Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻ՛ՒՆ…

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկու հազար տասնինը թուականը ամբողջացաւ մեծ ակնկալիքի մը անակնկալով։ Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ անոր յաջորդող Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող զոյգ բանաձեւերը բարոյական հսկայական յաղթանակ բերին Ցեղասպանութեան արդէն երրորդ ու չորրորդ սերունդները համարուող ամերիկահայութեան, աշխարհի հայութեան, մարդկութեան, թէ՝ աշխարհի վրայ կա՛յ արդարութիւն, արդարադատութիւն, խիղճ եւ յարգանք։

 

Բարոյական յաղթանակին զուգահեռ, քաղաքական յաղթանակ մըն է ամերիկեան այս քայլը, թէկուզ եւ օրուան իշխանութեան՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփին վարչակազմին կողմէ տակաւին ընդունելի չեղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կոչել իր անունով՝ Genocide։

 

Ցեղի մը մասամբ կամ լրիւ սպանութիւնը ցեղասպանութիւն է եւ անմարդկային ոճիր, որուն դիմաց կայ պատասխանատուութեան լրջագոյն պահը եւ ապա՝ անոր հետեւանքը։ Միացեալ Նահանգներու վճռական այս քայլը անպայման բան մը կու գայ ըսելու ժամանակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավարութեան։ Միջազգային քաղաքական խաղերու զո՞հ է դարձեալ Հայ Դատը, մեր իրաւունքները կ՚ոտնակոխուի՞ն, կ՚արհամարհուի՞ն… Այո, այդպէս եղած է անցեալին, եւ հնարաւոր է նաեւ այսօր ու վաղը։ Սակայն, մե՛նք եւս ունինք մեր պարտաւորութիւնները, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս ձեռնածալ պիտի չնստինք։

 

Ամէն բանէ առաջ՝ «հացը՝ հացագործին»։ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի՝ հացը տանք հացագործին. թող քաղաքական դէմքերը, ժողովուրդին կողմէ ընտրուածներ աշխատին օրնիբուն՝ խորհրդարան եւ կառավարութիւն, արտախորհրդարանական կազմակերպութիւններ՝ նոյնպէս։ Թող մեզմէ իւրաքանչիւրը իր գործը կատարէ՝ ազգովին. եկեղեցիները, մշակութային միութիւններ, մարզական-երիտասարդական, կրթութեան ոլորտի մարդիկ, մտաւորականներ, լրատուական միջոցներ, կառավարական եւ ոչ-կառավարական կառոյցներ, գործարարներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ, բարեգործական միութիւններ, այլ խօսքով՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը երբ կատարէ ի՛ր պարտականութիւնը, մեր համահայկական դիմագիծը նոյնպէս պիտի փոխուի, բարելաւուի թէ՛ ներազգային կեանքէ ներս եւ թէ՛ միջազգային հարթակներու վրայ։

 

Մենք, որպէս միասնական մէկ ժողովուրդ, հարուստ ենք մեր նմանութիւններով ու տարբերութիւններով։ Տարբերութիւններու գոյութիւնը շատ անհրաժեշտ է զիրար աւելի՛ լաւ հասկնալու համար։ Այդ տարբերութիւնները մենք բոլորս շատ լաւ գիտենք, կը գիտակցինք։ Մենք «կը սիրենք» բաժնել մեզ արեւելահայու եւ արեւմտահայու, ատանացիի եւ այնթապցիի, գիւմրեցիի եւ երեւանցիի, արցախցիի եւ ջաւախահայու, ռուսահայու եւ ամերիկահայու, պարսկահայու ու լիբանանահայու… եւ երեսուն ու աւելի տարիներ Ամերիկա ապրելէ ետք, տակաւին… այս երկրին մէջ, Լոս Անճելըսի մէջ՝ մեզ կը բաժնենք պոլսահայու, պէյրութցիի, սուրիահայու եւ հայաստանցիի…

 

Սիրելինե՛ր, մեր տարբերութիւնները մեր ուժականութիւնն են, մեր ներքին ՀԱՅ-ն է որ կը խօսի, կը պոռթկայ։ Չունենալով անկախ պետականութիւն… աւելի քան 500 տարի, հրաշքի համազօր է Մայիս 28 եւ Սեպտեմբեր 21 կերտած մեր պատմութիւնը՝ հայոց պատմութեան վերջին հարիւր տարին։ Այսօր ունինք Հայաստան եւ Արցախեան հերոսամարտ, այսօր ունինք պե-տա-կա-նու-թիւն, որ մեր հպարտութիւնն է, մեր հաւաքական ուժին արտայայտութիւնն է։

 

Տարեփակի մեր խոհերուն մէջ կը ծանրանանք ՄԷԿ բառի վրայ՝ ՊԱՀԵԼ մեր այսօրուան Հայաստանը, Արցախը, Ախալքալաքն ու Ախլցխան, ՊԱՀԵԼ հայագաղութները որպէս մէկական արբանեակներ մեր հայրենիքին շուրջ, հայրենիքին հետ, հայրենիքին փոխկապակցուած։ ՊԱՀԵԼ երեսնամեայ քրտինքով, նիւթական հսկայական միջոցներով, հազարաւոր հայրենասէր մեր նուիրեալներուն արիւնով կերտուած Արցախը, ՊԱՀԵԼ Հայաստանի սահմանները անսասան։ Մեր պարտաւորութիւններուն ցանկին գլուխն է Հայաստանի զարգացումը. սխալներու, թերիներու, անարդարութիւններու քայլ առ քայլ նուազումը։

***

Փակելով 2019 թուականը,

 

– Շնորհակալութիւն՝ մեր ընթերցողներուն, աշխատակիցներուն, նուիրատուներուն եւ վարչական կազմին. ձեզմէ իւրաքանչիւրը արժանի է ամենաբարձր գնահատանքի, որովհետեւ դուք էք որ կը շարունակէ՛ք հաւատալ հայատառ մամուլին, անոր անհրաժեշտութեան։

 

– Շնորհակալութիւն՝ Ամերիկահայութեան, որ ո՛չ միայն Ապրիլէ Ապրիլ, այլ, առիթ չփախցուց, որպէսզի Կլենտէյլի, Պրպենքի, Փասատինայի, Լոս Անճելըսի, Սաքրամենթոյի եւ Ուաշինկթընի մէջ բարձրաձայնէ Հայ Դատի մեր անկորնչելի իրաւունքները։

 

– Շնորհակալութիւն՝ բոլոր անոնց,– կազմակերպութիւններ, ամերիկացի քոնկրէսականներ, ծերակուտականներ, հայ թէ օտար պետական կառոյցներու մէջ գործող տարրեր,– որոնց անհատական ջանքերուն շնորհիւ ԱՄՆ Քոնկրէսն ու Սենաթը ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւերը։

 

– Շնորհակալութիւն՝ Հայաստանի ժողովուրդին, որ այսօր, այս անցումային ամենադժուար տարիներուն, կը մնայ կառչած հողին, երկրին։

 

– Շնորհակալութիւն՝ Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան, որ արիութիւնը ունի բացայայտելու անցնող երեսուն տարիներու թալանը եւ միաժամանակ՝ տնտեսապէս ու անվտանգութեան տեսակէտէն ոտքի կը փորձէ պահել Հայաստանն ու Արցախը։

 

– Շնորհակալութիւն՝ Արցախի մէջ բնակող մեր քաջարի ժողովուրդին, ներկայի թէ գալիք իշխանութիւններուն, սահմանապահ հայ զինուորին…

 

– Եւ վերջապէս, շնորհակալութիւն ամենակարող Նախախնամութեան, որուն պարգեւած կեանքը,– այս երկրին վրայ ապրելու գերագոյն երջանկութիւնը,–գագաթնակէտն է մեր լինելութեան։

 

Բարի Ամանոր եւ աւետաբեր տօնն Աստուածայայտնութեան Յիսուս Քրիստոսի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ