Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոնտոնի Խորհրդաժողովին առիթով ստորագրուած պատմական վաւերագիր մը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

Ստորեւ ներկայացուող վաւերաթուղթը ստորագրողները զայն պատրաստած են այնպիսի շրջանի մը, երբ մէկէ աւելի քաղաքական զարգացումներ ճակատագրական վիճակ մը ստեղծած էին մեր ժողովուրդին համար:

1920-ի Հոկտեմբեր 30-ին Կարսի անկումը թուրք ազգայնական (միլլի) շարժումը դարձուցած էր աւելի յանդուգն իր հակահայկական ծրագիրներուն գործադրութեան մէջ եւ թրքական աճող վտանգին առջեւ,– յանուն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարիչներուն եւ հակառակ Նոյեմբեր 29-ին Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման իրողութեան,– Ալեքսանդր Խատիսեան Դեկտեմբեր 2/3-ին ստորագրած էր Ալեքսանդրապոլի նուաստացուցիչ պայմանագիրը՝ ազգայնական Թուրքիոյ զիջելով Պատմական Հայաստանի տարածքներէն ոմանք:

Կիլիկիոյ մէջ, արդէն 1920-ի Նոյեմբերին նոյն ազգայնական շարժումը յաջողած էր վերջ դնել Հաճնոյ հերոսական դիմադրութեան՝ անզսպելի ախորժակներով հայեացքը ուղղելու համար սրոյ եւ հրոյ ճարակ դարձած Հաճընէն անդին եւ Ֆրանսայէն կորզելու համար 9 Մարտ-ի խաղաղութեան դաշինքը, որ աւելի ուշ՝ 20 Հոկտեմբերին, պիտի յանգեցնէր Անքարայի մէջ կնքուած նոր դաշինքին, ուր Ֆրանսա Թուրքիոյ մէջ տնտեսական զիջումներու եւ Սուրիոյ վրայ Թուրքիոյ կողմէ իր տիրակալութիւնը ճանչնալու դիմաց պիտի համաձայնէր ամբողջովին լքել Կիլիկիան ու ծայր պիտի առնէր Կիլիկիոյ պարպումը հայութենէ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր հերթին, կը պարզէր անորոշ եւ պայթուցիկ իրավիճակ՝ 13 Փետրուար 1921-ին համայնավար մեծամասնականներու դէմ սկսած ապստամբութեան հետեւանքով Երեւանի եւ Հայաստանի կարգ մը այլ շրջաններու մէջ վերահաստատուած տեսնելով դաշնակցականներու իշխանութիւնը, որ, սակայն, պիտի տեւէր միայն մինչեւ Ապրիլ 2։1

Եւ այս խառնաշփոթ կացութեան մէջ 21 Փետրուարին պիտի սկսէր Լոնտոնի Խորհրդաժողովը, որ փորձ մըն էր, ի շարս այլ հարցերու, ընդունելի ելք մը գտնելու գործադրութեանը համար Սեւրի Պայմանագրին2, զոր թուրքեր չէին ուզեր ճանչնալ: Խորհրդաժողովը 12 Մարտին պիտի աւարտէր դէմ առնելով իրենց ռազմական յաջողութիւններով արբեցած թուրք պատուիրակներու անզիջող կեցուածքին:

***

Այս կարեւոր վաւերաթուղթը կը ներկայացնենք հակիրճ ծանօթագրութիւններով եւ առանց զայն մեկնաբանելու, առաւելաբար տարուելով զայն շրջանառութեան մէջ դրած ըլլալու մտածումէն:

Հասցէատէրը՝ Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեան3, նախագահն էր Պոլսոյ Համազգային Ժողովին, որ կազմուած էր Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Թուրքիոյ հայոց առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ անոնց վարչական գործադիր մարմիններէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Թէեւ այդ շրջանին կար եւ կը գործէր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, բայց անոր որոշումները կը տարածուէին միայն առաքելական հայերու վրայ եւ համազգային բնոյթի հարցերու շուրջ Համազգային Ժողովին մէջ միաձայնութեամբ տրուած որոշումները պարտաւորիչ կը դառնային հայ առաքելական եւ կաթողիկէ պատրիարքութիւններուն եւ աւետարանական ազգապետութեան իրաւասութիւններուն ծիրին մէջ գտնուող բոլոր հայերուն համար, Պոլիս թէ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս:

Փաստաթուղթն ստորագրելէ նուազ քան տաս ամիս ետք, 1921-ի Հոկտեմբեր 1-ին, ռամկավար եւ ազատական բանագնացները Պոլսոյ մէջ պիտի ստորագրէին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ստեղծման փաստաթուղթը Հայ Սահմանադրական-Ռամկավար եւ Ազատական կուսակցութիւններու միաձուլումով: Արտերկրի ժողովրդականները պաշտօնապէս ՌԱԿ-ի միացած պիտի նկատուէին Խորհրդային Հայաստանի մէջ կուսակցութեան ամբողջական լուծարումէն ետք:

Փաստաթուղթը մաս կը կազմէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան պահպանութեան վստահուած Պոլսոյ պատրիարքական դիւանաթուղթերուն եւ կը կրէ Թ843-Թ845 էջահամարները:

Նոյն դիւանաթուղթերուն մաս կը կազմեն սովորաբար Զաւէն Պատրիարքի բնակարանին մէջ կայացած Համազգային Ժողովի նիստերու ատենագրութիւնները, որոնցմէ 24 Փետրուար 1921 թուակիրին մէջ կը նշուի. «Կարդացուեցաւ երեք կուսակցութեանց – Ռամկավար, Ազատական եւ Ժողովրդական – թուղթը եւ անոնց ներկայացուցիչներէն պ.պ. Ա[ւետիս] Թէրզիպաշեան4 եւ Հրաչ Երուանդ5 լսուեցան եւ որոշուեցաւ հեռագրել Պօղոս փաշա Նուպարի6 Կարսի շրջանակին մէջ թուրքերու գործած խժդժութեանց մասին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորել [Ազգային եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւններուն] Համաձայնութիւնը եւ յոյս յայտնել թէ աւելի ազդուութեամբ պիտի պաշտպանէ Ազգային Դատը ըստ իր տուեալներուն»:

Ներկայացուող բնագրին մէջ կատարած ենք լեզուական անհրաժեշտ նկատուած հազուադէպ հպումներ:

***

 

Կ. Պոլիս, 22 Փետր. 1921

Ամենապատիւ

Տէր Զաւէն Ս. Պատրիարք

Նախագահ Համազգային Ժողովի

Բարձրաշնորհ Տէ՛ր,

Հայ Ժողովրդական, Ազատական եւ Հայ Ռամկավար կուսակցութիւնները, որպէս ներկայացուցիչները հայ իրականութեան, այս գերագոյն րոպէին, երբ դեռ հնարաւորութիւն կայ հայութեան օր ըստ օրէ հալուող գոյութիւնէն մաս մը փրկել, իրենց պարտք համարեցին Համազգային Ժողովին ներկայացնել հետեւեալ գրաւոր յայտարարութիւնը:

Յայտնի է որ Ազգ[ային] Պատուիրակութիւնը, ընտրուած Բարիզի համագումարէն, անկէ ստացած էր գործունէութեան որոշ ուղեգիծ մը: Ի չգոյէ յիշեալ համագումարին, ամսոյս սկիզբը Պոլսոյ Համագումարը` նկատի ունենալով թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը կազմալուծուած եւ հրաժարած է, ինքզինքը իրաւասու նկատեց, նոր լիազօրութիւններով Պ. Պօղոս Նուպարին տալ Պատուիրակութիւնը կազմելու եւ Հայկ. Հարցը պաշտպանելու պաշտօնը:7 Արդ, սոյն նախաձեռնութեամբ Համազգային Ժողովը ստանձնած լինելով Հայ դատին պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը, պարտաւոր էր այդ պատասխանատուութեան համաձայն գործունէութեամբ մը արդարացնել հայ ժողովրդական ակնկալութիւնները:

Համազգային Ժողովը պարտաւոր էր պատուիրակ մը ղրկել Հայաստան եւ օրն օրին տեղեկագրել պատուիրակութեան այն ահաւոր եղեր[եր]գութիւնը, որ կը կատարուի այս րոպէին Հայաստանի մէջ, ուրկէ ստացած մեր պաշտօնական տեղեկութեանց համաձայն թիւրքերու գրաւած մասին մէջ հայ ժողովրդեան 85 առ հարիւր սպանուած, առեւանգուած, կամ տարապարհակ աշխատութեան անունով դէպի ստոյգ մահ ղրկուած է:

Համազգային Ժողովը պարտաւոր էր իւր պատուիրակին միջոցով տեղեկանալ եւ տեղեկացնել [Ազգային]Պատուիրակութեան Հայաստանի իսկական դրութիւնը, ուր սովը, համաճարակը եւ քաղաքացիական կռուի մղձաւանջը ոչ նուազ անմխիթար եւ ճգնաժամային դրութիւն մը կը ներկայացնեն:

Համազգային Ժողովը պարտաւոր էր, Հայաստանի դէպքերու եւ դրութեան մասին լրիւ եւ ճշգրիտ գաղափար կազմելէ վերջ, որոշել իւր քաղաքական ուղեգիծը, եւ համապատասխան հրահանգներ տալ իւր ընտրած լիազօրին, հասցնելով անոր միաժամանակ վիճակագրական եւ փաստացի այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք օգնէին անոր պահանջներու իրագործումին:

Թոյլ տուէք, Սրբազան Տէ՛ր, նկատել որ այս միջոցներէն եւ ոչ մէկը գործադրուած է: Մենք Համազգային Ժողովին թողլով բովանդակ պատասխանատուութիւնը, իւր մէկ կողմէ միս մինակ ստանձնած, իսկ միւս կողմէ համապատասխան կանխահոգութեամբ չհետապնդած Հայկ. Հարցի ամէն աննպաստ պատահականութեան համար, մեզ պարտք համարեցինք բարձր ժողովիդ ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքի վրայ, որ այս րոպէին կը կրկնուին դիւանագիտական այն խաղերը` որուն անցեալ տարի զոհուեցաւ Հայ դատը, շնորհիւ Դաշնակցական կառավարութեան անհեռատեսութեան: Դեռ թարմ է ամէնուս յիշողութեան մէջ որ, Դաշնակիցներու` Հայաստանի հոգատարութեան բեռէն զերծ մնալու քաղաքականութեան որպիսի պատրաստ գործիք դարձաւ Դաշնակցական կուսակցութեան ոչ մէկ կերպով արդարանալի յանձնապաստանութիւնն եւ մենատիրութեան տենչանքը: Այդ քաղաքականութեան անմիջական հետեւանքը եղաւ Սէվրի Դաշնագիրը, որ իր առաձգական եւ թէական բովանդակութեամբ իրենց բաղդին ձգեց հայերը, հանգամանք մը` որուն արդիւնքը այսօր մէջտեղն է: Հիմա որ Սէվրի Դաշնագրին գործադրութիւնը փոխադարձ համաձայնութեամբ դիւրացնելու եղանակ մը գտնելու համար գումարուած է Լոնտոնի Խորհրդաժողովը, փաստեր ունինք լուրջ կասկածներ տածելու որ Դաշնակիցները միեւնոյն մտադրութիւններով, այսինքն` Հայաստանի հոգատարութեան հարցը իրենց համար դիւրին կերպով վերջացնելու, կամ այլ բառով` այդ հոգէն խուսափելու համար, միեւնոյն գործիքը կը փնտռեն: Իտալիոյ նախաձեռնութեամբ, Պ. Խատիսեան7 Խորհրդաժողովին կ’երթայ լրացնելու եւ ներկայացնելու համար այդ գործիքը: Խատիսեաններ եւ Ահարոնեաններ8, կը թուի թէ` իրենց անուղղայ յանձնապաստանութեամբ եւ իշխանութեան տենչով` կրկին անգամ պիտի դիւրացնեն Դաշնակիցներու այն ծրագիրը, որուն համաձայն անոնք կը ջանան Թիւրքիոյ հաւանելիք Հայաստան մը կազմել այնպիսի ձեւով մը որ զայն Թիւրքիոյ դէմ իրենք, Դաշնակիցները, պաշտպանելու հոգը չստանձնեն: Այս ձեւով Հայաստանի մը սահմաններուն մասին շշուկներ արդէն սկսած են շրջան ընել– Ալաշկերտի եւ Պայազիտի հովիտները, գուցէ եւ Մուշ կամ Վան: Թիւրքեր այդ հեռաւոր ներքնաշխարհին մէջ թերեւս շատ առատաձեռն պիտի լինին, ծովեզերքէն կտրելու համար Հայաստանը, որպէսզի հանգիստ կերպով բնաջնջեն մնացեալ հայերը:

Մօտէն ծանօթ այս ահաւոր վտանգին, մենք փութացինք հեռագրել Ազգ. Պատուիրակութեան եւ մատնանշել որ, առանց նախատեսուած ծովեզերեայ սահմանին եւ առանց հոգատարութեան Հայաստան մը ոչ միայն քաղաքական իմաստով՝ այլ նաեւ ֆիզիքապէս բաղձացուած կացութիւնը չի կրնար ունենալ:

Կը փութանք, ահա, միեւնոյն տեսակէտները պարզելով Համազգային Ժողովիդ, խնդրել որ եթէ Ձեզի պարզ չէ արդէն այն սոսկալի դրութիւնը եւ սպառնացող վտանգը, որու մասին վերեւ յայտնեցինք, արագ քննութեամբ մը, որուն պատրաստ ենք հայթայթել հարկաւոր ծանօթութիւնները, բարեհաճէիք ամենաարագ կերպով զգուշացնել Ազգ. Պատուիրակութիւնը մատնանշուած մտավախութիւններու առիթով եւ հրաւիրել զինք որ ընդհանուր գիծերուն մէջ հետեւի հրահանգներուն այն դիւանին՝ որմէ ստացած է իւր լիազօրութիւնները: Այդ հրահանգները կը հաւատանք թէ չեն կրնար տարբեր լինիլ մեր վերը յայտնած մտքերէն:

Համազգային Ժողովին կը մնայ խորհիլ նաեւ այն կանխահոգ միջոցներու մասին՝ որոնց Ազգ. Պատուիրակութիւնը գուցէ պարտաւորուի դիմել այն պարագային, երբ դժուարութեանց հանդիպին մեր արդարացի պահանջները:

Համազգային Ժողովին կը մնայ նոյնպէս հարկաւոր թելադրանքներն ընել Պատուիրակութեան, զուգընթացաբար հետապնդելու համար Կիլիկիոյ հարցը, որու քաղաքական բաղդէն կախուած են ո՛չ միայն տեղւոյն 200,000 հայերու ֆիզիքական եւ քաղաքական իրաւունքները, այլ նաեւ այն հանգամանքը որ ձախորդ պարագային Կիլիկիան կրնայ ապաստան դառնալ ցրուած հայութեան եւ պահպանել անոր քաղաքակրթական կեանքը:

Համազգային Ժողովին կը մնայ` մեր այս յայտարարութենէն վերջ` ձեռք առնել այն արագ միջոցները` որոնք պիտի ծառայեն թեթեւցնելու անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնը հայ պատմութեան առաջ:

Ի դիմաց`

Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան                              Ազատական Կուսակցութեան

Պրոֆեսոր Կ[արապետ] Աղաջանեան10                          Հրաչ Երուանդ

Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան

Գ[աբրիէլ] Ս[երոբէ] Փափազեան11 (ատենադպիր)

 

1 Ազգերու Լիկան Ապրիլ 2-ը պիտի նկատէր Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման պաշտօնական թուական:

2 10 Օգոստոս 1920-ին կնքուած Սևրի պայմանագրով Թուրքիա կը ճանչնար Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ մանաւանդ կը համաձայնէր որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն իրաւարարի դերով հաստատէ Հայաստանը Թուրքիայէն բաժնող սահմանները Կարնոյ (Էրզրում), Տրապիզոնի, Վանի և Բաղէշի (Պիթլիս) նահանգներուն մէջ, միաժամանակ համակերպելով որ Հայաստան ելք ունենայ դէպի Սեւ Ծով:

3 Զաւէն Արք. Տէր Եղիայեան (1868-1947) Պատրիարքն էր Թուրքիոյ հայոց երբ Թուրքիոյ օրուան վարիչները կը գործադրէին հայոց ցեղասպանութիւնը եւ զինք կ՚աքսորէին Իրաք, ուրկէ Պոլիս կը վերադառնար 1919-ի Յունուարին՝ Առաջին Աշխարհամարտի զինադադարի հռչակումէն քիչ ետք: 1923-ին հրաժարելով պատրիարքութենէն, ան գործօն դերակատարութիւն մը պիտի ունենար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնադրութեան գծով Կիպրոսի մէջ: Արժէքաւոր աղբիւր մըն է 1947-ին Գահիրէ հրատարակուած իր յուշագրութիւնը, ուր վկայութիւններ կը գտնենք մասնաւորաբար 1914–1923 տարիներու ազգային իրադարձութիւններու շուրջ:

4 Աւետիս Թէրզիպաշեանի (1873–1947) ազգային գործունէութիւնն սկսած է Վան, իբրեւ անդամ Արմենական Կազմակերպութեան: 1917-ին պահ մը գործած է իբրեւ Վանի քաղաքապետ: Հեղինակ է ազգային իրադարձութիւններու զուգորդումով յղացուած յուշագրական արժէքաւոր հատորներու, որոնք կը շօշափեն կեանքն ու գործը Խրիմեան Հայրիկի, Պօղոս Նուպարի եւ Զօրավար Անդրանիկի:

5 Հրաչ Երուանդի (Նշան Եագուպեան [1885–1968]) անունն առաւելաբար կապուած կը մնայ «Պայքար» օրաթերթին, որուն երկարամեայ խմբագիրն է եղած, ըլլալով միաժամանակ ռամկավարական եւ ազատական տեսութիւններու գլխաւոր տարածիչներէն մին:

6 Պօղոս Նուպար (1851–1930), հիմնադիրը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (1906, Գահիրէ), վարած էր եւ պիտի շարունակէր վարել Հայ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահի դերը, որով նկատի կ՚առնուէր իբրեւ արեւմտահայութեան քաղաքական իրաւունքներն ու իղձերը Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն յաղթական դուրս եկած դաշնակից տէրութիւններուն մօտ մարմնաւորող գլխաւոր բանագնաց:

7 Ակնարկուած Համագումար Ժողովը կայացած էր 4 Փետրուար 1921-ին եւ մեծամասնութեան ձայնով քուէարկած էր հետեւեալ բանաձեւը. «Համագումար Երեսփ. Ժողովը նկատի առնելով օրուան քաղաքական կացութիւնը եւ տեղեկանալով թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը լուծուած է, նկատելով նոյնպէս Փետր. 22-ին Լոնտոնի մէջ գումարուելիք Վեհաժողովին օրակարգի կարեւորութիւնը եւ չկրնալով համակերպիլ ազգին դարաւոր զոհողութիւններուն ապարդիւն մնալու հաւանականութեան կ՚որոշէ՝

Լիազօր Պատուիրակ կարգել Պ. Պօղոս Նուպարը որ կարեւոր ուժեր իրեն գործակից ընտրելով հաճի պէտք եղած միջոցները ձեռք առնել եւ հարկաւոր դիմումները կատարել ուր որ անկ է, ապահովելու համար ազգ. դատի նպաստաւոր լուծումը»:

8 Ալեքսանդր Խատիսեանի (1874–1945) քաղաքական գործունէութիւնն սկսած էր Վրաստան, ուր եղած էր Թիֆլիսի քաղաքապետ: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակումէն ետք եղած էր անոր երկրորդ վարչապետը:

9 Ակնարկութիւն Աւետիս Ահարոնեանի (1866–1948) եւ իր գործակիցներուն: Գրական գործերու հեղինակ Ահարոնեան վարած է նախագահութիւնը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանին եւ Առաջին Աշխարհամարտէն յաղթական դուրս եկած պետութիւններուն մօտ Հայկական Հարցը հետապնդելու նպատակով՝ Պօղոս Նուպարի գլխաւորած Ազգային Պատուիրակութեան զուգահեռ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան:

10 Թիֆլիս ծնած Կարապետ Աղաջանեան (1876–1955) մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ, տնօրէնի եւ դասախօսի պաշտօններ վարած էր Սան Փեթերսպուրկի Ռազմաբժշկական Ակադեմիային մէջ՝ նախքան Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն որպէս Կովկասեան ռազմաճակատի գլխաւոր բժիշկ գործելը: Տուեալ վաւերագրի ստորագրութեան շրջանին, 1920–1922 տարիներուն դասաւանդած է Պոլսոյ համալսարանին մէջ: Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրէն արտատպումով որպէս առանձին պրակ 1907-ին հրատարակուած է իր «Անհատականութիւն եւ հասարակական հոսանքներ» ճառը, զոր արտասանած է կայսերական ռազմաբժշկական Ակադեմիոյ հոգեկան եւ ջղային հիւանդութիւններու դարմանատան ժողովներու հանդիսաւոր նիստին:

11 Գաբրիէլ Ս. Փափազեան (1887–1949) վարած է աշխոյժ կուսակցական եւ հրապարակագրական գործունէութիւն: Իր գրչին կը պատկանին 1935-ին լոյս տեսած Patriotism Perverted (Այլասերած հայրենասիրութիւն) եւ յետ մահու 1979-ին հրատարակուած Merchants from Ararat (Վաճառականներ՝ Արարատէն) հատորիկները:

Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ