր մնաց նորաքսակ իշխանների նամուսն ու ղէյրաթը։ Ցաւօք սրտի 28-ամեայ հասարակարգում արմատական, յեղափոխական փոփոխութիւններ չեն արձանագրւում։ Նախկին պաշտօնեաների ծպտեալ տարրերը չեն հեռացուել դատական, բանկային, վարչական ասպարէզներից և փաստօրէն նորանոր դաւեր են նիւթում։
Վերնատունը Քրիստոսի առաքեալների հաւաքատեղին էր։ Թումանեանը պատահականօրէն չէր անուանել հայազգի նշանաւոր մտաւորականների հաւաքատեղին։ Իսկ սատանայի ճտերի՞ն ինչ այդ սրբազան անուան բռնագրաւումը։
ԺՈՐԱ ՀԱՄԲԱՐՉԵԱՆ
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ